Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այն օրերուն, երբ զանգուածային լրատուամիջոցները տարուած են Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրապայքարի իրերայաջորդ ու շռնդալի բեմադրութիւններով ու ժողովուրդն ալ իրենց ետեւէն կը քաշեն դէպի անվաղորդայն բանավէճերու դաշտը, ելեւմտական բեմն ու զայն հակակշիռի տակ պահելու կոչուած պետական պատասխանատուներ պաշտօնապէս ձեռք դրին դրամատնային գայթակղութեան մը վրայ, որ առնուազն հինգ տարիէ ի վեր կ՛եփէր տաք ու մեղմ փուռերու մէջ: Երեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին, ծերակոյտի դրամատնային ու բնակարանային հարցերու յանձնախումբը հարցաքննեց «Ուէլզ Ֆարկօ» դրամատան տնօրէն-խորհուրդի նախագահ Ճոն Սթամֆը` դրամատան գերագոյն պատասխանատուն, որովհետեւ երկարաշունչ քննութիւններ ի յայտ բերած են զեղծարարութեան ու խարդախութեան ծաւալուն գործառնութիւն մը, զոր հասարակ մահկանացուներ կրնան կոչել կողոպուտ, չարաշահութիւն եւ հազարաւոր պաշտօնեաներ քաւութեան նոխազ դարձնելու… վարպետութիւն:
Մօտաւորապէս 4 ժամ տեւած այս առաջին նիստին յանձնախումբի անդամները շուրջ երեք ժամ հարցապնդեցին դրամատան թիւ մէկը, ապա յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացան այս գայթակղութեան շուրջ տարիներէ ի վեր քննութիւններ կատարող (Լոս Անճելըսի) իրաւական ու դատական ներկայացուցիչներէ: (Նիստին ամբողջ ժապաւէնը կարելի է դիտել յիշեալ յանձնախումբին կամ պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններու կայքէջին վրայ):
Ճիշդ է, որ կարգ մը լրատու աղբիւրներ ու մամուլը քանիցս հակիրճ կերպով անդրադարձած են «Ուէլզ Ֆարկօ»-ի գայթակղութեան, սակայն նիստին ժապաւէնին հետեւողը իրազեկ կը դառնայ ոճրային գործառնութեան գրեթէ բոլոր ծալքերուն ու գլխաւոր դերակատարներուն, կը սորվի, որ եթէ այսօրուան ելեւմտական աշխարհին մէջ խելացիի եւ պատասխանատուի վարկ շահած ես, ինչպէ՛ս կրնաս սեփական գանձանակդ լեցնել հսկայական գումարներով, երկար ատեն խուսափիլ հետապնդումէ, իսկ յետոյ, երբ գայթակղութիւնը բացայայտուի, ինչպիսի՛ ձեւեր կան յանցապարտութենէ խոյս տալու, քու «դասակարգիդ» յօրինած-մշակած օրէքներուն ետին ապաստանելու եւ մեղքի մանեակը ուրիշներուն վիզը անցընելու…
Ի՞նչ Պատահած Է, Եւ` Ինչպէ՞ս
Նիստին արձանագրութեան հետեւելով` կարելի է հետեւցնել հետեւեալները.
Ա.- Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ, 2011-էն ի վեր, թերեւս անկէ շատ աւելի առաջ, յիշեալ դրամատան մէկ բաժանմունքին պատասխանատուն եւ իր գործակիցները հրաշալի գիւտ մը ըրած են դրամատան բաժնետոմսերուն արժէքը բարձրացնելու համար, բացորոշ կերպով հաստատութեան բարձրագոյն պատասխանատուներուն գիտակցութեամբ, քաջալերանքով ու մեղսակցութեամբ: Գայթակղութեան մասին առաջին ահազանգերը հնչած են 2011-ին, իսկ 2013-ին, «Լոս Անճելըս Թայմզ»-ը բացայայտած է ծալքերը, սակայն գործառնութիւնը չէ կասած:
Բ.- Ապօրինի չարաշահութեան գործառնութիւնը բանած է հետեւեալ ձեւով. դրամատան պաշտօնեաներուն պարտադրուած է յաճախորդներու ներդրումներէն ու հաշիւներէն նոր հաշիւներ բանալ ու վարկի քարտեր ստեղծել, ինչ որ Ուոլ Սթրիթի մէջ արագօրէն բարձրացուցած է բաժնետոմսերուն սակերը: Յաճախորդներ ու ներդրողներ չեն լիազօրած նման հաշիւներու բացումը, շատեր ոչ իսկ տեղեակ եղած են. իւրաքանչիւր ներդրողի-յաճախորդի «իրաւունք տրուած է» մինչեւ 8 հաշիւ բանալու (սովորական երեքի փոխարէն): Այսպէսով, բացուած ապօրինի ու նիւթապէս չհիմնաւորուած հաշիւներուն թիւը անցած է երկու միլիոնը: Նոր հաշիւներ ստացող «անտեղեակ երջանիկները» ունեցած են սեփական վարկի անկում, նոր հաշիւներուն համար որոշ սակեր գանձուած են անոնցմէ, շատեր մատնուած են անակնկալ նիւթական տագնապներու:
Գ.- Անոնք, որոնք իրազեկ դարձած են, թէ զոհ են չարաշահութեան, իրաւունք չեն ունեցած գանգատելու կամ դատ բանալու դրամատան դէմ, որովհետեւ դրամատունը (եւ վստահաբար` ոչ միայն ելեւմտական այս միաւորը) ինքզինք ՕՐԷՆՔՈՎ պաշտպանած է նման դատական հետապնդումներէ` ներդրողին հետ ստորագրուած սկզբնական պայմանագրութեան մէջ իսկ մանր տառերով արձանագրուած պայմաններու շնորհիւ…
Դ.- Երբ նեխածութեան «բոյրը» ի վերջոյ տարածուած է եւ քննութիւններ բացուած են, դրամատունը, աւելի քան տարի մը առաջ, «յանցանքի վրայ բռնած ըլլալու» յաւակնութեամբ, գործէ արձակած է 5.300 պաշտօնեաներ, իբր թէ անոնք ըլլային այդ ապօրինի հաշիւները բացողները: Անտեսուած է այն իրողութիւնը, որ այդ պաշտօնեաները վերերէն ճնշումի տակ եղած են, որպէսզի նոր հաշիւներու բացումով նպաստեն դրամատան բաժնետոմսերուն արժեւորման: Ցուցմունքներուն չանսացողներ սպառնալիք ստացած են: Այդ պաշտօնեաներուն աւելի քան 90 առ հարիւրը համեստ եկամուտով գանձիչներ եւ ստորադաս պաշտօնեաներ էին, թէեւ արձակուողներուն մէջ եղած են նաեւ աւելի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ու պատասխանատուներ: Անոնց ճակատագիրը կը մնայ անորոշ խոստումներէ կախեալ:
Ե.- Արձակուողներուն թիւը յայտնապէս աւելի մեծ է, սակայն կը մնայ քողարկուած: 2011-ին, Պոսթընի մէկ մասնաճիւղի պաշտօնեաներէն մէկը, անդրադառնալով ապօրինի գործառնութեան, բողոքած է վերին պատասխանատուներուն. փորձած են զայն լռութեան մատնել, ի վերջոյ…գործէ արձակուած է: Եւ ան յայտնապէս միակ ծաղիկը չէ այս պարտէզին մէջ. ուրիշներ ալ մերժած են ենթարկուիլ վերէն եկող թելադրանքներուն ու ճնշումներու, հետեւաբար կա՛մ հրաժարած են, կամ ալ` գործէ արձակուած:
Զ.- 2015-ին, երբ բացայայտ դարձած է Լոս Անճելըսի մէկ շրջանէն կառավարուող ապօրինի գործառնութիւնը, որուն պատասխանատուն կը կոչուի Քերի Հոլսթետ, դրամատան պատասխանատուները անոր ըսած են, որ «տարբեր ուղի մը պիտի որդեգրեն» (յայտնի չէ, թէ ճիշդ ի՛նչ է այդ նոր ուղին), ուրեմն, տարակարծիք ըլլալով, վերջինը նախընտրած է հրաժարիլ. պաշտօնէ դադրեցման առիթով անոր վարձատրութիւնը աւելի քան 120 միլիոն տոլար է, վճարելի` այս տարեվերջին, երբ ան վերջնականապէս պիտի դադրի դրամատան համար աշխատելէ:
Է.- Սթամֆ հարցաքննութեան ամբողջ տեւողութեան հագած էր անմեղունակ դիմագիծ մը, «շատ լաւ հարցում«, »շատ լաւ նկատողութիւն» եւ նմանօրինակ ողոքող ակնարկութիւններով կ՛ողջունէր հարցապնդող ծերակուտականները` յաճախ լիովին իր վրայ առնելով պատասխանատուութեան ամբողջ ծանրութիւնը եւ խոստանալով, որ սխալները սրբագրել, խոտոր «մշակոյթ»-ին վերջ տալ. մինչդեռ նոյնինքն այս տնօրէնը այս գայթակղելի գործառնութեան ճամբով ապահոված է աւելի քան 200 միլիոն տոլարի «մաքուր շահ» մը: Ան սկզբնական փուլին գնած է աւելի քան 6 միլիոն բաժնետոմս, ու երբ բաժնետոմսերուն գինը բարձրացած է 30 տոլարով… Նիստին սկզբնաւորութեան ան երդում տուաւ, որ ճշմարտութիւնը պիտի ըսէ, սակայն զինք նեղը դնող իւրաքանչիւր հարցումի դիմաց, որդեգրեց «անոր մասնագէտը չեմ», «ատիկա կը վերաբերի մեր այսինչ բաժանմունքին», «ես կը հետեւիմ մեր վարչական կազմի տնօրինումներուն, ազդեցութիւն չեմ բանեցներ այդ մարմինին վրայ» եւ նման խուսափողական բացատրութիւններ: Հարցապնդող ծերակուտականներ, դեմոկրատ թէ հանրապետական, երբեմն մեղմ էին, մեկնելով «մէկը յանցաւոր չէ, մինչեւ որ քննութիւնները հաստատեն անոր յանցապարտութիւնը» տրամաբանութենէն, կ՛ողջունէին գործակցելու եւ բարեփոխութիւն բերելու անոր պատրաստակամութիւնը, սակայն Էլիզապէթ Ուրըն եւ մէկ-երկու ուրիշներ ունեցան յանդուգն արտայայտութիւններ. Ուրըն առանց բառերը ծամծմելու` հարց տուաւ, թէ Սթամֆ ինչպէ՞ս կրնայ անտեղեակ ըլլալ այս գործառնութենէն, երբ հսկայական շահ ապահոված է, ինչո՞ւ պարզ պաշտօնեաներ պիտի ըլլան գլխաւոր տուժողները, եւ վստահաբար այդ 5.300-ը պաշտօնի չէ հասած` նման գայթակղութիւն մը աննկատ վարելու նախօրօք մշակուած ծրագիրով ու մտադրութեամբ, իսկ Հոլսթետ վարձատրութիւն կը ստանայ իր ապօրինի գործառնութեան համար, մինչդեռ թէ՛ ան եւ թէ՛ Սթամֆ պէտք է հաշուետուութեան կանչուին, վերադարձնեն իրենց իւրացուցած հսկայական գումարները եւ բանտ նետուին: (Ի դէպ, երբ 5.300 պաշտօնեաները պատժուած են գործէ արձակուելով անցեալ տարի, դրամատան գլխաւոր այս տնօրէնը նոյն տարին «ճակտի քրտինքով» շահած է աւելի քան 19 միլիոն տոլար…):
Ը.- Դրամատունը իր օձիքը չէ ազատած Լոս Անճելըսէն, վճարած է 185 միլիոն տոլարի տուգանք. 100 միլիոնը` սպառողներու պաշտպան սպասարկութեան, 50 միլիոնը` քաղաքապետութեան, իսկ 35 միլիոն մըն ալ` վերահսկող գրասենեակին: Իսկ երբ նկատի առնուի, որ անցեալ տարիներուն դրամատունը սակարանային խաղերով միլիառներ ապահոված է…
Վերոյիշեալ կէտերը ըստ բաւականին կը սեղմեն գայթակղութեան պատմութիւնը, որ ծալք առ ծալք կը բացայայտուի երեք ժամ տեւած հարցաքննութեան ճամբով: Նոր բացայայտումներ ալ կրնան յաջորդել յառաջիկայ նիստերուն:
***
Հիմա կատարենք քանի մը մատնանշում:
Հաւատանք, որ ծերակուտական յանձնախումբին քննութիւնները զուտ բեմադրութեան նպատակով չեն ըլլար, «ամէն բան նեխած չէ Դանիոյ թագաւորութեան մէջ», եւ այս ու նման գայթակղութիւններ կանխարգիլելու ու եղած անարդարութիւնները սրբագրելու միջոցներ կարելի պիտի ըլլայ ձեռք առնել` ի հարկին սխալագրուած օրէնքները բարեփոխելով, որպէսզի վերին պատասխանատուներն ու չարաշահողները զգան, թէ անուղղայ ընթացքը կարելի չէ ընդմիշտ շարունակել:
Բացայայտ է, որ այս գայթակղութիւնը առանձնակի պարագայ չէ, որովհետեւ քննիչներուն ուղղուած հարցումներուն տրուած պատասխաններուն մէջ թաքնուած տեղեկութիւններ կային, թէ` ելեւմտական այլ հիմնարկներ ալ կրնան զարտուղութիւններ գործած ըլլալ. այս քննութիւնը կեդրոնացած է «Ուէլզ Ֆարկօ»-ին վրայ:
Բացայայտ կը դառնայ, որ զեղծարարութեան ու չարաշահութեան արմատները կ՛երկարին մինչեւ 2008-2009 տարիները, այսինքն ծայր առած են այն օրերուն, երբ ելեւմտական ծանօթ տագնապին` սակարաններու հսկայական անկումին պատճառով, այս երկիրին հետ ամբողջ աշխարհը ցնցուեցաւ ու սուղ վճարեց, ապա պետական իշխանութիւնները բազմամիլիառ տոլարներ նետեցին դրամատնային ու ելեւմտական հաստատութեանց գանձանակներուն մէջ` իբրեւ փրկութեան լաստ, գումարներ, որոնց վերադարձին մասին խօսք չէ եղած, հաշիւ պահանջող չէ եղած, այլ ընդհակառակն, մէկէ աւելի հաստատութեանց մէջ տարուէ տարի գայթակղութիւններ պայթած են` ի լուր այս կամ այն բարձրաստիճան պատասխանատուին տրամադրուած մեծագումար հանգստեան թոշակներու, փոխհատուցումներու եւ այլ «վարձատրութիւններու»:
Հաւանաբար պէտք է քիչ մը ուրախ ըլլանք, որ այս գայթակղութիւնը չունի 2008-ի մեծ անկումին համազօր, կամ, անկէ շատ առաջ, «Էնրոն»-ի գայթակղութեան տարողութիւնը, սակայն պէտք չէ մտահան ընել, որ կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ, իսկ վաղը այլ «մանր կրակներ» կրնան ծագիլ այլ անտառներու մէջ:
Ծերակուտական մը իր պաշտօնակիցներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ փոքր քաղաքի մը մէջ գործող դրամատան մը տնօրէնը իրեն ըսած է, որ եթէ «Ուէլզ Ֆարկօ»-ին ըրածին մէկ փոքր տարողութեամբ ապօրինի գործառնութիւն մը ըրած ըլլար ի՛ր դրամատունը, վստահաբար խիստ հետապնդումի պիտի ենթարկուէր, ծանր պատիժի պիտի մատնուէր ու դրամատունն ալ պիտի փակուէր: Նոյնինքն ծերակուտական Ուորըն Սթամֆի երեսին տուաւ, որ եթէ իր դրամատան մէկ պաշտօնեան քանի մը 20 տոլարնոց գրպանէր ու բռնուէր, ի՞նչ պիտի ըլլար իր կամ պատասխանատուներուն վերաբերմունքը, եթէ ոչ` զայն գործէ արձակել, ոստիկանութեան յանձնել ու բանտարկել տալ, մինչդեռ «վերին դասու» պատասխանատուներ միլիոններ կը գրպանեն ու կը պրծին ամէն տեսակի հետպնդումէ, ընդհակառակն, մեծագումար հանգստեան թոշակներով կը վարձատրուին:
(Ի դէպ, կը սպասէի, որ նիստի աւարտին տնօրէնը կալանքի տակ առնուէր ու ոստիկաններով շրջապատուած` տարուէր արգելարան, սակայն ան ժպիտներ բաշխելով` հեռացաւ սրահէն, որովհետեւ տակաւին անոր յանցապարտութեան մասին որոշում չէ տրուած…):
Ինչպէս նշեցինք, նման գայթակղութիւններ վստահաբար առանձնակի երեւոյթներ չեն, ոչ միայն այս երկիրն, այլ քիչ մը ամէն տեղ, ուր կան անհակակշիռ եկամուտ ապահովողներու փոքր խմբակներ, որոնք կա՛մ իշխանութեան վրայ են, կամ կը կանգնին իշխանաւորներու կողքին-ետին, կը վարեն անոնց շարժումներն ու քայլերը, կը հովանաւորեն թեկնածուներ: Դժբախտաբար մեր հայրենիքն ալ զերծ չէ նման գայթակղութիւններէ, եւ որքա՜ն ցանկալի պիտի ըլլար, որ հոն ալ չարաշահներ նման խիստ հարցաքննութեան կանչուէին խորհրդարանականներու կողմէ, անոնցմէ հաշիւ պահանջուէր, հատուցում պարտադրուէր:
***
…Եթէ ես ըլլայի Սթամֆի աթոռին վրայ, փոխանակ խուսափողական պատասխաններու եւ խուսանաւումներու` բարձրաճակատ կը յայտարարէի.
Ի՞նչ պատահեր է. ընդամէնը քանի մը հարիւր միլիոն գրպանած եմ, խելքս ու լուսարձակներէ հեռու մշակուած օրէքները գործածած եմ իմ հասկցած ձեւովս: Եթէ 5,300 պարզունակ պաշտօնեաներուն գործէ արձակումը կը նկատէք անարդար տնօրինում, զանոնք կը նկատէք մեծերուն քաւութեան նոխազները, ես ալ կրնամ փոքր յանցագործ սեպուիլ` բաղդատած այն չարաշահներուն ու փողկապաւոր աւազակներուն, որոնք ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒ ճամբով աշխարհածաւալ ընկերութիւններ լծած են իրենց յելուզակութիւններու կառքին. գացէ՛ք, բռնեցէ՛ք քարիւղի ընկերութեանց, դեղերու-հիւանդանոցներու, զէնքի ճարտարարուեստի եւ նմանօրինակ «ճակտի քրտինք» պահանջող կալուածներ վարողներուն օձիքը: Հո՛ն է իսկական կողոպուտը, հո՛ն է մարդկային կեանքերու եւ սերունդներու աշխատանքով կերտուած վաստակներու հետ խաղը, անոնց փոշիացումը, ծաւալուն նախճիրներու անսանձ տարածումը: Իսկ ե՞ս… Ես ո՞վ եմ` բաղդատած այդ «վաստակաւորներուն»:
26 սեպտեմբեր 2016