Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Գիւմրիի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման 25-Ամեակին Առիթով Պետական Պարգեւներ` Տարբեր Մարզերու Ներկայացուցիչներու

$
0
0

gyumri_92216

Գիւմրիի Վ. Աճեմեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ 22 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստ:

Հանդիսաւոր նիստին ընթացքին Հայաստանի անկախութեան 25 տարիներու ձեռքբերումներուն, կերտած արժէքներուն մասին նախ խօսեցաւ Շիրակի  թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեան` կարեւոր նկատելով այն որոշումը, որ Հայաստանի քաղաքացին տուաւ 25 տարի առաջ: «Այսօր մենք ունինք 25-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւն: Հիմա ժամանակն է, որ բոլորս սթափ ապրինք եւ աշխատինք մեր հայրենիքի հզօրացման համար ե՛ւ նիւթական, ե՛ւ հոգեւոր իմաստով: Հայրենիքի անկախութիւնը այն արժէքն է, որուն առջեւ միւս բոլոր մնացեալ նեղ ու շահադիտական ցանկութիւնները պէտք է փոշիանան ու ոչնչանան, եւ բոլորս միասնական պէտք է աշխատինք մեր երկիրը հզօրացնելու համար», նշեց թեմակալ առաջնորդը:

Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան կերտման ու զարգացման մէջ յատուկ տեղը ունի Շիրակի մարզը, որուն մասին խօսեցաւ Շիրակի մարզապետ Յովսէփ Սիմոնեան:

Ապա ան բեմ հրաւիրեց Շիրակի նախկին մարզպետ, Հայաստանի նախագահի վերահսկողական ծառայութեան ղեկավար Ֆելիքս Ցոլակեանը, որ նախագահ Սերժ Սարգիսեանի անունով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին առիթով պետական պարգեւներ` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2-րդ աստիճանի, «Մովսէս Խորենացի», «Երախտագիտութիւն» մետալներ յանձնեց իրենց աշխատանքին մէջ աչքի ինկած զանազան մարզերու ներկայացուցիչներուն:

Պատուոյ գիրեր յանձնեց նաեւ Շիրակի մարզպետը:

Հանդիսաւոր նիստը եզրափակուեցաւ տօնական համերգով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>