Քառասուն օրեր կը բաժնեն մեզ այն տխուր օրէն, երբ կանխահասօրէն շիջեցաւ, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի հերթապահը` ընկ. Յարութիւն Տաղլեանը:
Փափկանկատ հանդուրժողութեամբ` կարգապահական կուռ կառոյցով յատկանշուող Դաշնակցութեան տաճարին երկրպագու հաւատաւոր տիպար ընկերը մնաց ան, տառացիօրէն մինչեւ երկրային կեանքի իր վերջին օրը:
ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւնը, խոր վշտով կորսնցուցին` երկար տարիներ շրջանի հերթապահութիւնը կուսակցական բարձր պատասխանատուութեամբ վարող ընկերը:
Ընկ. Յարութիւնը յատկանշող նկարագրային ցայտուն գիծերուն սոսկ յիշատակումն իսկ` խօսուն ապացոյցն է վաղահասօրէն մեզմէ յաւէտ բաժնուած մեր ընկերոջ խոնարհ հերոսի հզօրութեան, որուն նմանները ցաւագինօրէն հազուագիւտ կը դառնան օրէ օր:
Արդարեւ, Յարութիւն Տաղլեան ընկերը իր ողջութեան ցուցաբերած է համբերատար, փափկանկատ, հանդուրժող, կարգապահ, լռակեաց ու խոհուն նկարագիր:
Սիրուած էր իր շրջապատէն ու կը վայելէր հայորդիներու եւ ոչ հայերու անվերապահ յարգանքը:
Մասնաւորաբար շահած էր Զալքայի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահին խոր վստահութիւնը, երեւոյթ մը, որ դրականապէս կ՛անդրադառնար շրջանիս հայութեան եւ կոմիտէութեանս ծաւալած գործունէութեան զարգացման:
Ընկ. Յարութիւնը ծնած է Հալէպ, գաղափարապաշտ ու զոհողութիւններ մատուցող, «մի՛շտ պատրաստ» նշանախօսքին ունկնդիր Ներսէս Տաղլեանի յարկին տակ:
Տակաւին փոքր պատանի, 1961 թ.-ին ընտանեօք կը փոխադրուին Պէյրութ:
Եօթը տարեկանին ան արդէն անդամագրուած էր` ՀՅԴ պատանեկան միութեան շարքերուն:
Անդամագրուած էր նաեւ ՀՄԸՄ-ի քոյր կազմակերպութեան:
Երկա՜ր տարիներ երկիւղածօրէն ծառայած է Հայ առաքելական Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասին:
Չափահաս տարիքին դարձաւ հաւատաւոր ու գործունեայ անդամը` ՀՅԴ ԼԵՄ-ի շարքերուն:
Հետագայ տարիներուն կուսակցական պատասխանատու գործունէութիւն ծաւալած է հետեւեալ մարզերուն մէջ:
– Անթիլիասի «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի կազմի անդամ` 1974-1976 թուականներուն:
– «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին ներկայացուցիչը` Զալքայի նոյնանուն վարչութեան մօտ, 1976-1977 թ.-ին:
– Զալքայի շրջանի հայութեան թուաքանակի նկատառելի աճումով` քանի մը շրջան յաջորդաբար ծառայեց որպէս «Զալքայի Նիկոլ Աղբալեան» վարչութեան ատենապետ` 1977 թուականին:
– Զալքայի շրջանի ընկերներուն ծրագիր-կանոնագրով նախատեսուած թուաքանակի ամբողջացումով շրջանը դարձաւ կոմիտէութեան յառաջացուցած առաջին կազմի հերթապահը` 1977-1978 թուականին:
Իր հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ` շրջանը օժտուեցաւ աւելի ընդարձակ սեփական ակումբով, որ ներկայի Ժողովրդային տունն է:
Ապա մէկէ աւելի շրջաններ վարեց շրջանի հերթապահութիւնը` մինչեւ իր վաղահաս մահը:
Ի պաշտօնէ բարւոք կապեր կը պահէր Ժիւնիի շրջանի եկեղեցւոյ իրերայաջորդ թաղական խորհուրդներուն ծխատէր քահանայ հայրերուն, ինչպէս նաեւ քոյր կազմակերպութեանց` ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի եւ Համազգայինի վարչութիւններուն հետ:
Աւանդաբար ու անգիր օրէնքի տուեալներով, ՀՅԴ կառոյցէն ներս մեծ կամ փոքր գործեր չկան, այլ` անսակարկ անձնազոհութեամբ յատկանշուած եւ պահանջուած որեւէ գործ իրագործել:
Այդպէս ալ ընկ. Յարութիւն Տաղլեան գործեց հաւատարմօրէն, անձնուիրաբար, բծախնդրօրէն, անոխակալ ոգիով, հանդուրժող ընկերասիրութեամբ, եւ ծառայասիրական իւրայատուկ ոճով:
Ան միշտ ներկայութիւն մնաց ակումբէն ներս, նոյնիսկ` իր տակաւ շիջող հիւանդութեան շրջանին:
Ընկեր Յարութիւնին վաղահաս մահով պահ մը կրնայ թուիլ մեզի, թէ գաղափարական անշահախնդիր ոգիով գործող ընկերներու ընտրեալ փաղանգը ի սպառ կորսուելու սեմին կը գտնուի:
Եւ սակայն ընկեր Տաղլեանին նկարագրային օրինակելի գիծերը, կուսակցական խստապահանջութիւնը, գաղտնապահութիւնը, անշեղ կարգապահութիւնը նոր Տաղլեաններու ծնունդ տուող գրաւականներ են:
Ամենեւին մտահան պէտք չէ դարձնել այն բացառիկ երեւոյթը, որ ՀՅԴ հայութեան քաղաքական կեանքին մէջ 125 տարիներէ ի վեր անսայթագ գործող սքանչելի, այլ դաժան կազմակերպական կառոյցն է, որ նոյնիսկ միջազգային չափանիշով եզակի կը մնայ մինչեւ այսօր:
Ընկեր Տաղլեանը եւ իրեն նմանող հաւատաւոր ընկերները միշտ ալ հպարտութիւնը ունին այսօրինակ կազմակերպութեան մը ծառայելու բախտաւորութիւնը` միացեալ, անկախ եւ գերիշխան Հայաստանին գոյառման վախճանական նպատակին հասնելու:
Այս տխուր առիթով, անձնապէս` մեկնող ընկերոջս տասնամեակներու գործակից ընկերը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ մեծ ընտանիքին, «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան բոլոր ընկերներուս, եւ զինք սիրող ու յարգող հայորդիներուն սգակիցի անխառն զգացումներուն թարգմանը թող դառնան վերոնշեալ հաստատումները` իր ազնիւ կնոջ, զաւակներուն, Հրաչ նուիրեալ եղբօրը, եւ ընտանիքին եւ բոլոր պարագաներուն ուղղուած:
Վա՛րձքդ կատար, դաշնակցական խոնարհ հերոս, ընկերս Յարութիւն Տաղլեան: Երթդ բարի:
Սգակից ընկերդ`
ՅՈՎՍԷՓ ԷՍԿԻՃԵԱՆ