ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Տօն ու տօնակատարութիւններէ ետք, հանդէսներէ ու հրավառութիւններէ յետոյ, պահ մը կրկին կեդրոնանանք Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակին վրայ եւ հարեւանցի խորհրդածենք, թէ այս ժամանակաշրջանի ելեւէջներու բովէն անցնելէ ետք, ինչպիսի՛ պատկեր կը պարզէ այսօր հայրենի կեանքը:
– Յուշ մը. տարիներ առաջ էր, 1960-ականի կէսերուն, օրուան Սփիւռքի հետ կապի կոմիտէի հրաւէրով Հայաստան այցելած էր բանաստեղծ-մանկավարժ Մ. Իշխան: Վերադարձին` դիմեցինք իրեն, որ Հայաստանէն քաղած իր տպաւորութիւններու մասին զեկոյցով մը հանդէս գայ հանրային հաւաքի մը` Պէյրութի Հայաշէն թաղամասին մէջ: «Երկաթէ վարագոյր»-ի օրեր էին, մենք` երիտասարդ հայորդիներ: Մեզի համար սրբութիւն սրբոց էր հայրենիքը, որուն մասին կը լսէինք-կը կարդայինք սակայն, թէ ան կը տառապէր բռնակալ վարչակարգի տակ, բռնի ռուսացման կ՛ենթարկուէր: Առիթը ներկայացած էր ահա, որ ականատեսի հաւաստի վկայութիւնը ունենանք Մ. Իշխանին: Մերժեց: «Դրախտէ չվերադարձայ, ոչ ալ դժոխքէ, այլ` հայրենիքէս, խառն զգացումներով: Տեսայ դրականն ու ժխտականը: Հայրենիքս դժուարութիւններու մէջ կը տապլտկի, բայց նաեւ քայլ առ քայլ կը կառուցուի: Խօսիմ դրականի մասին, շատերու համար ատիկա պիտի նշանակէ գովքը վարչակարգին: Ժխտականը շեշտեմ, հայրենիքի հանդէպ զգացումները պիտի պղտորին»: (Չակերտուածը իմ շարադրանքն է, մերժումի միտք բանին` Մ. Իշխանին):
Այդ օրերուն չհամոզուեցանք: Տրուած պատճառաբանութիւնը յանձնառութենէ անընդունելի խուսափում համարեցինք:
Այդ թուականէն տարիներ յաջորդած են իրարու: Տարիներուն հետ թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ ազգային կեանքի մէջ դրական ու ժխտական անդրադարձներով շրջադարձային եղափոխութիւններու ժամանակակից վկաներ եղանք:
Երկաթէ վարագոյր եւ բռնակալ վարչակարգ չկան այլես: Կայ ազգային պետականութեամբ վերանկախացած հայրենիք, որուն 25 տարիներու անցած ուղին մէկ տողի մէջ բնորոշել եթէ փորձենք, զարմանալի պիտի չըլլայ, որ կրկնենք կէս դար առաջ ըսուածը. «Հայրենիքս դժուարութիւններու մէջ կը տապլտկի, բայց նաեւ քայլ առ քայլ կը կառուցուի…»:
Անցնող այս քառորդ դարու յատկապէս առաջին տարիներուն, կասկած չկայ, որ մեր ածուին մէջ աննախընթաց խիզախութեամբ կատարուեցան «արութեան գործեր», իսկ պետականաշինութեան մարզին մէջ` յաղթական նախաձեռնութիւններ` «արժանի գիրի ու յիշատակութեան»:
Հերոսական իրագործումներու եւ նշանակալի նախաձեռնութիւններու մուտքի բաժինին դիմաց 25-ամեակի հաշուեկշիռը ունի նաեւ ելքի բաժինը, որ տխուր է, չի՛ պատշաճիր յաղթապանծ մուտքի բաժինին, նոյնիսկ ամօթալի իր հետքը կը թողու անոր վրայ: Սթափ ընթերցողին արդէն ծանօթ եղած պիտի ըլլայ հաշուեկշիռին ամբողջութիւնը, որուն պայծառ բաժինին պանծացման հռետորաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ տխուրին ու ամօթալիին վտանգաւոր հետեւանքները ըստ հնարաւորի հանրութեան կը ներկայացնեն արդէն խմբագիրները եւ արհեստավարժ յօդուածագիրները: Մենք շարունակենք սկսուած այս հարեւանցի խորհրդածութիւնը:
Մեր պատմահայրը` Մ. Խորենացին, երբ 5-րդ դարու կէսերուն հպարտութեամբ կ’արձանագրէր «արութեան գործերու» յիշատակութիւնը , Հայաստան կը պարզէր անմխիթար ու անյոյս պատկեր մը: Ոչ միայն կորսնցուցած էր անկախութիւնն ու պետականութիւնը, այլեւ ան երկուքի բաժնուելով` վերածուած էր նահանգներու` բիւզանդական ու պարսկական կայսրութեանց պատկանող եւ ենթակայ` մէկուն դաւանաբանական ճնշումներուն եւ միւսին կրօնական հալածանքներուն… Անյուսօրէն անմխիթար այդ կացութեան մէջն իսկ պատմահայրը կ՛ոգեկոչէր «արութեան գործերը», որովհետեւ անոնցմով էր, որ մեր «փոքր ածուն» տոկացած էր անցեալին, անոնց ոգեշնչմամբ պիտի տոկար, պիտի չընկճուէր նաեւ հետագայ դարերուն, որքան ալ դժխեմ ըլլային կեանքի պայմանները:
Մեր պատմահայրը բնականաբար չէր կրնար անտարբեր մնալ նոյն ժամանակաշրջանի ներազգային կեանքի տխուր ու գայթակղեցուցիչ երեւոյթներու դիմաց, որոնց համար ալ ան ունի նաեւ ողբի, «ողբամ»-ներու շարան մը, որ սակայն ինչպէս անցեալի մէջ, նաեւ ներկայիս կը յիշուի յօդուածագիրներու կողմէ` միա՛յն մասնակի, յուսահատական յատո՛ւկ երեւոյթներու եւ տխուր եղելութեանց պարագաներուն: Որեւէ ատեն անիկա երբե՛ք չորդեգրուեցաւ իբրեւ բնորոշիչը մեր ճակատագրին, նոյնիսկ` այնպիսի պահերուն, երբ ազգը կը գտնուէր եղերականօրէն տառապալի եւ խորապէս ողբալի պայմաններու մէջ: Մենք կառչած մնացինք միւսին` «արութեան գործերուն», որովհետեւ ցեղային մեր բնազդը կը յուշէր, որ անոնցմո՛վ միայն կ’երաշխաւորուի մեր տոկունութիւնը դարերու երկայնքին, անոնցմո՛վ կ’ամրանան ազգի նկարագրային հիմնասիւները ու հոգեկերտուածքին ներքնայարկերը:
Անցեալ պատմութեան ու ներկայ ժամանակի բոլորովին տարբեր յատկանիշերն ու անհամատեղելի եզրերը չանտեսելով հանդերձ, պիտի ընդունինք, որ հիմա ալ կը գտնուինք արութեան գործերու հպարտութեան եւ «ողբա՛մ»-ի ներհակ հոգեվիճակներու մէջ:
Վերանկախացման տարեդարձի օրը, Երեւանի կեդրոնական հրապարակին վրայ հայկական բանակի յաղթապանծ տողանցքը հաստատեց երաշխիքը արութեան գործերուն` ներկայի մէջ թէ ապագայի, եւ անշուշտ հպարտութիւնը պատեց մեր ողջ էութիւնը:
Սակայն…
Անգամ մը եւս կրկնենք բազմիցս բարձրաձայնուածը, թէ Հայաստանի վերանկախացումը, կենսամակարդակի առումով, բարիք եղաւ քաղաքական վերնախաւի մարդոց համար: Անոնց բերաւ իշխանութիւն, անձեռնմխելիութիւն, անարգել չարաշահելու-հարստանալու հնարաւորութիւն: Մինչ շարքային քաղաքացիներուն բաժին հանեց արտագաղթը, ընտանիքի տարտղնումը, չքաւորութիւնը, պատառ մը հացի համար նուաստացումը, մարտ 1-ի սպանդը, քաղաքական հալածանքները եւ այլն: Այն աստիճան, որ գտնուեցան հայորդիներ,
որոնք հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համաժողովրդական շարժումը սեփական պետութեան դէմ անհնազանդութեան առիթի վերածելու փորձութիւնը որոճացին: Թարմ է տակաւին «Սասնայ ծռեր»-ու սայթաքումը, անիրաւութեանց դէմ ցասումի հետեւանք` զինեալ անընդունելի արկածախնդրութիւնը: Եւ արձանագրել, որ այս մոլորանքները ունեցան կրքոտ հետեւորդներ` ոչ արհամարհելի թիւերով…
Նորերս կատարուած հարցախոյզէ մը յայտնի դարձաւ, որ հայրենի բնակչութեան 71% համեմատութիւնը համոզուած է, որ կեանքի որակը աւելի «լաւն էր» Խորհրդային ժամանակ , քան հիմա: Հոս, «կեանքի որակը» կ՛ենթադրէ ոչ միայն ապրուստի խնդիրը, այլեւ կ՛ընդգրկէ մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան, արուեստի, մարզական եւ այլ բնագաւառները: (Ենթադրելի է, որ հարցախոյզին մասնակցած չըլլայ գէթ մինչեւ 35 տարեկան սերունդը, քանի որ անիկա ծնած կամ գիտակից չէր խորհրդային օրերուն, որպէսզի «վայելած» ըլլար անոր «բարիքները»):
Ազգային հպարտութեան կողքին, ահա նաեւ` ողբերգականը. 25 տարիներու անկախութենէն ետք` խորհրդային կարօտախտը:
Հայրենի բնակչութեան անկախութենէն կրած հիասթափութիւնը, որուն պատճառով ալ դարերու ընթացքին բիւրեղացուած վեհ գաղափարներու կտրուկ արժեզրկումը իսկական աղէտ է մեր ներկային ու ապագային համար:
Իբրեւ օրահրաման ու անյետաձգելի ազգային մեծ օրակարգ, անհրաժեշտ են վճռական միջոցառումներ` վերականգնելու համար հաւատքը այն բացարձակ ճշմարտութեան,
որ անկախութիւնը անփոխարինելի արժէք է, իսկ պետականութիւնը` ազգի կազմակերպուածութեան գերագոյն մակարդակը: Անկախ պայմաններու մէջ եւ ազգային պետութեան հովանիին տակ միայն ազգերը կրնան ծաղկիլ եւ համամարդկային իրենց առաքելութիւնը լիարժէք կատարել:
Եթէ այդպէս է, հապա ինչո՞ւ հակառակը պատահեցաւ Հայաստանի պարագային: Հարցումը պատասխանուած է արդէն վերը:
Մեր պատմահօր գրչակիցը` Եզնիկ Կողբացին, իրաւամբ կ՛ըսէ, որ երկաթը կարելի է գործածել բարի կամ չար նպատակներու: Երկու պարագաներուն ալ բարիին ու չարին հեղինակը երկաթը չէ, այլ` գործածողը…
25-ամեակին, Հայաստանի իշխանական վերնախաւին, ինչպէս նաեւ ընկերային-հասարակական կեանքի մէջ ծայր առած նորագոյն խմորումները ենթադրել կու տան, որ հայրենիքը հետզհետէ պիտի մտնէ աւելի յուսատու նոր փուլի մէջ:
Մինչ այդ, եւ ընդմիշտ, ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, ազգովին կառչած պիտի մնանք 25-ամեակի արութեան գործերուն, քանի որ անոնք են հիմնաքարերը ազգային մեր հոգեկերտուածքին , միաժամանակ անոնք են երաշխիքը` «ողբամ»-ներու չքացման: