ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախի պաշտպան ուժերը 1992-ի յուլիսի վերջաւորութեան կը շարունակէին հետեւողական նահանջի մատնել ազերիական ուժերը եւ ազատագրել Արցախի հիւսիսային շրջանները:
Միւս կողմէ, ազերիական օդանաւեր կը ռմբակոծէին Հատրութը, Մարտունին եւ շրջակայ գիւղեր: Իսկ օգոստոս 5-էն 6 լուսցող գիշերուան ընթացքին ազերիական «Սու.25» տիպի օդանաւ մը յարձակում գործեց Ստեփանակերտի վրայ, խլելով 31 զոհ եւ 75 վիրաւոր: Ռմբակոծման հետեւանքով քանդուեցաւ 16 շէնք, ինչպէս նաեւ վնասուեցան ջուրի, ելեկտրականութեան եւ հեռաձայնի ցանցերը:
Մարտակերտի շրջանին մէջ հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը վար առին «Մի. 24» տիպի ուղղաթիռ մը:
Ազերիական մեծ ուժ մը յարձակում գործեց Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանին մօտ, ազերիական հողերով շրջապատուած հայկական Արծուաշէն աւանին վրայ: Հայ ազատամարտիկները հակայարձակումի անցնելով ազատագրեցին Արծուաշէնը եւ վերաբացին աւանը Հայաստանի կապող ճամբան. բայց յետոյ ազերիներ լայնածաւալ յարձակողական մը շղթայազերծելով գրաւեցին Արծուաշէնը: Ազերիները նաեւ հրասայլերով եւ «Մի.24» տիպի ուղղաթիռներով յարձակում գործեցին Մարտակերտի շրջանի հայկական դիրքերուն վրայ, սակայն հայ ազատամարտիկները յաջողեցան ետ մղել յարձակումները:
Արցախի հիւսիսային շրջաններուն մէջ բախումները սաստկացած էին 1992-ի օգոստոսի 10-էն սկսեալ:
Ազրպէյճանական բանակը մեծ յարձակողական մը շղթայազերծեց Մարտակերտի շրջանին մէջ. ազերիական զօրաբաժիններ սկսան շարժիլ դէպի Հաթերք եւ Չափար: Չափարի շուրջ սաստիկ բախումներ արձանագրուեցան եւ հայկական ուժերը քաշուեցան Չափարէն եւ Գետաւանէն:
Ազերիական յարձակումը ծանր հետեւանքներ ունեցաւ եւ Հաթերք ու անոր շրջակայ գիւղերը դարձեալ բռնագրաւուեցան ազերիական բանակներուն կողմէ:
Արցախի խորհրդարանը, նկատի ունենալով Մարտակերտի շրջանին ծանրակշիռ վիճակն ու այլ շրջաններու ուղղուած ազերիական սպառնալիքները, վեց ամսուան համար ստիպողական վիճակ յայտարարեց Արցախի տարածքին: 18-էն 45 տարեկան երիտասարդները զէնքի տակ կանչուեցան: Արցախ նաեւ Հայաստանէն խնդրեց, որ օժանդակութիւն տրամադրէ իրեն, յատկապէս Արցախ ղրկելով երիտասարդ արցախցիները, որոնք գաղթականներու ալիքներուն հետ Հայաստան անցած էին:
Յաջորդող օրերուն ազերիական ուժերը, հրետանին եւ օդանաւերը բազմաթիւ յարձակումներ գործեցին Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային շրջաններու վրայ: Մարտունիի եւ անոր մօտակայ Ճարտար գիւղին վրայ յարձակում մը ետ մղուեցաւ հայ ազատամարտիկներուն կողմէ: Ազերիական ուժերը կը ռմբակոծէին նաեւ Լաչինի անցքը եւ կը փորձէին խզել Հայաստան-Արցախ ճամբան:
Օգոստոս 22-ին եւ 23-ին ազերիական օդուժը ոճրային յարձակումներ գործեց Ստեփանակերտի եւ Շուշիի վրայ, խլելով տասնեակներով զոհեր եւ մօտաւորապէս 200 վիրաւորներ: Ռումբ մը ինկաւ Ստեփանակերտի մէկ ապաստանարանին վրայ, փլատակներուն տակ թաղելով բազմաթիւ կիներ եւ մանուկներ: Օդանաւերէն արձակուած իւրաքանչիւր ռումբ կէս թոն կը կշռէր:
Ազերիական ուժերը նաեւ գրաւեցին Ջանեաթաղ եւ Գիւլաթաղ գիւղերը եւ Յարութիւնագոմերի մօտակայ բարձունքը: Դրմբոնի մէջ սուինամարտներ կը մղուէին:
Օգոստոս 26-ին հայ ազատամարտիկները ազատագրեցին Դրմբոնն ու Մեհմանան:
Ստեփանակերտի վրայ գրեթէ առօրեայ հերթականութեամբ կատարուող ռմբակոծումներուն նորանոր զոհեր եւ վիրաւորներ կ՛իյնային: Ստեղծուած պայմաններուն մէջ եւ բնակչութեան կեանքը ապահովելու մտահոգութեամբ, Ստեփանակերտի բնակիչ կիներն ու մանուկները սկսան հեռացուիլ Արցախի մայրաքաղաքէն:
Սեպտեմբերի սկիզբը ազերիական ուժերը նոր յարձակողական մը շղթայազերծեցին Մարտակերտի ճակատին վրայ եւ գրաւեցին Կճղոտ եւ Պօղոսագոմեր գիւղերը:
***
«Ազդակ», 19 սեպտեմբեր 1992-ի թիւով եւ «Մեր հերոսամարտերուն անժամանցելի պատգամը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ Արցախի զաւակները զէնք չբարձրացուցին ինքնանպատակ անկայունութեան միտումով, այլ ազերի թուրքը անոնց պարտադրեց զէնք բարձրացնել եւ նետուիլ ինքնապաշտպանութեան անհաւասար կռիւին մէջ:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ Հայոց ցեղասպանութեան եւ իր սեփական հողերէն հայուն բռնագաղթին շարժառիթները պարզապէս քողարկուած էին 1920-ական տարիներէն ի վեր: Անոնք չէին ջնջուած, այլ այդ ծրագիրները, Արցախի պարագային, դրուած էին դանդաղ իրագործումի ճամբու մէջ, ա՛յն ճամբուն, որ այսօր հայաթափ վիճակի մատնած է հայկական Նախիջեւանը:
«Ազդակ» կը նշէր ըսելով որ Արցախի հայը ամբողջ 65 տարի յաջողած էր կուրծք տալ իր հայրենիքին թրքացումի հոսանքին, եւ պատմական դէպքերու ընծայած առաջին իսկ առիթին` ոտքի կանգնեցաւ պաշտպանելու իր հողն ու իրաւունքը, սեփական միջոցներով լուծելու իր դատը, հաւատարիմ` մեր հերոսամարտերուն ինկած մեր հերոս նահատակներու պատգամին:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ թուրքը այսօր նոյն նպատակները կը հետապնդէ Արցախի մեր ժողովուրդին դէմ, պատմութեան ու աշխարհին ներկայանալով Ազրպէյճանի պատմուճանով: Անոր ոճրային հարուածներուն հետեւանքով գրաւուեցան Գետաշէնն ու Շահումեանը, Մարտակերտն ու Հաթերքը, որոնք նոյնքան հայկական հող են ու հայուն իրաւունքը, որքան են Վանը, Արարատն ու հայկական բռնագրաւեալ այլ հողեր: Իսկ Արցախի, Նախիջեւանի ու մեր գրաւեալ այլ հողերուն իրաւատէրն ու պահանջատէրը լոկ արցախցին ու արեւմտահայաստանցին չեն, այլ բոլոր անոնք, որոնք աւանդապահներն են մեր նահատակներուն պատգամին ու տէրերը անոնց կտակին:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր, ըսելով որ մեր պատմական հերոսամարտերուն մէկ վերընձիւղումն է այսօր Արցախի հերոսամարտը, որ է՛ նաեւ ողջ հայութեան պայքարի ու արդարատենչութեան սրբազան դրօշը` ընդդէմ մեր անվիճելի թշնամիին` թուրք պետութեան, թշնամի մը, որուն հետ որեւէ հաշուեյարդար կ՛անցնի հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն ճանաչումէն ու վերահաստատումէն, սկսելով արիւնող Արցախի վէրքին դարմանումէն:
***
Ազերիական ուժերը 1992-ի սեպտեմբերի կէսէն ետք մեծ յարձակում մը շղթայազերծեցին Ասկերանի ուղղութեամբ, սակայն հայ ազատամարտիկներու ուժեղ դիմադրութեան բախելով` նահանջեցին:
Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի նախագահ Ապուլֆազ Էլչիպէյ կոչ ուղղեց Արցախի հայկական ուժերուն, որ անձնատուր ըլլան եւ մտնեն Ազրպէյճանի բանակի հրամանատարութեան տակ: Ան նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ազատ անցքի արտօնութիւն տալու Հայաստան մեկնիլ ուզող ուժերուն:
Յաջորդող օրերուն ազերիական ուժերն ու հրետանին փորձեցին խորտակել հայ ազատամարտիկներու պաշտպանական գիծերը, սակայն բոլոր փորձերը ձախողութեան մատնուեցան սուղ գինով:
Շահումեանի շրջանին մէջ հայ ազատամարտիկները կը շարունակէին ֆետայական կռիւները եւ պատուհասել բռնագրաւող ազերիները:
***
«Ազդակ», 23 սեպտեմբեր 1992-ի թիւով եւ «Անկախութեան երթը` անցեալի տականքի թօթափումով» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ 23 սեպտեմբերի հռչակագիրով` Հայաստան բացաւ իր արդի պատմութեան մէջ քաղաքականապէս լուսաւոր նոր էջ մը:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ 21 սեպտեմբերի իր վճիռով, Հայաստանի ժողովուրդն ու անոր ձայնակցող տարասփիւռ հայութիւնը տուաւ գիտակից որոշում մը. ան նախընտրեց դառնալ անկախ պետութիւն, որովհետեւ գիտէ թէ իր անկախ եւ ինքնիշխան հայրենիքին մէջ է, որ ժողովուրդ մը կրնայ ըլլալ ինքն իր ճակատագիրին տէրը, որոշել իր զարգացման ընթացքը եւ ստեղծել ժողովրդավար վարչակարգ, որովհետեւ ժողովրդավարութիւն կարելի չէ երազել օտարի իշխանութեան ներքեւ, որքան ալ որ մարդկային եւ թոյլատու ըլլայ օտարի մը տիրապետութիւնը:
«Ազդակ» կը նշէր, որ դարասկիզբի երկրորդ տասնամեակի վերջերուն, անկախութեան կարճատեւ ժամանակաշրջան մը վայելած հայ ժողովուրդը խորապէս կը գիտակցէր, որ սեփական անկախ պետականութեան մը ենթադրեալ չարիքները նախընտրելի են քան օտարի իշխանութեան ենթակայ վիճակի մէջ, իբրեւ շնորհ տրուած բարիքները:
«Ազդակ» կը հաստատէր, որ եթէ 1918-ի անկախ Հայաստանը ունէր «հիւանդ ծնած երեխայ»-ի վիճակ, 1991-ին վերածնած մեր անկախ հանրապետութիւնը ֆիզիքապէս չէր գտնուեր 20-րդ դարու սկիզբի վիճակին մէջ, սակայն նաեւ` անիկա չունէր նախանձելի վիճակ: Հայ ժողովուրդը, Հայաստանի թէ արտերկրի մէջ, անվարան ողջունեց անկախութեան հռչակումը եւ անկախ Հանրապետութեան վերածնունդը: Սակայն ինչ որ տեղի ունեցաւ 23 սեպտեմբեր 1991-ին, պարզապէս առաջին եւ անկիւնադարձային քայլն էր դէպի իսկական անկախացում տանող ճամբուն վրայ, եւ ոչ թէ ամբողջական անկախացումի վախճանական քայլը: 1991-ի դեկտեմբերի վերջերուն, Խորհրդային Միութեան վերջնական փլուզումը քիչ մը եւս փարատեց անկախութեան արեւուն շողերը կաշկանդող ամպերուն մէկ մասը եւ անկախ Հայաստան դարձաւ մէկ անդամը Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան: Այդ երկրորդ անկիւնադարձին յաջորդեցին Հայաստանի ճանաչման այլ երկիրներու որոշումները, անոնց հետ դիւանագիտական կապերու հաստատումը, մեր հայրենիքին անդամակցութիւնը` ՄԱԿ-ին եւ միջազգային այլ խմբակցութիւններու, մէկ խօսքով` բոլոր այն իրադարձութիւնները, որոնք կը նուիրագործեն անկախութիւնն ու դէպի անկախութեան երթը:
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ անխառն գոհունակութեամբ չենք դիտեր այս ժամանակամիջոցն ու անոր ընթացքին արձանագրուած իրագործումները: Մեր առաջին Հանրապետութիւնը արեւմուտքէն եւ արեւելքէն պատուհասած թուրքը դարձեալ մեր հայրենիքին դիմաց կը ցցուի իր հին ու ծանօթ դերակատարութեամբ եւ աշխարհակալական ձգտումներով, Հայաստանի պարտադրելու համար Պաթումի կամ Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրներուն տարբերակները, անոնց հին տրամադրութիւնները: Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը դարձեալ կը փորձեն աքցանի մէջ առնել մեր հայրենիքը եւ Արցախի արիւնալի վէրքին մէջ մխրճուած դաշոյնը ոլորելով անձնատուական պայմաններ պարտադրել Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին, սպառնալով ոչ միայն մեր անկախութեան, այլ նաեւ` պատմական մեր հայրենիքէն այսօր հայուն վիճակուած հողամասերուն անգամ:
«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով, որ 23 սեպտեմբեր 1991-ին, անկախութեան ճամբուն վրայ առնուեցաւ առաջին ու հիմնական քայլ մը, որ նշեց մեկնակէտը քաղաքական, հոգեբանական, տնտեսական ու տակաւին` բազմաթիւ այլ կալուածներու մէջ անկախ դառնալու մեր երթին:
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով որ անցեալի ազդեցութիւնները պիտի թօթափենք ի վերջոյ: Թօթափումի գործընթացը պիտի խլէ անխուսափելի ժամանակամիջոց մը: Մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին շահերը կը պահանջեն որ անցեալէն մնացած տականքը չէզոքացուի ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին, որմէ ետք մեր հայրենիքը պիտի ողջունէ իսկական ժողովրդավարութեան արշալոյսը եւ բոլոր հոսանքներուն նուիրաբերումը պիտի հոսի մեր հայրենիքին ամրապնդման, հզօրացման, բարգաւաճման ու զարգացման միացեալ հունին մէջ:
***
Ազերիական ուժերն ու հրետանին սեպտեմբեր 21-էն սկսեալ փորձեցին մէկէ աւելի ճակատներու վրայ խորտակել հայ ազատամարտիկներու պաշտպանողական գիծերը, սակայն բոլոր փորձերն ալ ձախողութեան մատնուեցան:
Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն գիւղին վրայ ազերիները մեծ յարձակում մը գործեցին, օգտագործելով քսան հրասայլ: Օդուժը իր կարգին ռմբակոծեց գիւղին շրջակայ դիրքերը: Ազերիական փորձը ջախջախուեցաւ: Այնուհետեւ գիշերով երկրորդ փորձ մը կատարուեցաւ Ղուրուջուղ գիւղին ուղղութեամբ, որ մատնուեցաւ առաջին փորձի ճակատագիրին:
Մարտունիի վրայ կատարուեցաւ այլ մեծ յարձակում մը, որ ետ մղուեցաւ. ազերիներ իրենց ետին ձգեցին 200 սպաննուած:
Աւելի հիւսիս ազերիներու կողմէ բռնագրաւուած Շահումեանի շրջանի անտառներուն մէջ ապաստանած հայ ֆետայիները յարձակում գործեցին Նապատ գիւղի ռազմագիտական մեծ կարեւորութիւն ունեցող դիքերուն վրայ: Գիւլիստանի մօտակայ այդ դիրքերուն վրայ ազերիները կորսնցուցին զինուորական մեքենաներ, զրահապատներ եւ տուին բազմատասնեալ սպանեալ: Հայ ֆետայիները ձեռք ձգեցին կարեւոր քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք:
Միւս կողմէ, Կուպաթլիի շրջանէն ազերիական հրետանին կը ռմբակոծէր Գորիսի շրջանի սահմանամերձ գիւղերը: Գլխաւոր թիրախներէն մէկն էր Տեղ գիւղը, ուր ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ. աւերումը ծանր էր: Կատարուեցան թափանցումի փորձեր, որոնք սակայն ետ մղուեցան հայ ազատամարտիկներուն կողմէ: