Կիրակի, սեպտեմբեր 18-ին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին զօրակցական նուիրահաւաքի ընդունելութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայ դատի աւելի քան 150 գործիչներ, համակիրներ եւ զօրակիցներ:
Օրուան հանդիսավար Սօսէ Պէօճեքեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութեան անցեալի եւ ներկայի գործունէութեան զեկոյցն ու յառաջիկայ տարիներու աշխատանքներու ընդհանուր ծիրը համապարփակ ձեւով ներկայացուց ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան` շեշտելով, որ յանձնախումբի գործունէութեան գլխաւոր կիզակէտերն են` հայ ժողովուրդի պահանջատիրական դատը, Արցախի եւ Ջաւախքի հիմնահարցերը եւ քանատական քաղաքական դաշտին վրայ դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ տարուող Հայ դատի ի նպաստ քարոզչական նպատակաուղղուած աշխատանքները: Միաժամանակ ան ներկայացուց յանձնախումբին ամավարկը եւ ներկաներուն ծանօթացուց Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի նորանշանակ գործավար Սեւակ Պելեանը:
Քեպեքի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Արամ Էլակոզ եւ Յակոբ Ապաճեան ներկայացուցին Քեպեք նահանգին մէջ տարուող Հայ դատի աշխատանքներուն ընդհանուր ծիրը:
Քանատայի Հայ դատի Շրջանային յանձնախումբին կողմէ խօսք առաւ Արարատ Թորոսեան եւ մանրամասն ներկայացուց Շրջանային յանձնախումբին եւ Օթթաուայի գրասենեակին կողմէ անցնող երկամեակի ընթացքին տարուած աշխատանքը:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր կարգին զեկուցեց համաշխարհային գետնի վրայ տարուող աշխատանքներուն մասին` յայտնելով, որ ներկայ փուլին, 35 շրջաններու մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերու դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրը թրքական եւ ազրպէյճանական հակահայ քարոզչական արշաւն է: Ան շեշտեց, որ Հայ դատի յանձնախումբի այսօրուան կիզակէտը հայրենի զոյգ պետութիւններու ամրապնդումն ու հայոց պահանջատիրութեան արդար լուծումն է:
Օրուան գլխաւոր բանախօս, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան յայտնեց, որ Հայ դատի զինուորագրեալները հայ ժողովուրդի երկրորդ բանակն են, որոնց պարտականութիւնն է քաղաքական քուլիսներու մէջ կատարել քարոզչութեան եւ լոպիինկի դժուար աշխատանքը: Ան նաեւ յայտնեց, որ Հայ դատի յանձնախումբը` իբրեւ հայութեան պաշտպանական վահան, անխափան եւ վճռական պիտի շարունակէ հայութեան պահանջատիրական Դատի հետապնդումը:
Ընդունելութեան ընթացքին դաշնակով հանդէս եկաւ Նենսի Սոլաքեան:
Հանդիսութեան աւարտին յայտարարուեցաւ, որ նուիրահաւաքէն գոյացած է 170 հազար տոլար:
Հանդիսութեան փակումը կատարեց Սուրէն արք. Գաթարոյեան:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի հանգանակային ձեռնարկները պիտի շարունակուին հետեւեալ քաղաքներուն մէջ.
– Սենթ Քաթրինզ եւ Համիլթըն` 1 հոկտեմբեր 2016, Սենթ Քաթրինզի Հայ կեդրոնին մէջ:
– Քեմպրիճ` 2 հոկտեմբեր 2016, Քեմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ:
– Թորոնթօ` 21 հոկտեմբեր 2016, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ:
– Վանքուվըր` 5 նոյեմբեր 2016, Վանքուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ: