Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայաստանի Եւ Արցախի Անկախութեան 25-Ամեակներուն Նուիրուած Ձեռնարկներ
Ռուսիա
21 սեպտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի Տաւրիտեան պալատին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին:
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի 25-ամեայ անկախութեան կարեւոր փուլերուն` ընդգծելով, որ անկախ հանրապետութեան բնորոշ իրաւական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ մարզերու համակարգային փոփոխութիւններուն զուգահեռ, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ստիպուած է դիմագրաւել ղարաբաղեան պատերազմէն բխող արտաքին վտանգները անվտանգութեան սպառնալիքները:
Այնուհետեւ խօսքերով հանդէս եկան կարգ մը անձնաւորութիւններ: Նշենք, որ այս առիթով շնորհաւորական ուղերձներ եւ մաղթանքներ յղած էին կարգ մը նահանգապետներ:
Փարիզ
21 սեպտեմբերին Փարիզի Ուսանողներու ոստանին հարաւ-արեւելեան Ասիոյ տան մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժիշտ Մկրտիչ Մկրտչեանի (պարիթոն) եւ անոր աշակերտներուն դասական համերգը` կազմակերպութեամբ այս առթիւ կեանքի կոչուած յանձնախումբին: Այնտեղ փութացած էին մեծ թիւով արուեստագէտներ ու արուեստի սիրահարներ, որոնց կարգին զգալի էր օտարներուն ներկայութիւնը:
Երեկոյթին բացումը կատարեց Հայ ուսանողական տան տնօրէնուհի Աննա Լէյլոյեան, որ նշեց, թէ ձեռնարկին կազմակերպումը հեշտ չէ եղած` նկատի ունենալով մասնակից արհեստավարժ արուեստագէտներուն բծախնդրութիւնը: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս գործին օժանդակող յանձնախումբի անդամներուն:
Այնուհետեւ, Մ. Մկրտչեան եւ իր աշակերտները` Ժերոմ Վերեչիա (թենոր), Իվոն Պոնիֆաս (պաս) մեկնաբանեցին հայ եւ օտար հեղինակներու` Կոմիտաս, Կանաչեան, Ջրբաշեան, Քոթոյեան, Բաբաջանեան, Սպենդիարեան, Սաթունց, Տենզա, Փինսութի, Փուչինի, Կամպարտելլա, Մանզոչի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Տոմինիք Սըվէի:
Նշենք, որ Իվոն Պոնիֆաս 2013 թուականին Գերմանիոյ մէջ կազմակերպուած «Կոմիտաս» միջազգային մրցում-փառատօնին արժանացած է հայերէն լեզուով լաւագոյն երգիչի յատուկ վկայականի:
Լոնտոն
21 սեպտեմբերին Լոնտոնի «Իլինկ Թաուն Հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Լոնտոնի «Թեքէեան հիմնադրամ»-ին պատուաւոր քարտուղար Վարդան Ուզունեան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ 1990-ական թուականներուն` խօսելով Հայաստանի դէպի անկախութիւն տանող դժուար, բայց յաղթական ուղիին մասին: Ուզունեան անդրադարձաւ նաեւ «Թեքէեան հիմնադրամ»-ին եւ Լոնտոնի Թէքէեան մշակութային միութեան մշակութային եւ բարեսիրական 20-ամեայ գործունէութեան:
Հայաստանի դեսպանութեան արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար Արմէն Լիլոյեան անդրադարձաւ անկախութեան 25 տարիներու ընթացքին Հայաստանի անցած ուղիին, որ լի էր ձեռքբերումներով եւ փորձութիւններով, վերելքներով եւ մարտահրաւէրներով: Ան շեշտեց, որ անկախ Հայաստանի կայացման մէջ մեծ աւանդ ունի սփիւռքը, առանց որուն օժանդակութեան եւ անմիջական գործօն մասնակցութեան անկարելի կ՛ըլլային այս նուաճումները:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին Լիանա Հայրապետեան ընթերցեց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ նախարարը բարձր գնահատեց տարիներ շարունակ բրիտանահայ համայնքին ունեցած դերակատարութիւնը անկախ Հայաստանի զարգացման եւ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններու ամրապնդման մէջ:
Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայոց թեմի հայրապետական պատուիրակ եւ առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան, որ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին, իր բարեմաղթութիւնները յղեց համայն հայութեան եւ շեշտեց Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միասնութեան կարեւորութիւնը:
Գերմանիա
22 սեպտեմբերին Պերլինի ֆիլհարմոնիկ համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձին նուիրուած «Հայաստանի փոքրիկ երգիչները» երգչախումբի համերգը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան, որ հաստատեց, թէ աշխարհի լաւագոյն բեմերը նուաճած հայաստանեան մանկապատանեկան երգչախումբը` «Հայաստանի փոքրիկ երգիչները», լաւագոյն օրինակն է հայ ժողովուրդի ձգտումին` խաղաղ եւ ներդաշնակ աշխարհի մէջ ապրելու եւ ստեղծագործելու:
Իր կարգին, Գերմանիոյ կառավարութեան յատուկ յանձնակատար, Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու հետ յարաբերութիւնները համակարգող Գերնոտ Էրլեր, շնորհաւորելով Հայաստանի անկախութեան տօնը, նշեց, որ այդ տաղանդաշատ երեխաները Հայաստանի իւրօրինակ մշակութային դեսպաններ են:
Համերգացանկը կը ներառէր Կոմիտասի, Մաշտոցի շարականներէն, հայկական ժողովրդական բանահիւսութեան գործերէն, ինչպէս նաեւ Տեպիւսիի, Ռոճըրզի ստեղծագործութիւններէն:
Յայտնենք, որ համերգային շրջագայութեան ընթացքին փոքրիկ երգիչները Գերմանիոյ մէջ հանդէս պիտի գան նաեւ Կարլսրուհէ եւ Հալէ քաղաքներուն մէջ:
Գահիրէ
ՀՄԸՄ «Արարատ» Մասնաճիւղի Սկաուտութեան Խմբապետական Կազմի Տարեկան Բանակումը
10-13 սեպտեմբերին Գահիրէի մօտ գտնուող Էլ-Օպուր քաղաքի արուարձաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ Գահիրէի ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» մասնաճիւղի սկաուտութեան խմբապետական կազմին տարեկան բանակումը:
Բանակումին յայտագիրը կ՛ընդգրկէր դրօշակի արարողութիւն, մարզանք, ձեռային աշխատանք, սկաուտական եւ զանազան գիտելիքներու դասընթացքներ, մատակարարութիւն, բանակավայրի մաքրութիւն, խաղեր, պահակութիւն:
Ծնողներէ եւ ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամներէ բաղկացած խումբ մը 12 սեպտեմբերին այցելեց բանակավայր` ներկայ գտնուելու փակման արարողութեան, ինչպէս նաեւ` խարուկահանդէսին, որմէ ետք ներկաները դիտեցին զանազան խաղեր` սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած:
Բանակումը վերջ գտաւ 13 սեպտեմբերին:
Միացեալ Նահանգներ
Լոս Անճելըսի Լիբանանեան Համայնքը Կը Պատուէ Զօրավար Շամել Ռուքոզը
1 հոկտեմբերին Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ Լոս Անճելըսի լիբանանեան համայնքը պատուեց բանակի յատուկ նշանակութեան գունդի նախկին հրամանատար հազարապետ- զօրավար Շամել Ռուքոզը:
Արմատական ահաբեկիչներու դէմ կռիւներուն հռչակ շահած լիբանանցի զօրավարը որոշած է մտնել քաղաքական ասպարէզ եւ այս ծիրին մէջ ձեռնարկած է լիբանանեան սփիւռքը ճանչնալու այցելութեանց շարքի մը:
Զօրավար Ռուքոզին պատուելու նուիրուած շաբաթ երեկոյի ձեռնարկին ներկայ եղած են նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ:
Մեսեչուսեցի Մէջ Հանդիսութիւն` Ի Պատիւ Զօրավար Շամել Ռուքոզի
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 23-ին, Ամերիկայի լիբանանցիներու խորհուրդի (Lebanese American Committee for Democracy) կազմակերպութեամբ, յատուկ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Լիբանանի բանակի ծանօթ զօրավար Շամել Ռուքոզի: Հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի քաղաքական տարբեր հոսանքներ ներկայացնող անձնաւորութիւններ եւ կրօնական դէմքեր:
Խորհուրդի հրաւէրին ընդառաջելով, հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան եւ ԿԿ-ի գրասենեակի վարիչ Մարալ Չօլոյեան:
Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան Արժանացաւ Քահանայական Լանջախաչ Կրելու Իրաւունքին
4 սեպտեմբերին Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած պատարագի ընթացքին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան քահանայական լանջախաչ կրելու իրաւունք շնորհեց եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանին:
Առաջնորդ սրբազանը կարդաց Արամ Ա. վեհափառին կոնդակը եւ խաչով զարդարեց քահանային կուրծքը: Սրբազանը գնահատեց քահանայ հօր անցնող հինգ տարիներուն նուիրեալ ծառայութիւնը եւ նկատել տուաւ, որ հոգեւորականներուն ընծայուած պատիւները զարդարուելու նպատակով չեն, այլ` իւրաքանչիւր եկեղեցականի պարգեւուած աստուածատուր եւ անտեսանելի շնորհքներուն խորհրդանիշները, որոնց քահանայ հայրերը արժանի կ՛ըլլան իրենց անխոնջ ծառայութեան շնորհիւ:
Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, իր կարգին, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին եւ առաջնորդին, որոնք զինք արժանի նկատած են այս պատիւին:
«Ասպարէզ»-ի Տարեդարձին Առթիւ Ազգային Բարերար Մայք Սարեանի Բնակարանին Մէջ Հանգանակուեցաւ 45 Հազար Տոլար
«Ասպարէզ»-ի 108-ամեակին առթիւ խմբագրութիւնը նախաձեռնած է հանգանակային արշաւի մը` թերթով ու համացանցով:
Սոյն արշաւը հասաւ իր աւարտին ազգային բարերար Մայք Սարեանի բնակարանին մէջ 25 սեպտեմբերին տեղի ունեցած հանգանակային երեկոյթով մը, որուն ընթացքին գոյացաւ աւելի քան 45 հազար ամերիկեան տոլար:
Երեկոյի բացումը կատարեց տոքթ. Քարմէն Օհանեան: Շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան թերթի հայերէն եւ անգլերէն բաժիններու խմբագիրներ Աբօ Պողիկեան եւ Արա Խաչատրեան, որոնք ներկաներուն յայտնեցին խմբագրութեան հետագայ ծրագիրներուն մասին:
Սարեան յայտնեց, թէ իրեն համար սկզբունք է ստանալ հայկական թերթ, եւ մեծ հաճոյքով կը սպասէ «Ասպարէզ»-ին, հակառակ անոր որ անոր կը հետեւի համացանցային կայքէն, աւելցնելով, որ հայ թերթը հայկական դպրոցին ու եկեղեցիին հետ միասին մեր ազգային դիմագիծի պաշտպանութեան ամէնէն հզօր կռուաններէն է, եւ ինք պատրաստ է մի՛շտ թիկունք կանգնելու այդ հաստատութիւններուն:
Յայտնենք, որ արշաւի ընթացքին հանգանակուած ընդհանուր գումարը հասաւ 70 հազար տոլարի:
Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի Հանդիպումը Կլենտէյլ Քաղաքի Պաշտօնատարներուն Հետ
Վերջերս թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելեց Կլենտէյլի քաղաքապետարան, եւ հանդիպում ունեցաւ քաղաքապետութեան, ոստիկանութեան ու հրշէջներու բաժանմունքի պատասխանատու պաշտօնատարներու հետ` խորհրդակցելու համար որոշ դասաւորումներու մասին, առ ի պատրաստութիւն Արամ Ա. կաթողիկոսի Արեւմտեան թեմ մօտալուտ այցելութեան:
Սրբազանը ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ վեհափառ հայրապետի այցելութեան ծրագիրին մասին:
Քաղաքապետութեան պաշտօնատարները իրենց կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեցին գործակցելու եւ անհրաժեշտ դասաւորումները կատարելու:
Հրաժեշտի պահուն առաջնորդ սրբազանը յուշանուէրներ յանձնեց պաշտօնատարներուն:
Պոլիս
Պոլսոյ Մէջ Բանտարկուած Սեւան Նշանեան Արժանացաւ «Ուիլիըմ Սարոյեան» Շքանշանին
Երկուշաբթի, 26 սեպտեմբերին «Կալաթասարայ Ճզայիր» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լեզուագէտ-հրապարակագիր Սեւան Նշանեանի պարգեւատրման հանդիսութիւնը: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը որոշած էր «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշանով պատուել Սեւան Նշանեանը, որ ներկայիս բանտարկուած է Շիրինճէ գիւղի մէջ ապօրինի շինութիւն կատարած ըլլալու ամբաստանութեամբ: Սեւան Նշանեան բնականաբար չկրցաւ ներկայ գտնուիլ: Շքանշանը յանձնուեցաւ Նշանեանի փաստաբան Էնկին Ճինմենին` ձեռամբ Հայաստանէն ժամանած անկախ երեսփոխան Արագած Ախոյեանի:
«Հայաստանը, սփիւռքն ու Թուրքիոյ հայերը ի մի բերող այս հանդիսութեան կը մասնակցէին Պոլսոյ երեսփոխան Սելինա Տողան, Սեւծովեան համաձայնութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, տեղական կամ օտար մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ, իրաւաբաններ, լրագրողներ եւ գրողներ: Բացման ճառը խօսեցաւ «Սեւան Նշանեանի ազատութիւն եւ արդարութիւն կոմիտէ»-ի անունով լրագրող Հրանդ Գասպարեան: Այնուհետեւ կատարուեցան բազմաթիւ ճառախօսութիւններ ու կարդացուեցան նամակներ: Խօսեցաւ նախ փաստաբան Էնկին Ճինմեն, ապա` Սելինա Տողան: Սելինա Տողան դիտել տուաւ, որ Սեւան Նշանեանի մասին հարցագիր ուղղած է դատական նախարարութեան, բայց մինչեւ այսօր պատասխան չէ ստացած: Դիտուեցաւ վիտէօ- պատգամ մը, որ ղրկուած էր Սեւան Նշանեանի մօր` Սոնա Նշանեանին կողմէ, որ կը բնակի արտասահմանի մէջ: Սոնա Նշանեան շնորհակալութիւն կը յայտնէր սփիւռքի նախարարութեան եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէր իր որդւոյն` մաղթելով, որ այս շքանշանը զարգացում մը ըլլայ Սեւան Նշանեանը ազատագրելու ուղղութեամբ», կը տեղեկացնէ «Մարմարա»:
Ելոյթ ունեցաւ Անգարայի «Մտածումի ազատութիւն» կազմակերպութեան անդամներէն Մահմուտ Գունուք, այնուհետեւ կարդացուեցան զանազան ակադեմականներէ եւ լրագրողներէ եկած զօրակցական նամակներ: Ասոնց կարգին էին` Ամերիկայի Հայ ազգային կոմիտէի, Եւրոպայի Հայկական խորհուրդի, Գերմանիայէն ակադեմական եւ գրող Թեսա Հոֆմանի, ամերիկաբնակ թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամի, Պելճիքայէն գրագէտ Տողան Էօզկիւտենի նամակները: «Տակաւին, իրենց նամակները ունէին` տոքթ. Իսմայիլ Պեշիքճի, լրագրող Ճելալ Պաշլանկըչ, հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ Յովսէփ Հայրենի եւ Ալեքս Գրիգորեան: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանէն երեսփոխան Արագած Ախոյեան: Անկէ ետք է, որ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ղրկուած շքանշանը յանձնուեցաւ Սեւան Նշանեանի փաստաբան Էրկին Ճինմենին: Հանդիսութեան աւարտին ցոյց տրուեցաւ նաեւ վիտէօ-ժապաւէն մը, որ կը խօսէր Շիրինճէ գիւղին մէջ Սեւան Նշանեանի կատարած շինարարական աշխատանքին մասին: Ժապաւէնը կոչուած էր «Փլցուելիք գիւղ» յատկանշական անունով», կը գրէ «Մարմարա»:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Հրանդ Գասպարեանի փակման խօսքով: Հրանդ Գասպարեան ներկաները եւ ժողովուրդը հրաւիրեց այն դատավարութեան, որ Սեւան Նշանեանի հարցով պիտի կայանայ 25 հոկտեմբեր 2016-ին, Չաղլայանի դատարանին մէջ:
Փարիզ
Փրոֆ. Ռեմոն Գէորգեանին Շնորհուած Է Պատուոյ Լեգէոնի Շքանշան
Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը Պատուոյ լեգէոնի շքանշանի արժանի դատած է պատմաբան փրոֆ. Ռեմոն-Յարութիւն Գէորգեանը` Հայոց պատմութեան նուիրուած իր «օրինակելի եւ ամբողջական» վաստակին համար:
Սեպտեմբեր 27-ին ՀԲԸՄ-ի Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է յանձնումի արարողութիւնը: Շքանշանը մեծարեալին յանձնած է Թեմական պատգամաւորական ժողովի նախագահ Արա Տէյիրմէնճեան:
Հանդիսութեան ներկայ եղած են բազմաթիւ անձնաւորութիւններ, մեծարեալին բարեկամները, ընտանիքը:
Նշենք, որ Պատուոյ լեգէոնը ֆրանսական ազգային տիտղոսներուն բարձրագոյնն է: