Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Հոկտեմբեր Ա.- Հալէպի Վէրքը Կը Շարունակէ Կոտտալ

$
0
0

kantzasar_10816

Սուրիա 6-րդ տարին ըլլալով կ՛ենթարկուի արտաքին ուժերու կողմէ ուղղորդուած ահաբեկչական պատերազմի: Այս պատերազմի ամէնէն սոսկալի բաժինը շուրջ 4 տարի է ի վեր տեղի կ՛ունենայ Հալէպի մէջ:

Հալէպը ո՛չ միայն իր աշխարհագրական դիրքով եւ տնտեսական ազդու գործօն ըլլալու հանգամանքով կը տարբերի Սուրիոյ մնացեալ նահանգներէն, այլ նաեւ` բնակչութեան գունեղ պատկերով: Հալէպի մէջ, համեմատած Սուրիոյ այլ նահանգներու, հայ համայնքը ունէր եւ տակաւին ունի մեծագոյն ներկայութիւնը:

Ցաւ ի սիրտ, Հալէպը կրեց ու կը շարունակէ կրել ահաբեկչական յարձակումներու դաժանագոյն հետեւանքները: Ու ինչպէս Հալէպի խաղաղ ողջ ժողովուրդը, նոյնպէս հալէպահայութիւնը, որպէս կարեւոր մէկ մասնիկը այդ ժողովուրդին, ահաբեկչութեան կ՛ենթարկուի` տալով զոհեր, նահատակներ, վիրաւորներ, կրելով նիւթական ծանր վնասներ, ապրելով հոգեկան ծանր, երբեմն անմխիթար պահեր, դէմ յանդիման յայտնուելով կենցաղային ու ապահովական բազում դժուարութիւններու: Այլ խօսքով` հալէպահայութիւնը, ինչպէս Հալէպի ողջ ժողովուրդը, ահաբեկչութեան ալիքին դէմ իր գոյութեան պայքարը կը մղէ:

Վերջին շրջանին, երբ հորիզոնի վրայ երեւելու սկսան սուրիական տագնապին լուծման առնչուող յոյսի նշոյլներ, ահաբեկչական խմբաւորումներ եւ անոնց մինչ օրս զօրակցող պետութիւններ իրենց նեղ հաշիւներէն թելադրուած սատարեցին Հալէպի մէջ ահաբեկչական յարձակումներու մագլցումին: Այդ մագլցումը ետ մղելու, Հալէպի տարբեր շրջաններ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներէն ազատագրելու սուրիական բանակի իւրաքանչիւր յառաջխաղացքին դէմ, անոնք թիրախ դարձուցին պետութեան հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններու խաղաղ բնակչութիւնը` քաոսային վիճակ ստեղծելու եւ ժողովուրդը խուճապի մատնելու յստակ նպատակով:

Ահաբեկչական խմբաւորումներու մերձակայքը գտնուող հայաբնակ կարգ մը թաղամասեր առաւել վնասներ կրեցին: Համայնքը անցնող օրերուն տուաւ 7 զոհ, աւելի քան 13 վիրաւոր:

Ինչպէս տագնապի ամբողջ տեւողութեան, նոյնպէս տագնապի մագլցումի վերջին օրերուն, Սուրիոյ պետութեան հակակշիռին տակ ապրող հալէպաբնակ ժողովուրդը ազատ էր Սուրիոյ մէջ թէ Սուրիայէն դուրս իր տեղաշարժին մէջ:

Հալէպահայութեան որոշակի համեմատութիւն մը ապահովական նկատառումներով երկրէն դուրս գալու կամ երկրին մէջ առաւել ապահով նահանգներ տեղափոխուելու տարբերակին դիմեց ու կը շարունակէ դիմել:

Տագնապի ամբողջ տեւողութեան հալէպահայ երեք յարանուանութիւններէն ներս տրամադրելի հնարաւորութիւններով քաղաքին մէջ մնալու, թէ երկրէն դուրս գալու միջոցներ կը հայթայթուին հալէպահայութեան, իսկ մեկնողներուն մնայուն կերպով խորհուրդ կը տրուի ուղղուիլ Հայաստան:

Մեկնիլը սակայն առժամեայ լուծում կը հանդիսանայ շատերուն համար, երբ մանաւանդ անոնք իրենց ապրուստն ու կայուն կեանքը ապահովելու բազում դժուարութիւններու կը հանդիպին եւ տրամադրուած օժանդակութիւնները անբաւարար կը մնան:

Հալէպի մէջ կը շարունակէ ապրիլ համայնքի նկատառելի մէկ համեմատութիւնը, որուն նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրավիգ կանգնիլը աւելի քան անհրաժեշտ է, յատկապէս այս ծանր օրերուն:

Ճգնաժամային այսպիսի պայմաններու մէջ մամուլի էջերուն մէջ հնչող գաղութի պահպանման ճիգերը, ազգային կալուածներու գոյութեան կամ նեղ շահերու վերագրող կարգ մը անպատասխանատու արտայայտութիւնները խորքային ոչ մէկ նշանակութիւն ունին: Մեկնելու որոշումը իւրաքանչիւր ընտանիք իր սեփական պայմաններու եւ ապահովական վիճակի թելադրանքով է որ կը կատարէ, իսկ մնացողներուն հնարաւոր սահմաններու մէջ օգնել, զօրակցիլ պէտք է:

Այսօր աղէտահար Հալէպի մէջ կը շարունակեն գործել ազգային, յարանուանական եւ միութենական կառոյցներն ու հաստատութիւնները` ճգնաժամային պայմաններու յարմարեցման բոլոր կարելիութիւններու օգտագործումով:

Պատերազմական այս քաոսին մէջ, տիրող իրավիճակի բոլոր մանրամասնութիւններուն կամ համայնքի գոյատեւման մաքառումներուն երբեմն անգիտակ զանգուածային կարգ մը լրատուամիջոցներ միանշանակ պատասխաններ չունեցող հարցումներու տարափով, ժողովուրդը խուճապի մատնող արտայայտութիւններով, իրենց ուղենշային դերակատարութիւնը պահ մը մոռնալով շփոթանքի, խուճապի տրամադրութիւններու սրման կը նպաստեն:

Հայրենադարձութիւնը ուղղորդելու, միաժամանակ սուրիահայ գոյատեւող համայնքին տէր կանգնելու հրամայականները համահայկական մեր կարելիութիւնները լարելու ահազանգը հնչեցուցած են արդէն:

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>