ՀՐԱՅՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Շատ մը հարցականներ կը ծագին, երբ պատմական հոլովոյթին մասնակից դարձած եւ նոյնիսկ զայն ղեկավարած քաղաքական հաւաքականութիւն մը կը դատապարտուի լուսանցքային գոյատեւման:
Ի վերջոյ, որեւէ քաղաքական հաւաքականութեան մը նպատակն է հասնիլ իշխանութեան, ի միջի այլոց` գործադրութեան դնելու համար իր քաղաքական, վարչական, կազմակերպական, ռազմական եւ ընկերատնտեսական նպատակները:
Հաւաքականութիւնը կը մասնակցի ընտրապայքարներու, կը հաստատէ իր ժողովրդային եւ կամ այլ ենթահողային յենարանն ու հնոցը, կը հիմնէ ու կը տարածէ երեւութային եւ աներեւոյթ լծակները, կը կատարէ հարկ եղած ու չեղած քարոզարշաւները եւ իր ենթահողը ընդլայնելու այլ միջոցներ` յարակից կազմակերպութիւններու միջոցով: Անշուշտ այս իրողութիւնը նկատի ունի ժողովրդավարական վարչակարգեր: Իսկ իրենք զիրենք ժողովրդավարական յայտարարած, բայց իրողապէս այլամերժ վարչակարգերու տակ վերոյիշեալ աշխատանքներուն կը միանայ նաեւ որեւէ այլընտրանք չէզոքացնելու բնական երեւոյթը:
Վերոյիշեալ գործունէութիւնները բնական ընթացք մըն են քաղաքական որեւէ հաւաքականութեան, որքան որ ալ անոնք տարօրինակ թուին ընդհանուր հասարակութեան: Ընդհակառակը, այդ գործունէութեանց չգոյութիւնը տարօրինակ պիտի ըլլար: Այս եւ նման միջոցառումներով է, որ քաղաքական հաւաքականութիւնը կը հասնի իշխանութեան եւ կ՛ամրապնդէ իր գոյութիւնն ու գոյատեւութիւնը:
Տրուած ըլլալով, որ իշխանութեան տիրանալու նպատակասլացութիւնը կը կազմէ քաղաքական հաւաքականութեան գոյութեան իմաստը, տրամաբանութիւնը եւ բանականութիւնը պիտի հաստատեն, որ երբ քաղաքական հաւաքականութիւն մը չի ձգտիր իշխանութեան, անոր գոյութեան իմաստը կը դառնայ անհեթեթ: Կարծես տատայական արուեստի արտադրութիւն մը ըլլար:
Պատմութիւնը յղի է զանազան երեւոյթներով, որոնք կը ներկայացնեն այսպիսի կացութիւններ: Հետաքրքրական իրողութիւններէն են անոնք, որոնք արձանագրուեցան 1917-ի ռուսական յեղափոխութեան ընթացքին, եւ որոնք նաեւ հիմնական անդրադարձ ունեցան թէ՛ ներքին ռուսական, թէ՛ շրջանային (ներառեալ` հայկական) եւ թէ՛ միջազգային գետնի վրայ:
Գլխաւորաբար ընկերվարական զանազան գաղափարաբանութիւններու շուրջ հիմնուած ռուս յեղափոխական կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները ի սկզբանէ պառակտուած էին տոկմային զանազան դրսեւորումներու պատճառով: Սակայն փետրուար-մարտի յեղափոխութենէն ետք այդ պառակտումը աւելիով դրսեւորուեցաւ հիմնական մէկ թեմայի ուղղութեամբ: Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պետք է իրականացնել ընկերվարական յեղափոխութիւնը:
Մինչ ընկերվարական կուսակցութիւններուն մեծամասնութիւնը պահը յարմար չէր նկատեր ընկերվարական յեղափոխութեան, տրուած ըլլալով, որ նման արարքի մը գլխաւոր նախապայմանը նկատուող պուրժուա յեղափոխութիւնը տակաւին չէր ամբողջացած եւ կը նախընտրէր գործակցիլ երկրի նորաստեղծ ժողովրդավարական գործընթացը յառաջ տանողներուն հետ, Լենինի գլխաւորած պոլշեւիկ հատուածը կը պահանջէր անմիջապէս ձեռնարկել ընկերվարական յեղափոխութեան, ի հարկին` ուժի գործածութեամբ: Իսկ երբ պոլշեւիկեան խաղերէն ընդվզած` ընկերվարական մնացեալ խմբաւորումներուն ղեկավարութիւնը դուրս կու գար Փեթրոկրատի խորհուրդի ընդհանուր ժողովէն, պոլշեւիկ Թրոցքի անոնց ետեւէն կը պոռար. «Դուք խեղճ ու մեկուսացած անհատներ էք: Դուք սնանկացած էք: Ձեր դերակատարութիւնը մաշած է: Գացէ՛ք` ո՛ւր որ այսուհետեւ կը պատկանիք` պատմութեան աղբակոյտը»:
Որքան որ ալ ծայրայեղական ըլլար Թրոցքիի արտայայտութիւնը, անիկա կը բխէր քաղաքական հասկացողութեան հիմնական տրամաբանութենէն. քաղաքական խմբաւորում մը, որ չի նպատակադրեր հասնիլ իշխանութեան, չի պատկանիր քաղաքական հոլովոյթին եւ արժանի է յաւերժ կորուստի:
Իսկ երբ առաջին պարբերութեան տակ նշուած քաղաքական խմբաւորումը, շարունակ մնալով հանդերձ քաղաքական լուսանցքներուն վրայ, նոյն ատեն կը յաջողի ինքզինք դուրս պահել պատմութեան աղբակոյտէն, կը նշանակէ, որ տակաւին կը պահէ այդ հիմնական բոլոր պարտականութիւնները, որոնք վստահուած են իրեն պատմութեան կողմէ: Այս մէկը ապացոյց մըն է նաեւ, որ քաղաքական խմբաւորումը առնուազն նուազագոյն ճիգը գործադրութեան կը դնէ ապահովելու համար այն ենթահողը, որ զինք կը մօտեցնէ իշխանութեան:
Սակայն արդեօ՞ք այդ խմբաւորումը կենդանի կը մնայ շնորհիւ ա՛յն բժշկական սրսկումներուն, որոնք թէկուզ մահաքունի մէջ, սակայն արուեստականօրէն ողջ կը պահեն զինք: Արդեօ՞ք իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժը չ՛ուզեր առայժմ լուծարքի ենթարկել այդ խմբաւորումը, տրուած ըլլալով, որ ան այդ խմբաւորումին ընդմէջէն կը ստանայ իր օրինականութիւնը: Եւ կամ, ընդհանուր առմամբ, իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժը տակաւին պէտք ունի այդ խմբաւորումին նիւթական, բարոյական, գաղափարաբանական եւ այլ ներդրումներուն: Արդեօ՞ք իշխանութեան վրայ գտնուող քաղաքական ուժը յարմար առիթին ի՛նք պիտի սնանկացնէ այդ խմբաւորումը, եւ կամ խմբաւորումը պիտի ստիպուի դիմելու տոնքիշոթեան ճարահատ արկածախնդրութիւններու, որոնք ամբողջական կործանումի պիտի առաջնորդեն զինք:
Դարձեալ` ռուսական յեղափոխութենէն: Երբ պետական հարուածի միջոցով պոլշեւիկները ի վերջոյ տիրացան իշխանութեան, Լենին դէմ էր իշխանութեան բաժնեկից դարձնելու որեւէ այլ քաղաքական կուսակցութեան: Սակայն, հակառակ ընկերվար-յեղափոխականներուն, անիկա չունէր լայն ընդունելութիւն ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կազմող հողամշակներուն քով: Ապահովելու համար ժողովրդային լայն հիմնաքար մը, ինչպէս նաեւ` այդ հիմնաքարէն ապահովուելիք պարէնային հարստութիւնը, պոլշեւիկները համաձայնեցան իշխանութեան բաժնեկից դարձնել ընկերվար-յեղափոխականներուն ձախ թեւը, թեկուզ անոնց տրուեցաւ երկրորդական պարտականութիւններ, գործադիր իշխանութեան մէջ, եւ ոչ` որոշիչ մարմիններու մէջ:
Թէեւ Ընկերվար-յեղափոխական կուսակցութիւնը կը վայելէր ժողովրդային լայն զօրակցութիւն, յատկապէս` հիմնական քաղաքներէն դուրս, սակայն ան օժտուած չէր պոլշեւիկ եւ ընկերվարական այլ խմբաւորումներու ղեկավարներուն նման բանականութեան տէր անձնաւորութիւններով: Բնական է, որ Լենին իշխանութեան բաժնեկից պիտի չընէր այդ կուսակցութեան ձախ թեւը, եթէ ան որեւէ ձեւով մրցակից պիտի դառնար իրեն: Սակայն պատահեցաւ, որ գլխաւոր որոշումներէն հեռու պահուող ընկերվար-յեղափոխականները դիմեն ճարահատ արկածախնդրութիւններու, որքան որ ալ ժողովուրդին սրտին մօտ ըլլային այդ քայլերը (Գերմանիոյ դեսպանի ահաբեկում, Չեկայի կեդրոնատեղիի գրաւում, նոյնիսկ` Լենինի ահաբեկման փորձ), եւ այդ ձախող եւ ձախորդ քայլերուն պատճառով, կնքեցին իրենց մահկանացուն:
Պատմական հոլովոյթին մասնակից դարձած եւ նոյնիսկ զայն ղեկավարած քաղաքական հաւաքականութիւնը ո՛չ արտօնութիւնը, ո՛չ ալ պերճանքը ունի մնալու լուսացքներու մէջ: Նոյն այդ քաղաքական հաւաքականութիւնը, որ յաջողած է դուրս մնալ պատմութեան աղբակոյտէն, քաջ գիտէ, թէ ո՛չ իր գաղափարաբանութիւնը սնանկ է, ո՛չ ալ իր ժողովրդային համակարգը: Սակայն տակաւին չկայ իշխանութեան տիրանալու ա՛յն տենչը, որ երկարաշունչ պայքարով, սակայն յառաջդիմականօրէն պիտի ստեղծէ երեւութային եւ աներեւոյթ ա՛յն լծակները, որոնք հիմնական են, նոյնիսկ եւ յատկապէս` ժողովրդավարական կարգերու տակ, ստեղծելու հարկ եղած ղեկավարութիւնը եւ զայն առաջնորդելու դէպի իշխանութիւն: