Չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, վարժարանի աշակերտութիւնն ու անձնակազմը հաղորդութիւն ստանալէ ետք, դիմաւորեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը:
Այնուհետեւ, առաջնորդը դիմաւորող բազմութիւնը աշակերտութեան հետ հաւաքուեցաւ եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ վերամուտի, բարերար խոստումի իրագործման, վարժարանի հիմնադրութեան 75-ամեակի եւ Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակի հպարտալից առիթները նշող հանդիսութիւն:
Առաջնորդին հովանաւորութիւնը վայելող հանդիսութեան ներկայ էին` Ազգային իշխանութեանց, ՀՅԴ Կ. կոմիտէի, Ուսումնական խորհուրդի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, ազգային բարերար Գէորգ Հ. Արապեան, գիւղի հոգեւոր եւ համայնքային, միութենական միաւորներու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, վարժարանի ծնողներ եւ հայրենակիցներ:
Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ողջոյնի խօսքը արտասանեց Ժ. դասարանէն Անժէլիքա Սգայեան, որ նկատել տուաւ, թէ հայ ժողովուրդի ինքնուրոյն ու անկախ գոյատեւման կռուաններէն կը հանդիսանան հայ դպրոցի պահպանումը, զարգացումն ու ջանասիրութեան ուխտակրութիւնը. ան ըսաւ. «Վերամուտի այս հաւատքը թող մեկնակէտ հանդիսանայ յառաջիկային իրագործուելիք տարբեր ծրագիրներուն, որոնց համագործ ոգին պիտի ստեղծէ ինքնատիպ ու առողջ մթնոլորտ` կերտելու համար այն ուղին, որ բոլորս պարուրած` պիտի առաջնորդէ յաւելեալ բարձունքի ու փայլուն յոյսերու իրականացումին»:
Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինը ընթացք առաւ նախակրթարանի երգչախումբի` «Այբուբեն» եւ «Հայաստան» զոյգ կատարումով` խմբավարութեամբ վարժարանիս երգի դասատու Նայիրի Հապէշեանի: Այնուհետեւ նախակրթարանի առաջին դասարանը իր դաստիարակին հետ բարձրացաւ բեմ, ստացաւ նուէրներ եւ դիմաւորուեցաւ ընդհանուր հսկիչին կողմէ: Ապա, Զ.-Է. դասարաններու պարախումբը, (պարուսոյց` Ժիրայր Քէչէճեան), հանդէս եկաւ ազգագրական «Վերվերի» պարով, որուն յաջորդեց վարժարանիս տնօրէն Արմէն Թաշճեանի խօսքը, որ վերամուտի տօնական ու անոր զուգահեռ ոգեշունչ առիթներուն արձագանգելով` ըսաւ. «Անկախութեան վերադարձի 25-ամեակին, համասփիւռքեան պաստառին վրայ, անկախութեան կենարար լիցք ու թափ հաղորդելու հրամայականին ընդառաջ, աներեր կամուրջներու ու բանուկ երակներու կազմաւորումը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն կը մնայ հայրենիք-սփիւռք հորիզոնականին ուղղութեամբ, եւ այս իմաստով հայրենիքի հետ հոգեմտաւոր պորտակապի հիմնարար դերը վերապահուած է սփիւռքի հայ դպրոցին»:
Անդրադառնալով բոլորանուէր մասնակցութեան հրամայականին` տնօրէնը ըսաւ, թէ այս երեւոյթը չի վերաբերիր միայն պետականաշինութեան գործին եւ ազատագրական պայքարին, այլ կ՛ընդգրկէ ազգային հաւաքական կեանքի իւրաքանչիւր ոլորտ, որուն մէջ նաեւ` հայ դպրոցը:
Վարժարանի հիմնադրութեան 75-ամեակին առիթով տնօրէնը հաւաստիացուց հետեւեալը. «Վարժարանիս 75-ամեակի ոսկեզօծ էջին վրայ այս տարեշրջանը կոչուած է աստիճանաչափ մը աւելցնելու անոր վերելքին: Իր 235-ը անցնող աշակերտութեամբ, անվախ նաւաստիներով, առագաստ պարզած եւ ղեկին հսկող շրջահայեաց մարմիններով մեր նաւը բաւարար տուեալները ունի փարոսին անշեղ ուղղութեամբ հետեւելու եւ ճիշդ ժամանակին ապահով ափ հասնելու»: Տնօրէնը անդրադարձաւ նաեւ ազգային դիմագիծի պահպանման, հաւաքական պատասխանատուութեան ու կազմակերպ աշխատանքի հրամայականներուն:
Տնօրէն Արմէն Թաշճեան ըսաւ. «Վարժարանիս 75-ամեակը ոգեւորիչ եւ գօտեպնդող նուէր մը կը ստանայ, եւ մեր վերամուտը իր տօնական գագաթնակէտին կը հասնի հայապահպանումի նուիրեալ ասպետ` Գէորգ Հայկ Արապեանի բարերար ներդրումով իրագործուած նախակրթարանի ու մանկապարտէզի վերանորոգ կառոյցներու բացման հանդիսութեամբ»:
Տնօրէնը երախտիքով ներկայացուց շինարարական եւ վերանորոգութեան իրագործուած աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարին եւ անոր գործերուն հսկող Վիգէն Քէշիշեանին, նաեւ` Այնճարի քաղաքապետութեան, որ սիրայօժար ստանձնած էր մանկապարտէզի ներքին ճամբուն եւ մուտքին ասֆալթապատումը:
Տնօրէնի խօսքին յաջորդեց կառոյցներու շինարարական ընթացքը ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութիւն, որմէ ետք տնօրէնը բեմ հրաւիրեց ազգային բարերար Գէորգ Հայկ Արապեանն ու առաջնորդ սրբազան հայրը, որուն ձեռամբ յանձնուեցաւ վարժարանիս երախտագիտութիւնը արտայայտող եւ անոր թանկագին վկայութեան արձանագրութիւնը կրող յուշանուէրը:
Աւարտին, Շահէ եպս. Փանոսեան ներկաներուն յղեց իր պատգամը` գնահատելով վարժարանին շուրջ բոլորուած հայրենակիցները, բարերարները, բարեկամները, որոնց զանազան ներդրումով վարժարանը կ՛արձանագրէ զարգացումներ ու արդիւնքներ: Ան փափաք յայտնեց, որ սփիւռքեան դժնդակ պայմաններուն մէջ առաջնահերթութիւն տրուի կրթօճախներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջորդող սերունդներուն մէջ կերտել հաստատ նկարագիր` դիմագրաւելու կեանքի բոլոր դժուարութիւնները:
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր կարգին բարի վերամուտ ու յաջողութիւն մաղթելով կրթօճախի պատասխանատուներուն եւ աշակերտներուն, խօսքը ուղղելով բարերարին` ըսաւ. «Երբ ունինք մեզի հետ բարերար ձեռքեր եւ ազնիւ բարեկամներ, որոնք տոկուն կեցուածքով նեցուկ կը կանգնին հայ դպրոցին, ուրեմն կ՛ապրի ու կը գոյատեւէ հայ ազգը. վա՛րձքդ կատար, Գէորգ Արապեան»:
Ապա ՀՄԸՄ Այնճարի փողերախումբի առաջնորդութեամբ ներկաները ուղղուեցան մանկապարտէզ` բացումը կատարելու «Գէորգ Հայկ Արապեան ծաղկոց»-ին, որուն շնորհիւ մանկապարտէզի կառոյցը ընդարձակուեցաւ ու հիմնովին նորոգուեցաւ:
Ապա, դարձեալ փողերախումբի առաջնորդութեամբ, ներկաները ուղղուեցան նախակրթարանի վերանորոգուած բաժին, ուր բացումը կատարելէ ետք անոնք առիթ ունեցան շրջելու ու ծանօթանալու նորոգուած դասարաններուն ու անոր յարակից մասերուն:
Բարձր տրամադրութեամբ ու վերամուտի վառ մթնոլորտով աշակերտները ունեցան ծանօթացման իւրայատուկ պահեր իրենց ուսուցիչներուն, առաջնորդին, բարերարին ու ներկայ հիւրերուն հետ: