Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Հայ Գիտնականները Միտքեր Փոխանակած Են Հայաստանի Նախագահին Հետ

kidnagan_92116

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 սեպտեմբերին ընդունած է 21-23 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Համահայկական գիտական համաժողովի մասնակիցները` ճանչցուած հայ գիտնականներ Միացեալ Նահանգներէն, Ռուսիայէն, Ճափոնէն, Դանիայէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն եւ շարք մը այլ երկիրներէ:

Համաժողովը կազմակերպուած էր Հայաստանի նախագահին աջակցութեամբ գործող «Երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան» ծրագիրի ծիրին մէջ եւ նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին:

Նախագահը ողջունած է գիտնականները հայրենիքի մէջ եւ շնորհաւորած Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը: Ան կարեւոր նկատած է Համահայկական գիտական համաժողովի գումարումը քաղաքամայր Երեւանի մէջ` գիտութեան գրեթէ բոլոր բնագաւառները ներկայացնող հայ նշանաւոր գիտնականներու մասնակցութեամբ: Այսպիսի նախաձեռնութիւններ, ըստ նախագահին, լաւ կարելիութիւն են ո՛չ միայն համախմբելու աշխարհի հայ գիտնականները, այլ նաեւ անոնց փորձառութիւնն ու կապերը օգտագործելու հայ երիտասարդ գիտնականները միջազգային հարթակներու վրայ պատշաճ կերպով ներկայացնելու եւ գիտութեան զարգացման ժամանակակից ուղղութիւններուն հաղորդակից դարձնելու համար:

Հանդիպման մասնակցող գիտնականները նախագահին ներկայացուցած են համաժողովին առնչուող իրենց տպաւորութիւններն ու անկէ ունեցած ակնկալութիւնները:

Սերժ Սարգսեան պատասխանած է գիտնականները հետաքրքրող հարցումներուն, ներկայացուցած է կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառին մէջ իրականացուող պետական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները, յատկապէս երիտասարդ գիտնականներու խրախուսման, անոնց գործունէութեան օժանդակելու վերաբերող ծրագիրները:

Հայ գիտնականները նախագահին հետ միտքեր փոխանակած են Հայաստանի մէջ գիտութեան եւ կրթութեան զարգացման խթանման հետագայ համագործակցութեան մասին:

Համաշխարհային Դրամատան Հետ Համագործակցութիւնը Մնայուն Կերպով Դրական Արդիւնք Տուած Է

world-bank_92316

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնակատար Լեւոն Մկրտչեան 23 սեպտեմբերին ընդունած է Համաշխարհային դրամատան պատուիրակութիւնը` կրթութեան ծրագիրներու պատասխանատու, «Հայաստանի կրթութեան բարելաւում» ծրագիրը իրականացնող խումբի համաղեկավար Նինօ Քութալաձէի գլխաւորութեամբ: Համաշխարհային դրամատան կրթութեան խումբը Երեւան կը գտնուի վերոնշեալ ծրագիրի իրականացման աջակցելու առաքելութեամբ:

Ողջունելով հիւրերը` Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ կրթութեան ոլորտին մէջ Համաշխարհային դրամատան հետ ունեցած համագործակցութիւնը յստակ չափերի արդիւնքներ արձանագրած է:

«Համաշխարհային դրամատունը կ՛իրականացնէ քայլեր, որոնց արդիւնքները պարզորոշ են. կրթութեան ոլորտին ծաւալած համագործակցութեան ծիրին մէջ դրամատունը մնայուն կերպով ճիշդ շեշտադրումներ կը կատարէ: Այս իմաստով յստակ կրնամ թուել, որ սկսած 1998 թուականէն` դրամատան հետ մեր աշխատանքը ի՛նչ արդիւնքներ  կ՛արձանագրէ», նշած է Լեւոն Մկրտչեան:

Անոր համաձայն, այդ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք, Հայաստանի մէջ իրականացուած են հանրակրթութեան կառուցուածքային փոփոխութիւնները, մշակուած են աւագ դպրոցէն դէպի բարձրագոյն կրթութեան անցման մեքանիզմները, ներդրուած են համալսարանական ընդունելութեան նոր` միասնական քննութիւններու եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ հաւատարմագրման համակարգերը: Վերջինիս ձեւաւորումը արդէն ընդգրկուած է Պոլոնեան գործընթացի շրջանակին մէջ, եւ Հայաստանի մէջ Համաշխարհային դրամատան գործունէութիւնը արդէն թիրախաւորուած է դէպի աւագ դպրոցներու հիմնական նորոգութեան ապահովում:

Երախտագիտութիւն յայտնելով դպրոցներու հիմնովին նորոգութեան ուղղութեամբ Համաշխարհային դրամատան կողմէ ցուցաբերուող աջակցութեան համար` Լեւոն Մկրտչեան միաժամանակ ընդգծած է, որ իբրեւ կրթութեան պատասխանատուի` իրեն համար առաւել կարեւոր են կրթութեան որակի ապահովման վերաբերող բարեփոխումները` շեշտելով, որ ներկայիս նախարարութեան մէջ ընթացքի մէջ են լուրջ աշխատանքներ` բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու համակարգի բովանդակութեան վերափոխման ուղղութեամբ, կը վերամշակուի «Բարձրագոյն կրթութեան մասին» Հայաստանի օրէնքի նախագիծը: Այս պարունակին մէջ Մկրտչեան յոյս յայտնած է, որ Համաշխարհային դրամատան աջակցութեան յաջորդ մասնաբաժինը կը յատկացուի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու համակարգի բարեփոխումներուն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Լեւոն Մկրտչեանին` կրթութեան ոլորտի մարտահրաւէրներն ու բարեփոխումները համապարփակ կերպով ներկայացնելուն համար, Նինօ Քութալաձէ կարեւոր նկատած է կրթութեան բովանդակային բաղադրիչներու սահուն իրականացումը: Վերահաստատելով Համաշխարհային դրամատան եւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն արդիւնաւէտ համագործակցութեան փաստը` ան ընդգծած է, որ նախագիծերու մշակման առումով մեծ կարեւորութիւն կը տրուի տուեալ համակարգի պատասխանատուներուն կողմէ ներկայացուող ոլորտի կարիքներու ճշդման:

«Սուրիահայերը Կարեւոր Ներդրում Ունին Հայաստանի Տնտեսութեան Զարգացման Մէջ». Հ. Յակոբեան

souriahay_92816

Վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան եւ «Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն»-ին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած սուրիահայերու արտադրած իրերու ցուցահանդէս:

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ ներկայ էր ցուցահանդէսին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ սուրիահայերը շատ մեծ ներդրում ունին Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման մէջ: «Վկան այսօրուան ցուցահանդէսն է: Դուք կը տեսնէք տարբեր ոլորտներու մէջ սուրիահայերու ե՛ւ ձեռքի աշխատանքները, ե՛ւ ընդհանրապէս անոնց ստեղծագործական մտքի արդիւնքը, եւ այնպիսի զարդեր, գորգեր, նպարեղէն, որոնք Հայաստանի մէջ չկային: Անոնք ամբողջացուցին նաեւ տնտեսական այդ հատուածը: Կ՛ուզեմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնել սուրիահայերուն իրենց գործունէութեան, աշխուժութեան, համեստութեան, կազմակերպուածութեան համար: Նաեւ ուրախ եմ, որ անոնք ցուցահանդէսի միջոցով իրենց վարպետութիւնը կը փոխանցեն մեզի», յայտնած է Հ. Յակոբեան: Ան աւելցուցած է, թէ իրենք կը փորձեն այսպիսի ցուցահանդէսներ պարբերական դարձնել, որպէսզի անոնց մասնակիցները կարենան գումար վաստակել, եկամուտ ունենալ եւ իրենց կենցաղային ծախսերը հոգալ:

Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէս` Հայոց  Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Մէջ

yeghern_92016

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան- հիմնարկին մէջ 20 սեպտեմբերին բացումը կատարուեցաւ «Եղեռնից դէպի անկախութեան վերականգնում» խորագրով ցուցահանդէսին,  որ նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին:

Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան այս առիթով կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշած է, որ ցուցադրութեան դրուած են հազուագիւտ պատմական դրօշներ եւ զինանշանային յօրինուածքներ, որոնք պատրաստուած են 18-20-րդ դարերուն` հայ ազատագրական պայքարի տարիներուն: Կան բացառիկ նմուշներ, որոնք Մեծ Եղեռնէն ետք հայ որբերուն պատրաստած դրօշներն ու զինանշաններն են:

«Իսկապէս բացառիկ է, այցելուները տեսան պատկերագրութեան եզակի նմուշներ: Ցուցանմուշներու մեծ մասը բնօրինակ է: Ունինք ցուցանմուշներ աշխարհի տարբեր վայրերէն` Լոս Անճելըսէն, Պոսթընէն, Վիեննայէն, Դանիայէն, ինչպէս նաեւ հայաստանեան թանգարաններէն եւ տարբեր հաստատութիւններէն: Առաջին անգամ ըլլալով այցելուները տեսան եզակի դրօշակներ, պաստառներ, որոնց գոյութեան մասին շատերս պատկերացում իսկ չունէինք», ըսած է Հայկ Դեմոյեան:

Ցուցանմուշներուն մեծ մասը առաջին անգամն ըլլալով կը ցուցադրուին: Հայկական զինանշաններու եւ դրօշներու հազուագիւտ նմուշներու կարգին են գորգեր, փորագրանկարներ, պաստառներ, արծաթէ իրեր, նամականիշեր, բացիկներ, գիրքեր եւ ալպոմներ, ինչպէս նաեւ «Մայր Հայաստան»-ի կերպարով տարբեր յօրինուածքներ: «Մենք կ՛ուզենք ցոյց տալ, թէ Եղեռնէն առաջ հայերուն մօտ ինչ ակնկալիքներ, իղձեր, երազներ եղած են, մարդիկ պետականութիւն ունենալու ինչ սպասում ունեցած են, թէ ինչպէս հայերը տարբեր կրիչներու վրայ արձանագրած են հայկական դրօշակ` Եռագոյնի տարբեր երանգներով, հայկական զինանշան` տարբեր յօրինուածքներով: Այս մէկը հետաքրքրական պատկերագրութիւն է, որով մենք կը զգանք ժամանակի շունչը», աւելցուցած է Հ.Դեմոյեան:

yeghern1_92016Դեմոյեան աւելցուց. «Այս ցուցադրութիւնը պէտք է օգնէ բոլորիս, որպէսզի տեսնենք, թէ նախորդ սերունդները ի՛նչ արժէքներու կը ձգտէին, ի՛նչ զոհողութիւններու պատրաստ էին: Այո՛, մեծ զոհողութիւնը եղաւ Մեծ եղեռնը: Զոհուողներու մեծ մասը ունէին այդ իղձը` ապրելու ազատ, անկախ Հայաստանի մէջ: Այս ցուցադրութեան վերնագիրը պատահական կերպով չէ ընտրուած, որովհետեւ 1915 թուականէն առաջ, այդ ընթացքին որբերը, այրիները, վերապրածները շարունակաբար կը նկարէին, կը գործէին, կը դրուագէին հայկական դրօշներու, զինանշաններու տարաբնոյթ պատկերներ»:

Ցուցադրութեան դրուած էին նաեւ ՀՅԴ պատմութեան թանգարան-հիմնադրամի, Լոս Անճելըսի «Արարատ Էսքիճեան» եւ Ամերիկայի հայկական թանգարաններու, Հայաստանի ազգային արխիւի, Հայաստանի պատմութեան թանգարաններու, Ազգային գրադարանի եւ շարք մը այլ թանգարաններու, Պոսթընի հայկական թանգարանի, Քարէն Եփփէ յուշ-թանգարանի, Դանիոյ, Պոսթընի հայկական ազգային հետազօտութիւններու ընկերակցութեան, Ռումանիոյ հայոց թեմի թանգարանի նմուշները:

Ցուցադրուած նմուշները ամփոփուած են Հայկ Դեմոյեանի հեղինակած եւ «Փիւնիկ» համահակական հիմնադրամի աջակցութեամբ տպագրուած «հայկական ազգային խորհրդանշաններ» գիրքին մէջ:

Նշենք, որ այս ցուցահանդէսի հիմնական հովանաւորն է «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ նոյեմբեր 1, բացառուած չէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ անիկա շրջուն կրնայ ըլլայ: Հայկ Դեմոյեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին առիթով նախատեսուած է այլ ցուցադրութիւն մը եւս: Բացումը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերին: Հայկ Դեմոյեան պիտի ներկայացնէ իր հաւաքածոն, որ ցոյց կու տայ հայուն կերպարը 16-19-րդ դարու եւրոպական փորագրանկարներուն մէջ:

Արցախի Նախագահը Մասնակցած Է Անկախութեան 25-Ամեակին Նուիրուած Ցուցահանդէսին Եւ «Արցախէթնոֆեստ»-Ին

 

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան վերջերս այցելած է Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչ Կարէն Գրիգորեանի` Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած անհատական ցուցահանդէս:

Նախագահը կարեւոր նկատած է այսպիսի նախաձեռնութիւններու կայացումը` ընդգծելով շրջադարձային պատմական իրադարձութիւններուն մասին մնայուն արժէքներու ստեղծումը:

160916artsakhetnofestparaton-info

Նոյն օրը նախագահը մասնակցած է նաեւ Շուշիի «Իսահակի աղբիւր» հանգիստի գօտիին մէջ կայացած «Արցախէթնոֆեստ» փառատօնին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են տարբեր երկիրներէ նշանաւոր խոհարարներ: Նախագահը շրջագայած է տաղաւարները, ողջունած է նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ անիկա կարեւոր է տարբեր երկիրներու միջեւ կապերու սերտացման, հայկական աւանդութիւնները արտաքին աշխարհին ծանօթացնելու առումով:

Փառատօնին ներկայ գտնուած են նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Անթոնիա Արսլան Հայ Ընթերցողին Ներկայացուց Իր Նոր «Մշոյ Գիրքը» Հատորը

antonia_91716

Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ հրատարակուած «Մշոյ գիրքը» վէպին հայերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 17 սեպտեմբերին: Գիրքին հեղինակը արձակագիր, հնագէտ Անթոնիա Արսլանն է, որ յատուկ Իտալիայէն Հայաստան եկած էր գիրքը ներկայացնելու նպատակով:

msho_91716

«Արմէնփրես»-ի համաձայն «Մշոյ գիրքը» «Մշոյ ճառընտիրը» ձեռագիր մատեանի փրկութեան, տարագիր գերդաստաններու պատմութեան մասին է եւ կ՛անդրադառնայ մշակութային ցեղասպանութեան: Վէպը իտալերէնէ հայերէնի թարգմանած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Սոնա Յարութիւնեան:«Մշոյ գիրքը» լոյս տեսած է «Զանգակ» հրատարակչութեան կողմէ եւ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին:

Անթոնիա Արսլան Փատովայի համալսարանի դասախօս է, բազմաթիւ նորարական ուսումնասիրութիւններու հեղինակ: վերջին տարիներուն վերագտնելով իր հայկական ինքնութիւնը` Արսլան 2004 թուականին գրեց իր առաջին վէպը` «Արտոյտներու ագարակը», որուն շնորհիւ համաշխարհային ճանաչում ունեցաւ, թարգմանուեցաւ 20 լեզուներով, եւ անոր հիման վրայ Թավիանի եղբայրները նկարեցին համանուն շարժապատկերը: 2012 թուականին Արսլանին շնորհուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» մետալը` մշակոյթի մարզին մէջ ունեցած ստեղծագործական ակնառու նուաճումներուն համար:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>