Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Խիզախ Հայուհին

$
0
0

ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ

Մարիամ քոյրիկը այն յատուկ անձնաւորութիւնն էր, որ խոր ազդեցութիւն գործած էր մանուկ հոգւոյս վրայ իր խիզախ կեցուածքով, ժպտամերժ դէմքով եւ անհանդուրժող բնաւորութեամբ: Ան բարձրահասակ կը համարուէր բաղդատաբար ուրիշ հայ կիներու եւ գրաւիչ տեսք մը ունէր իր սլացիկ մարմինով, ուղիղ թիկունքով, սպիտակ մորթով ու վարդագոյն այտերով: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին` անոր մազերը ընդհանուր առմամբ սեւ էին, կամ` այդպէս կարելի էր ըսել, որովհետեւ իր գլխու սեւ ծածկոցը շատ բան ցոյց չէր տար:

Ուրիշ մարիամներ ալ կային մեր շրջակայքը, բայց ան կը զանազանուէր անոնցմէ իր յատկանշական ոսկի ակռայով, եւ այդ իսկ պատճառով իր ծանօթները զինք անուանած էին «ոսկէատամ Մարիամ քոյրիկ»: Այս յորջորջումը, սակայն, քիչ մը խաբուսիկ էր այն իմաստով, որ մարդիկ կ՛ակնածէին ու կը քաշուէին իրմէ` իր խոժոռ ու այլամերժ կեցուածքին պատճառով:

Միակ անձը, որ արժանացած էր անոր յարգանքին ու վստահութեան, մայրս էր, որուն ներկայութեան Մարիամ քոյրիկը բոլորովին տարբեր անձնաւորութիւն մըն էր` սիրալիր եւ խանդաղատանքով լեցուն: Ան շատ կը սիրէր մայրս, եւ երբ մեր թաղը գար, ուր առանձնասենեակ մը ունէր, անպայման կ՛այցելէր մօրս, իր տունը մտնելէն առաջ, գաւաթ մը սուրճ առնելու ու մօրս հետ զրուցելու հինէն ու նորէն:

Ան յաճախ կ՛անյայտանար մեր թաղէն, որովհետեւ այցի կ՛երթար իր երեք դուստրերուն, որոնք արդէն ընտանիքներու տէր էին եւ յաճախ իր կարիքը կը զգային: Բայց իր մենարանը միակ վայրն էր, ուր ան կու գար իր մէջքը հանգչեցնելու որոշ ատեն մը:

Զրկուած ըլլալով իր երիտասարդ ամուսինէն գրեթէ դեռատի տարիքէն` ան հանգիստ օր մը չէր ունեցած: Երեք որբերու մայր ըլլալով, ան օրն ի բուն պէտք էր աշխատէր` անոնց բարօր կեանք մը ապահովելու համար: Շատ կորովի ու աշխատասէր կին մըն էր ան: Առանձինն կրցած էր իր ընտանիքի անդամներուն ապրուստը հոգալ եւ հետագային օգնած էր անոնց, որպէսզի լաւ հայ ընտանիքներ կազմեն:

Մայրս շատ կը յարգէր զինք, հետեւաբար, մօրս ազնուութենէն քաջալերուած, անոր ներկայութեան ան ազատօրէն կ՛արտայայտուէր իր ցաւերուն մասին: Օր մըն ալ, իմ լաւ բախտէս, ես մասնակից եղայ սրտաճմլիկ խօսակցութեան մը, որ, թէեւ` շատ յուզիչ եւ ընդվզեցուցիչ, սակայն, շահեկան եղաւ ինծի համար: Սիրտը բանալով մօրս, դողդոջուն ձայնով, ան պատմեց իր կեանքի ամենակարեւոր դրուագներէն մին, թէ ինչպէ՛ս կրցած էր ճողոպրիլ թուրքերու ճիրաններէն` շնորհիւ իր արագաշարժութեան եւ հանդարտ բնաւորութեան:

Մարիամ քոյրիկ մարաշցի էր, եւ 1915-ի տագնապալից օրերուն ան կ՛ապրէր Մարաշի մէջ իր երեք փոքրիկ դուստրերուն հետ: Ամէն օր, ի զուր տեղը, ան անձկութեամբ կը սպասէր իր ամուսինին վերադարձին: Ամուսինը կանչուած էր թրքական բանակ` զինուորական ծառայութեան, եւ նման ուրիշ հայ զինուորներու, անողորմաբար սպաննուած` թուրքերու կողմէ: Սակայն Մարիամ քոյրիկը տակաւին չէր ուզեր ըմբռնել այս քստմնելի իրողութիւնը. իրեն համար անհաւատալի, անհանդուրժելի ու ընդվզեցուցիչ էր կատարուածը: Ինչպէ՞ս կարելի էր, որ իր ամուսինին նման հաւատարիմ զինուոր մը անգութօրէն սպաննուէր թուրք հայրենակիցներու կողմէ, որոնք զինք տարած էին կռուելու Թուրքիոյ թշնամիներուն դէմ, Համաշխարհային Ա. պատերազմին: Երեք հարիւր հազարէն աւելի հայ զինուորներ միամտաբար նոյն ճակատագիրին զոհ գացած էին վասն «հայրենիքի» փրկութեան, անգիտանալով, որ իրե՛նք էին թուրքին բուն թշնամին, ո՛չ թէ Դաշնակիցները:

Այդ օրերուն Մարաշի մէջ կը գտնուէր ֆրանսական զօրամաս մը, որ արժանացած էր տեղւոյն հայերուն յարգանքին եւ հպարտութեան: Ֆրանսացիները տոգորած էին զիրենք ապագայի վառ յոյսերով: Հայերը ուրախ էին, որ իրենց կողքին ունէին պաշտպան զօրք մը, որուն հովանիին ներքեւ ապահով կը զգային: Պահ մը մէկդի դրած թուրքի վախն ու սարսափը` հազար փառք կու տային Երկնաւորին, որ ֆրանսացի ազատարարներ ուղարկած էր իրենց, որպէսզի կարենան հանգիստ շունչ մը առնել եւ գիշերները անհոգ քնանալ:

Գիշեր մը, սակայն, Մարիամ քոյրիկը ընդոստ արթնցաւ իր անուշ քունէն, երբ ականջին հասաւ խուլ թնդիւն մը. կարծես թէ գետինը կը դղրդար: Անմիջապէս ան վեր ցատկեց անկողինէն եւ ակնթարթի մը մէջ հասաւ ննջասենեակի պատուհանին` ստուգելու համար աղմուկին պատճառը:

Դէմքը խոժոռեց եւ պաղ քրտինք մը թափեց, երբ ականատես եղաւ կացութեան. ֆրանսական ազատարար զօրամասը, իր ամբողջութեամբ, շարժման մէջ էր…  կը հեռանար… Անաղմուկ` շնորհիւ այն քուրջի կտորներուն, որնցմով ծածկած էին ձիերուն սմբակները: Ֆրանսացիք մարտավարական ամէն նախազգուշութիւն ձեռք առած էին անձայն մեկնելու, որովհետեւ անոնք չէին ուզեր, որ ոեւէ մէկը արգելք հանդիսանայ իրենց քաշուելուն: Մարաշի հայ համայնքը թիւով շատ էր եւ կրնար խանգարել իրենց գործը… Սակայն, միւս անկիւնէն դիտուած, հայերը իրենց ամբողջ յոյսը դրած էին Ֆրանսացի փրկարարներուն վրայ, որոնց ներկայութիւնը հոգեկան անդորրութիւն ներշնչած էր իրենց:

Մարիամ քոյրիկը երիտասարդ էր, խոհեմ եւ աշխուժ: Ան անմիջապէս գործի կը լծուի` փրկելու իր անչափահաս դուստրերը, քաջ գիտնալով, որ իրենց միակ փրկութիւնը անյապաղ հետեւիլն էր ֆրանսացիներուն, նոյնիսկ եթէ անոնք նենգաբար կը մեկնէին շրջանէն` վատաբար լքելով անզէն ու անզօր ժողովուրդ մը, զայն թիրախ դարձնելով արիւնարբու գազանին անսանձ կատաղութեան:

Միայն հայ մայրը` Մարիամ քոյրիկը, կրնար զգալ այդ պահուան տուայտանքը ու հոգեկան անձկութիւնը: Անոր անեղծ հոգին կը տագնապէր պատասխանատուութեան եւ վերահաս վտանգի գիտակցութենէն: Ան ոչ միայն զրկուած էր ամուսինին գգուանքէն ու սէրէն, այլ նաեւ գիտէր, թէ շուտով ինք ու իր զաւակները պիտի ենթարկուէին անխուսափելի տառապանքներու, խոշտանգումի, նո՛յնիսկ մահուան:

Ան հապճեպ կերպով կը վերցնէ քիչ մը ուտեստեղէն, փարչ մը ջուր եւ կապոց մը փոխնորդ իր ձագուկներուն համար, կ՛արթնցնէ զանոնք իրենց խոր ու անուշ քունէն ու հակիրճ բացատրութիւն մը տալէ ետք, դուրս կ՛առաջնորդէ զիրենք առանց խուճապ ստեղծելու:

– Այդ պահուն ես խելագարած էի. բայց, առանց տատամսելու, թեւերուս տակը առնելով գեղանի ու մատղաշ ձագուկներս, ուղղուեցայ դէպի մօտակայ բլուրը, որպէսզի կարենայի կտրուկ ճանապարհով հասնիլ ֆրանսական բանակին եւ ճողոպրիլ ստոյգ խողխողումէ: Գերբնական ուժով համակուած` վերջապէս ես կարողացայ զաւակներս հասցնել բլուրին գագաթը եւ մօտէն հետեւիլ ֆրանսական հետեւակազօրքին:

Առանձինն չէի, կային նաեւ ուրիշներ` ծանօթ եւ անծանօթ, որոնք ինծի նման, նկատած ըլլալով ֆրանսացի զինուորներուն հեռանալը, հետեւած էին անոնց…

Պատմութիւնս շա՜տ երկար է. բայց ոչինչ, հիմա ես հո՛ս եմ… Ողջ եւ առողջ… շրջապատուած` զաւակներովս ու թոռներովս: Հազա՜ր փառք Ամենակալին, որ օգնութեան ձեռք երկարեց ինծի` հասնելու այս օրուան:

Արցունքի կաթիլ մը սահեցաւ վար իր վարդագոյն այտերէն, զոր ան սրբեց իր սեւ քողին ծայրով, սրտաճմլիկ հառաչ մը արձակելով` ոտքի կանգնեցաւ եւ հեռացաւ արտորանքով:

Այն ատեն ես դեռ պատանի էի, եւ միտքէս բնաւ չէր անցներ, թէ օր մը միջոցը պիտի ըլլայի այսպիսի հոգեյոյզ ու անփառունակ դրուագի մը հրատարակման: Այժմ կ՛ուզեմ պահ մը խոնարհիլ Մարիամ քոյրիկին առջեւ եւ խորապէս զգալ այս առինքնող անձին տառապանքը` ճիշդ այն պահուն, երբ ան ականատես եղաւ այդ կարծեցեալ փրկարար զօրամասին Մարաշէն տեղափոխուելու անակնկալ որոշումին` առանց նախապէս ահազանգ տալու:

Արդ, օտա՛րը, որու հանդէպ մեծ համակրանք եւ համարում ունին մեզմէ շատերը, ե՞րբ օգնութեան հասած է մեզի` առանց անձնական շահերէ մղուած ըլլալու: Երբ օգնութիւն հայցեցինք Անգլիայէն, անոր պատասխանը չուշացաւ գալու. «Մեր նաւերը չեն կրնար Արարատ լեռը բարձրանալ»: Երբ յանձնուեցանք խորհրդայիններուն, անիկա ընդունեց մեզ առնել իր հովանիին ներքեւ` նկատի ունենալով հայու աշխատասիրութիւնը, մեր երկրին բնական հարստութիւնները եւ իր սահմաններուն ապահովութիւնը… Իսկ Պանք Օթոմանի հերոսներուն անվնաս հեռացումը երաշխաւորող անգլիացի եւ ֆրանսացի դեսպաններուն խոստումներն ալ անզօր մնացին թուրքին արիւնաթաթախ բազուկին դիմաց… վերջապէս, այսօր, Ռուսիա պիտի չուզէր զօրք տեղաւորել մեր չնաշխարհիկ երկրին մէջ, եթէ իր գոյութիւնը դարձեալ վտանգուած չ՛ըլլար Թուրքիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ:

Ֆրանսական զօրամասին Մարաշէն անաղմուկ մեկնիլը միեւնոյն բացատրութեան կը յանգի` իրենց անվտանգութեան, ո՛չ թէ իրենց բարեգթութեան:

Դե՞ռ հաւատանք օտարին…

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles