Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի (2016-2017) Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտը

$
0
0

hripsimyantz-1_92716

Ամրան արձակուրդէն ետք մարդոց կեանքը արտասովոր թափով կը վերաշխուժանայ դպրոցներու վերամուտով:

Երեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին, առաւօտեան կանուխ ժամերէն Հռիփսիմեանցի աշակերտները կարօտով կը շտապեն իրենց հարազատ կրթօճախը` վերամիանալով երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն, որոնք 14 սեպտեմբերէն կը յաճախէին դպրոց եւ ընտելացեր էին դպրոցական առօրեային:

Առաւօտեան դպրոցական առաջին զանգին աշակերտները իրենց ուսուցիչներու գլխաւորութեամբ մէկտեղուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած խաչքարին դիմաց: Ծնողներու հոծ բազմութիւն մը եւս կը միանար վերամուտի բացման արարողութեան:

Ընկալեալ սովորութեամբ, կրթական վերամուտը ունէր նաեւ իր պատգամը:

hripsimyantz-2_92716

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումէն ետք, բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ երկրորդական դասարաններու պատասխանատու Կարպիս Գապասագալեանը, որ անդրադարձաւ ծնողներու եւ շրջանաւարտներու վերապրումներուն, որոնք երանի կու տան իրենց դպրոցական օրերուն. ան երանի տուաւ աշակերտներուն, որոնք միայն դաս սորվելու մտահոգութիւն ունին. ան մասնաւորեց 2015-2016 կրթական տարեշրջանի պաքալորէայի եւ պրըվէի պետական քննութեանց ձեռք բերուած 100 առ 100 յաջողութիւնը, նամանաւանդ` մեծաթիւ աշակերտներու յիշատակութեան արժանի արդիւնքները, ապա հրաւիրեց վարժարանիս տնօրէնուհին` քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ առաջին հերթին կարեւորեց վերածնեալ Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակի խորհուրդը, որ պատգամ է իւրաքանչիւր պահանջատէր հայորդիի` հեռու մնալու այլասերումէ, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ մնալու հայկական աւանդութիւններու եւ արժէքներու: Խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ քոյր Արմինէն ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց բակի ճակատին զետեղուած պաստառին, ուր  անարատ յղութեան Տիրամայրը, կանգնած Արարատի գագաթին, մէկ ձեռքին բռնած է երկրագունդը, իսկ երկրորդ ձեռքին` Հռիփսիմեանցի խորհրդապատկերը, առաջինը կը թելադրէ յառաջիկայ տարեշրջանին հպարտօրէն դիմաւորել Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան հիմնադրութեան 170-ամեակը, իսկ երկրորդը` բարձրաթռիչ սլացքով ընթանալ Հռիփսիմեանց վարժարանի 95-ամեակի քայլերգով: Խօսքի աւարտին գնահատեց աշակերտներուն ձեռք բերած գնահատելի արդիւնքները եւ շնորհաւորեց անոնց ծնողները, ապա հայցեց Տիրամօր օրհնութիւնը եւ վարժարանիս սրբուհիին` Հռիփսիմէին պաշտպանութիւնը:

Ծնողաց  վարչութեան ատենապետ Վաչէ Տօնէրեանը խօսք առնելով` բարձրօրէն գնահատեց Անարատ յղութեան հայ քոյրերու ծառայութիւնը ի սպաս հայ սերունդներու առողջ դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ արժեւորեց նուիրեալ ուսուցիչներու բծախնդիր աշխատանքը, որ կ՛արտացոլայ աշակերտներու արդիւնքներուն ընդմէջէն: Ան կարեւորութեամբ ընդգծեց հայ վարժարանի առաքելութիւնը, որ կը ջամբէ մարդկային եւ հայեցի անփոխարինելի արժէքներ եւ դաստիարակութիւն, իր կարգին հրաւիրեց վարժարանի ծնողները առաւել եւս բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ կանգնելու վարժարանի վերելքին:

Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը` վարժարանիս հոգեւոր հովիւը, կատարեց Աւետարանի ընթերցում` օրուան խորհուրդը պատգամող, ապա «Պահպանիչ»-ով օրհնեց ներկաները` մաղթելով, որ 2016-2017 կրթական տարեշրջանը ըլլայ բարեյաջող եւ բարեբեր:

Աւարտին Տօնէրեան եղբայրները` Առէն (շրջանաւարտ) եւ Ալեք հայկական նուագներով ջերմացուցին աշակերտներուն հոգիները եւ նախակրթարանի աշակերտները իրենց ուրախութիւնը արտայայտելով` դէպի երկինք արձակեցին եռագոյն եւ ճերմակ փուչիկներ:

Տեղին է անդրադառնալ, որ վերամուտին նախորդող շաբաթներուն տեղի ունեցան ուսուցչական ժողովներ, որոնց ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան վարժարանիս յուզող հարցեր եւ ուսումնական ծրագիրներու արդիական մեթոտներու կիրարկման հարցեր:

Հոգեւոր դաստիարակութեան նպատակով հրաւիրուեցաւ հ. Ժոզեֆ Շիտիաքին, որ «Ողորմութեան» տարուան բնաբանով շահեկան քննարկումներով վեր առաւ դաստիարակին դերը ներկայ ժամանակներուն` ի սպաս սերունդներու դաստիարակութեան եւ ծառայութեան:

Բարի՛ վերամուտ, վերանորոգ կամք ու կորով:

Կ. Գ.

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>