Սեպտեմբեր 16-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Համաշխարհային Հայկական Քոնկրեսի, Ռուսիոյ հայերու միութեան, Հայաստանի նկարիչներու միութեան, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ նկարիչներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ բացում կատարուեցաւ արդէն աւանդութիւն դարձած գեղանկարչական աշխատանքներու եւ քանդակներու հանրապետական ցուցահանդէսը, որ նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղտալեան, սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան, Ռուսիոյ Հայերու Միութեան փոխնախագահ Վլատիմիր Աղայեան, ինչպէս նաեւ արուեստագէտներ եւ բազմաթիւ արուեստասէրներ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան: Ան ներկաները շնորհաւորելով ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակին առիթով` մասնաւորապէս նշեց. «Յարգելի՛ ներկաներ, ուրախ եմ որ հաւաքուած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած այս ցուցահանդէսի բացման արարողութեան: Կը կարծեմ, որ գեղանկարչական արուեստի այս աներկբայ զարգացումը 25 տարիներու կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկն է:
Այսօր մենք վստահաբար կրնանք ըսել, որ Հայոց անկախ Հանրապետութիւնը ունի գեղանկարիչներու զօրաւոր բանակ: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսին` ցուցահանդէսին կազմակերպման մէջ իրենց ցուցաբերած գործնական աջակցութեան համար: Նախարարութիւնը միշտ եւ շատ աշխուժ կերպով կը գործակցի համահայկական կառոյցներու, կազմակերպութիւններու հետ` հայապահպանութեան եւ համազգային ծրագիրները կեանքի կոչելու նպատակով: Անոնք կ՛ոգեւորեն հայկական սփիւռքն ու նոր լիցքեր կը հաղորդեն միասնաբար կազմակերպուած մրցումներուն, մրցանակաբաշխութիւններուն ու ցուցահանդէսներուն: Բարի՛ երթ այս գեղեցիկ ցուցահանդէսին»:
Ապա ցուցահանդէսին մասնակիցները շրջեցան միութեան առաջին եւ երկրորդ յարկերը, ուր ցուցադրուած էին միութեան անդամներուն շուրջ 200 աշխատանքները: