Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Երկինքը Թքնեց Ձեր Բոլորին Վրայ

$
0
0

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ

Այս առաւօտուն ամպերուն մէջէն
Ձեր բոլորին վրայ երկինքը թքնեց`
Կեղտոտ սրտերուն, խարդախ խօսքերուն,
Կեղծ ժպիտերուն, ծուռ նայուածքներուն,
Աղբերուն վրայ երկինքը փսխեց,
Թափեց արցունքներ Աստուծոյ աչքէն,
Յղեց նամակներ` կորսուած խիղճէն:
Խեղճ, ծարաւ մարդիկ յագեցան շնորհքէն`
Երկինքէն իջնող բիւր կաթիլներէն:
Աստուած ստեղծեց այս աշխարհը մեր`
Բանն ու կենդանին, մարդը գերազանց:
Դուն ստեղծեցիր, ո՛վ մարդ արարած,
Ջարդ ու պատերազմ, աքսոր, տառապանք:
Կրօններն բոլոր ստեղծուեցան
Հաշտութեան համար` խաղաղ ապրելու,
Ներողամտութեան` ոչ թէ տիրելու:
Հապա կրօն, աղօթք` եղած են ինչո՞ւ
Դժոխքն երկինքէն աշխա՛րհ բերելու:

22/9/2016
ԼԻԲԱՆԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17144

Trending Articles