Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Մեծ Հօր Մը Բաղձանքն Ու Մաղթանքը Իր Նորածին Թոռնուհիին` Արին-Լորիին

$
0
0

ՊԵՏՐՈՍ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ

Բախտաւոր նորածին իմ սիրուն թոռնիկ` Արին-Լորի:

Շնորհաւոր ծնունդդ եւ սուրբ մկրտութիւնդ:

Այսօր մենք` ամբողջ ընտանիքով եւ անհամբեր ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը վայելենք քու ծնունդդ եւ սուրբ մկրտութիւնդ` համբուրելով քու գլուխն ու ճակատը:

Սիրո՛ւն թոռնիկս` դուն ծնար ՀԱՅ մօրմով եւ ՀԱՅ հօրմով` ԶՈՒՏ ՀԱՅ, բայց` ոչ քրիստոնեայ:

Սուրբ մկրտութեանդ ընթացքին Աստուած պապայէն խնդրեցիր` հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն:

Մկրտուելով` ունեցար երկու կրօն եւ կոչուեցար ՑԵՂԱԿՐՕՆ ՀԱՅ քրիստոնեայ:

Առաջին. սիրո՛ւն թոռնիկս, հայկական եկեղեցի յաճախես, միշտ աղօթես Աստուած պապային, որ քեզի պարգեւէ լուսապայծառ ապագայ:

Երկրորդ. երբ հայկական վարժարանը աւարտես եւ համալսարան երթաս, պէտք է անպայման հաւատարիմ մնաս քու ազգային պատկանելիութեանդ. գրես, կարդաս` խօսելով մաքուր հայերէն:

Երրորդ. ՀՄԸՄ-ական պապադ քեզի արենուշական շարքերուն պիտի արձանագրէ, որպէսզի հայկական շրջանակի մէջ ունենաս ՀԱՅ ընկերներ, ընկերուհիներ, քոյրեր եւ եղբայրներ:

Բաղձանք

Սիրելի՛ տղաս եւ հարսս.

Եթէ չէք ուզեր Աստուծոյ հանդէպ մեղանչել, Արինին հետ հայերէն պէտք է խօսիք տան մէջ, որովհետեւ սահուն հայերէն խօսիլը օրօրոցէն եւ տունէն կը սկսի: Տան մէջ խօսակցական լեզուն հայերէն պէտք է ըլլայ: Իր ներկայութեան դուք իրարու հետ անգլերէն երբեք պէտք չէ խօսիք:

Մաղթանք Մեծ Հօրդ Կողմէ

Սիրո՛ւն թոռնիկս Արին-Լորի,

Մեծ հօրդ միակ փափաքն ու մաղթանքն է, որ հետեւիս ՀԱՅ հօրդ եւ ՀԱՅ մօրդ օրինակին, ՑԵՂԱՃԱՆԱՉ մնաս, գտնես քու ցեղակիցը` քեզի նման ՀԱՅԸ, որպէս քու կեանքի ընկերդ:

Կը ներէք, այս իմ գրած մէկ էջը անձնական գովաբանութիւն մի՛ համարէք, այս էջը ազգային ցեղաճանաչ մնալու թելադրանքներ են իմ թոռնիկիս եւ նոր սերունդին:

Թորոնթօ 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>