Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի 30-Ամեակի Տարեշրջանը Սկիզբ Առաւ Նոր Թափով Եւ Խանդավառութեամբ

$
0
0

s-khatch_92716

Երեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2016-ը վերամուտ էր Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին համար, որ իր դռները լայնօրէն բացաւ դիմաւորելու համար 2016-2017 կրթական տարեշրջանը:

Վարժարանիս վերանորոգուած պասքեթպոլի դաշտին վրայ հաւաքուած ծնողներու ներկայութեամբ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը խօսք առնելով` խնդրեց Աստուծոյ օրհնութիւնը` բոլորելու համար դպրոցական նոր տարեշրջան մը: Ան ըսաւ, որ բոլորս` ծնողք, տնօրէնութիւն եւ ուսուցչական կազմ կոչուած ենք բարձր պահելու այս հայկական կրթօճախը, ուր ուսման կողքին կը զօրանայ նաեւ աշակերտին հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ: Վարդապետը ողջունեց Ս. Խաչ-Հարպոյեանի տնօրէնը եւ ուսուցիչները, որոնք միասնաբար կ՛աշխատին մանանեխի հատիկը ցանելու աշակերտներուն մտքին մէջ, որպէսզի հետագային անոնց յաջողութեան պտուղը քաղեն ու հպարտանան:

Տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր աշակերտներուն, ի մասնաւորի` նորեկ աշակերտներուն, որոնք շուտով իրենք իրենց տան մէջ պիտի զգան այս վարժարանէն ներս: Ան իր խօսքին մէջ «Բարի եկաք»-ի յատուկ խօսք ուղղեց նախակրթարանի շարքերուն նոր միացած Ա. կարգի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց պետական քննութեանց հարիւր առ հարիւր յաջողութիւն արձանագրած նախորդ տարուան պըրըվէի աշակերտները` մաղթելով, որ անոնք այդ մէկը խթանիչ ուժի վերածելով` նոյն յաջողութեամբ շարունակեն երկրորդականի հանգրուանը: Ռ. Պոյաճեան յաջողութիւն մաղթեց նաեւ 12-րդ կարգի աշակերտներուն` իրենց դպրոցական կեանքի աւարտական հանգրուանին մէջ: Վերջիններս, իրենց մաղթանքները միացնելով տնօրէնուհիին, եռագոյն փուչիկներ արձակեցին դէպի կապոյտ երկինքը:

Դպրոցական առաջին օրը խանդավառութեամբ սկսելու համար մթնոլորտը նուագով ու պարով ճոխացուցին «Danzaholic Parade»-ը:

Մաղթենք, որ նոր թափով սկիզբ առած Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի 30-ամեակի տարեշրջանը ունենայ հեզասահ ընթացք եւ յաջող աւարտ մը ու ապահովէ այս հայաշունչ կրթօճախին երթը դէպի նորանոր յաջողութիւններ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17117

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>