Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Երիտասարդական Անկիւն. Հա՞յ Եմ Ես

$
0
0

«Հա՛յ եմ ես, հա՛յ եմ ես,
Սարսափեցէ՛ք իմ ձեռքէս,
Հայաստանը ազատող
Քա՛ջ Վարդանին թո՛ռն եմ ես»:

Այս քանի մը տողը կմկմալով արտասանեց «հայ» մանուկ մը, որ վստահաբար չէր գիտեր անգիր սորվածին իմաստը… Ինչո՞ւ, որովհետեւ ան արաբախօս, ֆրանսախօս «հայորդի» մըն էր, որ յաճախելով օտար դպրոց` ո՛չ գիտէր իր հայ ըլլալը, ո՛չ ալ տեղեակ էր Հայաստանի մը կամ Քաջ Վարդանի մը գոյութենէն: Ի՜նչ սրտաճմլիկ երեւոյթ… Ի՜նչ քստմնելի ապագայ: Արդեօք միակ մանո՞ւկն է, որ կը գտնուի այսպիսի նողկալի վիճակի մէջ, թէ ոչ իրեն պէս շատե՜ր կ՛ապրին նոյն ահաւոր վիճակը: Արդեօք միա՞կն է, որ չի ճանչնար Քաջ Վարդանը, թէ ոչ կան նոյնանման անմեղներ: Եւ արդեօք միա՞կն է, որ լուր չունի իր հայ ըլլալէն, թէ ոչ… Ո՛չ, ցա՛ւ ի սիրտ, միակը չէ, կան իրեն պէս` շատե՜ր, որոնք ակամայ բռնած են այլասերման ճամբան: Սակայն ինչո՞ւ. ո՞վ է այս անմեղները այդ կացութեան մատնողը, ո՞վ է այն անխիղճը, ո՞վ է այն կարճատեսը, ո՞վ է այն Վասակ Սիւնին:

Այդ անխիղճը, կարճատեսը, Վասակ Սիւնին այդ «հայ» ծնողքն է, որ անտեսելով հայ դպրոցի առաքելութիւնը` յամառօրէն ու վճռականօրէն իր զաւակը կ՛ուղղարկէ օտար դպրոց, օտար կրթօճախ: Ինչո՞ւ, «որպէսզի աւելորդ բաներ չսորվի: Հայերէն, հայոց պատմութիւն…»: Սակայն, ո՜վ ամենագէտ, մինչեւ այն ատեն որ երակներուդ մէջ կը հոսի Հայկ Նահապետի, Մեծն Տիգրանի, Տրդատ թագաւորի, Մ. Մաշտոցի, Խրիմեան Հայրիկի… մէկուկէս միլիոն նահատակներու արիւնը, ինչպէ՞ս կը յանդգնիս հայոց լեզուն ու պատմութիւնը դասել իբրեւ աւելորդ նիւթեր: Ի՞նչ տրամաբանութեամբ կը խաղաս ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագրով` զայն ենթարկելով անհետացման ու չգոյութեան:

Ուստի, ամբողջ սրտով կը փափաքիմ, որ հրաշքի մը հանդիպելով` ուշքի գաք, սթափիք, ու գիտանք ձեր որդեգրած քայլերուն որքան անմիտ, անհիմն ու քանդիչ ըլլալը:

«Ապաքինման» մաղթանքներով`
ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԵՆՏԵՐԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17136

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>