Սուրիական տագնապի 6-րդ տարին ըլլալով, սուրիահայ վարժարանները կը մնան կանգուն` շարունակելով կրթադաստիարակչական իրենց առաքելութիւնը:
Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի կրթական կարգ մը կառոյցները թէեւ վնասներ կրեցին ու յայտնուեցան բախումնային գօտիի մէջ, այնուամենայնիւ անոնք շարունակեցին իրենց վստահուած աշխատանքը: Ապահովական անկայուն իրավիճակին եւ աշակերտութեան թիւի նօսրացման ներկայ տուեալներու լոյսին տակ Հալէպի ազգային նախակրթարանները միացան ու կազմակերպչական աշխատանքներու համադրման ի խնդիր շարունակեցին գործել մէկ կառոյցի մէջ:
Պատերազմի անցնող 5 տարիներուն, Հալէպի ազգային վարժարաններու պատասխանատուները չունենալով իրենց սովորական կառոյցներուն մէջ գործելու հնարաւորութիւն, ստիպուած եղան կրճատել դասապահերու տեւողութիւնը եւս: Այս տարի, սակայն, վերամուտի նախօրէին, Հալէպի ազգային վարժարաններէն ներս ուսումնական ընթացքը վերակազմակերպուեցաւ, ու դասապահերը նախապատերազմեան շրջանի սովորական տեւողութեամբ կարգաւորուեցան:
Ազգային մարմիններն ու կրթական պատասխանատուները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն բնականոն հունի մէջ պահելու ուսումնակրթական կեանքն ու ստեղծուած կացութիւններու լոյսին տակ յարմարագոյն լուծումներ որդեգրելու` միշտ լուսարձակի տակ պահելով որակի պահպանման ու հայեցի կրթութեան առաջնահերթութիւնները:
Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. իշխանութեան 2016-2017 ուսումնական տարին Հալէպի ազգ. վարժարաններուն համար անվճար յայտարարելու որոշումը երախտարժան քայլ մըն էր` նիւթապէս օժանդակելու տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ յայտնուած հալէպահայ ընտանիքներուն, հայ աշակերտը որեւէ պատճառով հայկական վարժարան յաճախելէ չզրկելու առաջնային նպատակով:
Ճիշդ է՛, որ նախորդ տարիներուն եւս կրթաթոշակի գանձումը պարտադիր բնոյթ չունէր եւ իւրաքանչիւր ընտանիք ազատ ձգուած էր իր պայմաններուն յարմարութեամբ հնարաւոր վճարումը կատարելու կամ դժուարութիւններ ունենալու պարագային չվճարելու իր ընտրութեամբ, այնուամենայնիւ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. իշխանութեան այս որոշումը Հալէպի մէջ գոյատեւող հայ ընտանիքներուն նեցուկ կանգնելու խրախուսիչ քայլ մըն էր:
Սուրիոյ տարբեր նահանգներուն մէջ եւս վերամուտը կը դիմաւորուի վերակազմակերպուած աշխատանքով` իւրաքանչիւր շրջանի ապահովական եւ տնտեսական պայմաններուն համապատասխան լուծումներու որդեգրումով:
Հալէպի կողքին վերամուտի կը նախապատրաստուին Լաթաքիոյ, Դամասկոսի, Քեսապի, Գամիշլիի, Հասիչէի, Տէրիքի հայկական բոլոր վարժարանները (ազգային, համայնքային թէ միութենական):
Դժուարութիւններ բնականաբար առկայ են, պատերազմական պայմաններուն բերումով կը շարունակուի աշակերտութեան թիւի ու դասաւանդող մարդուժի նօսրացումը: Այնուամենայնիւ սուրիահայ համայնքը կը շարունակէ ազգային, եկեղեցական, կրթական, մշակութային իր կեանքը` յարափոփոխ պայմաններուն լոյսին տակ վերակազմակերպելով ու յարմարելով ստեղծուող կացութիւններուն` մշտապէս աչքի առաջ ունենալով Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքները:
Հայկական վարժարանները կը շարունակեն մնալ սուրիահայութեան գոյատեւման խարիսխը: Ուստի վերակազմակերպուելով, գոյութիւն ունեցող մարդուժի օգտագործման լաւագոյն դասաւորումով ու տնտեսական ծանր պայմանները դիմագրաւելու ծրագիրներով կը հաւատանք, որ համայնքի կրթական կեանքը, պատերազմի հինգ տարիներու կենսափորձը նկատի առած, պիտի շարունակուի մշտանորոգ թափով ու սուրիահայ աշակերտները, ինչպէս նախորդ տարիներուն, պիտի շարունակեն ոչ միայն ներհայկական այլեւ Սուրիոյ մակարդակով ուսումնական նուաճումներ ձեռք բերել` դժուարութիւններուն դիմաց չընկրկելու, տիպար հայ մարդ, պարկեշտ ու բանիմաց քաղաքացի, ազգասէր, հայրենասէր ու յաջող անհատներ դառնալու տեսլականով:
Դժուարութիւններուն տակ կքիլը թուլամորթութիւն է: Սուրիահայ վարժարանները, ինչպէս անցնող հինգ տարիներուն, այս տարի եւս միասնական շարքերով, աւելի լաւ ապագայի տեսլականով ու մանաւանդ անկոտրում կամքով կը դիմաւորեն ուսումնական նոր տարին:
Դպրոց-ծնողք-աշակերտ անքակտելի կապը առաւել եւս ամրապնդուած պէտք է ըլլայ դժուարին այս օրերուն, որպէսզի գործակցութեամբ կանգուն պահենք հայ դպրոցն ու յոյսով տոգորենք նորահաս մեր սերունդները:
Ազգովին նեցուկ կանգնելով հայ դպրոցին` կայուն կը պահենք մեր գոյութեան հիմքը:
Բարի՛ վերամուտ: