Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Հայրենատիրական Ճամբորդութեան Նոթեր. Գրականութեան Եւ Ինքնութեան Հետ Հաղորդուելու Ուխտագնացութիւն

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

hovhannes-tumanyan_92716Միշտ խորհած եմ, որ Հայաստանը միայն Երեւան չէ: Նոյնիսկ եթէ այդպէս կը խորհին կառավարութիւնը եւ զբօսաշրջիկ հայրենասէրները:

Ազգային մշակոյթը հողի ջերմութենէն եւ յիշողութենէն կը ստացուի:

Հայ մարդիկ, Հայաստանէն եւ սփիւռքներէն, հոգեւոր ուժ ստանալու համար իսկական հաղորդութեան կարիք ունին, եւ ան չի գտնուիր պերճ հիւրանոցներու, խաղատուներու եւ ամէն քայլափոխի յայտնուող հոնոլուլուական, լիբանանեան, ֆրանսական կամ այլ հիւրընկալ տարաշխարհիկ անուններով սրճարաններու մէջ, որոնք օր աւուր կը բազմանան Երեւանի մայթերուն վրայ:

Հիւրանոցները խճող աղմկարար հայրենասէր զբօսաշրջիկներուն հետ հարցախոյզ մը եթէ կարելի ըլլար կատարել, հարցնելով` թէ ո՞ւր կը գտնուի Դսեղ գիւղը, ո՞ր մեծ հայը ծնած է հոն, որուն ծնած տունը իր համեստ թանգարանն է, շատ բան կը սորվէինք, կը հասկնայինք, կը հասկնային նաեւ զգացական հայրենասէրները:

Բայց ըսող պէտք է ըլլայ, ե՛ւ հայրենաբնակին, ե՛ւ զբօսաշրջիկին: Ըսող` անձին օրինակով:

Աւանդութիւն է. ամէն տարի Դսեղի մէջ կը կազմակերպուին «Թումանեանական օրեր»: Այդ «օրեր»-ուն ինչո՞ւ հոն չեն տարուիր ուսանողներ եւ ուսուցիչներ, կոչ չ’ըլլար Երեւանի մէջ թափառող զբօսաշրջիկներուն:

Չորեքշաբթի, 14 սեպտեմբերին, բաւարարութիւն տալով միշտ մենք մեզի խոստացուած եւ բայց չիրականացած ցանկութեան, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանէն եկած, Երեւան իր զաւակները դպրոց եւ համալսարան ղրկող վարորդ Վարդանի ինքնաշարժով կը մեկնինք դէպի Լոռի, որ փոքրիկ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի համար հեռաւոր աշխարհ կը համարուի, թերեւս` Լոսէն ալ հեռու:

Վարդանը երբեք չէր գացած Լոռի, ուր մնաց` Դսեղ, անունը անգամ չէր լսած:

18589_92716

Երեւանէն դուրս ենք արդէն: Հայկական անուններով գիւղեր եւ աւաններ կը յաջորդեն իրարու, նոյնիսկ երբ անոնք չեն տեսնուիր, ուր պէտք է հասնիլ մայրուղիէն անջատուելով: Ընդարձակ տարածութիւններ, հերկուած եւ լքուած դաշտեր: Ասդին անդին քանդուած տուներ, բայց նաեւ` զարմացնող գեղեցիկ նոր կառոյցներ:

Ճամբու եզրին` հայ գիւղացիներ եւ փեթակներ: Մեղր կը վաճառեն:

Կը հասնինք Սպիտակ: Նորակառոյց տուներ, թաղամասեր, բայց դեռ կան աւերուածները: Վաճառատուներ: Ճաշարան, թոնիրով եւ պաշտպանութեան արդիական սարք տեսախցիկով: Հոս ալ ազգային ճաշատեսակի վերածուած է «շաուրմա»-ն, զոր կարգ մը տեղեր կը կոչեն «Ղարսի խորոված»: Կարծէք` ան աւելի համով կ’ըլլայ օտար անունով, ինչպէս` հայ աղջիկներու եւ տղոց անունները, Հայաստան եւ սփիւռքներ, Ճեսիքա եւ Քարոլին, Լաուրա եւ Սվետլանա, Մարատ եւ Ռոբերտ: Օր մը դեղատոմս պիտի գտնուի՞ որպէս դարման մեր ախտավարակ օտարամոլութեան, ընկեցիկի բարդոյթին…

0000b59c_92716

Կը հասնինք Վանաձոր: Նոր կառոյցներու կողքին,  մնացած են աւերակներ եւ հին կիսափուլ տուներ, լքուած գործարաններ: Խնամուած են եկեղեցին, անոր շուրջ գտնուող գերեզմանները, հակառակ լուր օր մը ըլլալուն` հոն է քահանան, նախկին եգիպտահայ, Կիպրոսէն եկած տէր Օհանը: Լեռները անտառածածկ են: Խորհրդային շրջանին հոս եղած են առողջարաններ: Երեւանի խճողումը կարելի չէ՞ նուազեցնել հանգստեան տուները, առողջարանները, մանկատուները հոս փոխադրելով, միաժամանակ ստեղծելով աշխատատեղեր, որպէսզի գաւառը չդատարկուի:

Բայց ինչպէ՞ս այդ ընել, երբ մարզպետը կը բնակի Երեւան:

Կը շարունակենք ճանապարհը, երբեմն անխնամ, երբեմն` վերանորոգուած կամ վերանորոգուող: Ճամբու եզրին` աղբիւրներ: Նոր ճանապարհը կիսած է գերեզմանատուն մը, դամբանները խնամուած են: Կ’անցնինք լեռներու մէջէն, որոնց կողերու անտառները կը բարձրանան մինչեւ գագաթ եւ գնդակի պէս կը բազմին հոն:

Կը բարձրանանք լեռներու կողին բացուած խնամուած ճանապարհով: Օդը մաքուր է, բիւրեղ: Հայանուն բնակավայրեր:

Վերջապէս ճամբացոյց ցուցանակը կը գրէ` Դսեղ: Բայց դեռ չենք հասած: Աշնան  շունչը կայ, եւ ճամբու երկու կողմերը պարիսպ կազմող ծառերը կ’երգեն կանաչով եւ ոսկեգոյնով, կապոյտ երկինքի մը տակ: Լիահագագ կարելի է շնչել: Երեւանի փոշին հոս չէ հասած:

%d5%b0%d5%b8%d6%82%d5%b7%d5%a1%d6%80%d5%b1%d5%a1%d5%b6_%d5%b0%d5%b8%d5%be%d5%b0%d5%a1%d5%b6%d5%b6%d5%a5%d5%bd_%d5%a9%d5%b8%d6%82%d5%b4%d5%a1%d5%b6%d5%b5%d5%a1%d5%b6%d5%ab%d5%b6_%d5%a4%d5%bd%d5%a5

Բլուր մը: Քանի մը հրապարակ: Հազուադէպ անցորդներ եւ ծառի մը շուքին հանգչողներ: Յովհաննէս Թումանեանի արձանը:

Երկու անգամ հարցնելէ ետք, թէ ո՞ւր կը գտնուէր բանաստեղծի տուն-թանգարանը, երկու անգամ դառնալէ ետք ճամբուն վրայ, կը հասնինք:

tumanyan_house_museum_92716

Բլուր մը: Բացատ մը: Եկեղեցի մը: Քանի մը տուներ: Եւ` տուն-թանգարանը:

Տունը բանաստեղծի քահանայ հօր ձեռքով աստիճանաբար ընդարձակուած բնակարան է` հողէ յատակով, թոնիրով, երկրորդ յարկով: Տան դիմաց գտնուող եկեղեցիի բակը թաղուած է քահանան:

Այս հայրենիք է, հարազատ, անարուեստ: Ո՛չ երեւանեան «էպիլացիա», ո՛չ «լէյտի», ո՛չ «էլիտ»…

Լաւատեսական տեղեկութիւններ. զոյգ մը հանրակառքերով զբօսաշրջիկներ այցելած են Թումանեանի թանգարանը եւ սփիւռքահայ մը, թանգարանի հարեւանութեամբ, բնակարան գնած է:

Կը մտնենք այն տունը, ուր ապրած են Յովհաննէս Թումանեանի ծնողքը, ուր ծնած է «Ամենայն Հայոց բանաստեղծը»… Ժամանակի տեսախցիկը դար մը ետ կ’երթայ… Նոյնիսկ եթէ շինութիւնը վերանորոգուած ու թարմացուած է:

vernadoun_92716

Առաջին օրերուն եղած է սենեակ մը, հողէ ոչհարթ յատակով, թոնիրով, կենցաղային իրերով: Ժամանակի ընթացքին աւելցած են` սենեակ մը, ուրիշ մը, յարկ մը: Պահուած են կարպետներ, պահարաններ, անկողիններ: Հետագային Թումանեան այս տունը եկած է հանգստանալու: Սեղան, հագուստ: Ճիշդ է` բանաստեղծին տունը «ֆեթիշ» է, եթէ անոր գիրը ոգի եւ զգացում չի փոխանցեր, պարզ խօսքով, եթէ ան չի կարդացուիր:

img_1737

Ըսին, որ ամէն տարի շուրջ տասը հազար այցելու կ’ունենայ այս համեստ թանգարանը: Եթէ այդ գումարէն զեղչենք «Թումանեանական օրեր»-ու այցելուները, ի՞նչ կ’ըլլայ մնացեալ գումարը: Խիստ հետաքրքրական պիտի ըլլար Երեւանի շքեղ հիւրանոցներու հայ զբօսաշրջիկներուն կամ ընդհանրապէս զբօսաշրջիկներուն մօտ անոնց վերադարձի օրը, օդակայանի սրահին մէջ հարցախոյզ մը կատարել քանի մը պարզ հարցումներով. «Ո՞վ էր Թումանեան», «Տեղեա՞կ էք, որ անոր անունով տուն-թանգարան կայ», «Այցելա՞ծ էք այդ տուն-թանգարանը»…, մտածելու առիթ կը տրուէր բոլորիս:

Գիւղի շրջապատի զիրար գրկող կանաչ բլուրները դիտողը երեւակայութեամբ ընկեր կը դառնայ Սարոյին եւ Անուշին, կը լսէ երգ: Այդպէս կ’ըլլայ հաղորդութեան պահը:

Ծով չունեցող Հայաստանը ծովակալ ունեցած է: Ծով չունեցող Հայաստանը այդ պակասը լրացուցած է իր լեռներուն վրայ տեղադրելով «Ծովեր»: Մէկը չի բաւեր: Երեւակայութիւնը յոգնակի կը դառնայ: Հոս, Թումանեանի աշխարհին մէջ լճակներ կան գագաթներուն վրայ, հեքիաթներու վարժ հայ գիւղացին զանոնք կոչած է «Ծովեր»…

Այցելու հայաստանցի ուխտաւորը, եթէ միայն լուսանկարելու չէ եկած, Թումանեանի տան մէջ կը գտնէ անոր գիրքերու առաջին հրատարկութիւններէն նմուշներ: Եթէ միայն կարդայ կողքը, ինքնիրեն հարց կրնայ տալ, թէ ի՞նչ է այդ ուղղագրութիւնը, զոր ինք չի հասկնար, իսկ հայրենահանուածներու սփիւռքի ուխտաւորը ի՞նչ կը մտածէ` բաղդատելով ասդին-անդին գրուածներուն, եթէ արդէն չէ խորթացած Մեսրոպի տառերուն:

Դսեղի կանաչ գագաթները եւ «ծովեր»-ը ինչպէ՞ս օր մը կը դառնան զուիցերիական աշխուժ գիւղեր, ուր կեանքը ըլլայ եռուն, հաճելի, նախանձելի` մոռցնելով նոյնիսկ Երեւանը:

Ա՛յս կ’ըլլայ Հայաստանի իսկական հզօրացման հեռանկարային քաղաքականութիւն:

Եւ Հայաստանը չ’ըլլար «մի քաղաքով երկիր»:

«Մի քաղաքով երկիրը» չ’անհանգստացնե՞ր ղեկավարութիւնները, Հայաստան եւ սփիւռքներ:

24 սեպտեմբեր 2016, Երեւան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17125

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>