Համադրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Երկիր Մետիա» հեռատեսիլի` Վարդան Օնանեանի (Վ. Օ.) «Չափ ու սահման» հաղորդաշարի 9 սեպտեմբեր 2016-ի «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25 տարիներու ամփոփում» (1) նիւթով զրոյցը կը ներկայացնէ Հայաստանի չորս քաղաքացիներու տեսակէտները: Զրուցակիցներն էին Արտաշէս Շահպազեան (Ա. Շ.)` ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի պատասխանատու եւ արձակագիր, Ազատ Արշակեան (Ա. Ա.)` քաղաքական գործիչ, խորհրդային տարիներուն այլախոհ (10 տարի բանտարկուած – Յ. Չ.) եւ Հայաստանի վերջին Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր, երիտասարդ սերունդէն Արթուր Մկրտչեան (Ա. Մ.)` ուսուցիչ եւ Ուսում հանրակրթական դպրոցի փոխտնօրէն Մանուկ Սուքիասեան (Մ. Ս.)` Առաքելութիւն կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ: 42 վայրկեան տեւողութեամբ այս իմաստալից զրոյցը պիտի փորձեմ կարելի հարազատութեամբ ներկայացնել` առանց մեկնաբանութեան, ընդգծումները` իմս:
![Արթուր Մկրտչեան, Մանուկ Սուքիասեան, Վարդան Օնանեան, Արտաշէս Շահպազեան, Ազատ Արշակեան](http://i2.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/09/chap-ou-sahman_92416.jpg?resize=640%2C407)
Արթուր Մկրտչեան, Մանուկ Սուքիասեան, Վարդան Օնանեան, Արտաշէս Շահպազեան, Ազատ Արշակեան
Նախ ցուցադրուեցաւ 1991 թուականի անկախութեան վաւերագրական տեսերիզ:
Վ. Օ.- 25 տարի անց, այսօր ինչո՞ւ հարց կը տրուի, թէ մենք անկախութիւնը իւրացուցա՞ծ ենք, թէ՞ ոչ:
Ա. Ա.- Բնական առարկայական պատճառներ կան: Ես կ՛ուզեմ սկսիլ անկախութեան հռչակումէն: 1990-ի փետրուար (փետրուար 24 – Յ. Չ.) կամ մարտին աւարտեցաւ Հայկական ԽՍՀ-ի Գերագոյն խորհուրդի 11-րդ պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը: Գերագոյն խորհուրդը իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգեց մինչեւ մայիս 20, որովհետեւ հանրապետութիւնը պատրաստ չէր յաջորդ ընտրութեան: Մայիս 20-ին տեղի ունեցաւ ընտրութիւն, եւ ես ընտրուեցայ երեսփոխան ու 40 օր յետոյ, օգոստոս 23-ին, Հայաստանը անկախ հռչակուեցաւ, եւ յաջորդ օրը Գերագոյն խորհուրդը յայտարարեց, որ ասկէ ետք ՀԽՍՀ գոյութիւն չունի, այլ` Հայաստանի Հանրապետութիւն: Բայց պէտք է մասնակցէինք համախորհրդային հանրաքուէին, թէ Խորհրդային Միութիւնը պէ՞տք է լուծարուի, թէ՞ ոչ: Ինչի՞ հետ պէտք է համեմատենք այսօրուան Հայաստանը. օրինակ` 30 հազար քառ. քմ Պելճիքայի՞ հետ, բարեկեցութեան հարցը, ինքնիշխանութեան` թէ որքանո՞վ ժողովրդավար ենք եւ ազատ:
Ա. Շ.- Հռչակագիրի թուղթը կեանքի ընթացքը չ՛որոշեր: Անկախութիւնը եկաւ հակասական ու ողբերգական ժամանակաշրջանին: Պատերազմը, ներքին խնդիրներ, արտաքին մարտահրաւէրներ, ընկերային ու տնտեսական առկայ դժուարութիւններ, մարդիկ այդ կացութեան հետ բաղդատեցին անկախութիւնը եւ թերահաւատութեամբ ընկալեցին զայն. «Անկախացանք, տեսէք, թէ ի՛նչ փորձութիւններ եկան մեր գլխուն»… «Խորհրդային ժամանակ երջանիկ չէինք. բայց այս փորձանքներէն պաշտպանուած էինք» եւ այլն: Անկախութենէն ետք հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական խնդիրները կրկին յայտնուեցան: Ժողովուրդը այն ժամանակ ու հիմա, նայելով իր վիճակին, բարեկեցութիւնը իբրեւ չափանիշ ճշդեց: Այս բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, մենք սերունդ կերտեցինք ու կը հպարտանանք մեր անկախութեամբ:
Մ. Ս.- Համաձայն չըլլալով դժգոհութիւնը կապել մի՛այն պատերազմի ու տնտեսական դժուարութիւններու հետ, 1994-էն ետք պէտք էր այդ գաղափարը փոխուէր: Եթէ անկախութեան իրականացումը ժողովուրդի հաւաքական կամքի դրսեւորում է, անկէ բխող միւս սրբազան իրաւունքն է արդար ընտրութիւններով սեփական կամքով իշխանութիւն ընտրել: Մինչեւ 1994 ժողովուրդը համահաւասար կերպով պատերազմական ու տնտեսական նոյն վիճակը կ՛ապրէր, ու կը գիտակցէր թէ անկախութեան գինը կը վճարէր, կար յարաբերական հաւասարութիւն: Սակայն պատերազմի աւարտէն ետք, երբ նոր ընտրութիւններ կայացան, քաղաքացին հասկցաւ, որ ինք իշխանութեան աղբիւրը չէ:
Ա. Մ.- Այն նուիրուածութիւնն ու ոգեւորութիւնը, որ կար դէպի անկախութեան կերտում, այսօր պակսած է, ինչ որ մտահոգիչ է: Մեր աւագ սերունդը կ՛ուզէր ստեղծել մեր երազանքի երկիրը, որ հայ ժողովուրդը պէտք է ունենայ հզօր, ամուր պետականութիւն: Պէտք էր բոլորս լծուէինք այդ հզօր պետականութեան կերտման գործին: Ինչո՞ւ այս գաղափարը նուազած է, կայ քանի մը պատճառ. մէկը Մանուկի նշածն է, պետականաշինութեան գործին մէջ մեծագոյն սխալը գործեցին, երբ անարդարութիւնը խորացաւ, անհաւասարութեան խնդիր ծագեցաւ, եւ երկրորդ, թող աւագ սերունդը ներէ, խորհրդային ժամանակ կային շատ վատ բնաւորութեան գիծեր, պետականութեան նուիրուածութեան բացակայութիւն, հայրենիքը կ՛ընկալուէր իբրեւ օտար պետականութիւն եւ անկէ գողնալը, տանիլը բնական կը համարուէին: Դժբախտաբար իշխանութեան մէջ ամրացան այն մարդիկը, որոնք նախապէս եղած էին պաշտօնեաներ, որոնք ունէին այդ յոռի վարքագիծը, ու անոնք շարունակեցին մինչեւ այսօր այդ հոգեբանութեամբ աշխատիլ:
Ա. Ա.- Յիշեցնեմ, որ Գերագոյն խորհուրդը հինգ տարուան մէջ 1200 օրէնք եւ որոշում ընդունած է, որոնք հիմնական էին պետականաշինութեան համար: 1995-ին այդ խորհրդային շրջանին անկախութիւն կերտող հասուն քաղաքական գործիչները երկրին հոգատարութիւնը յանձնեցին արհեստավարժ կամակատարներու, քանի որ չունէինք արհեստավարժ քաղաքական գործիչներ: Անշուշտ մենք կրնայինք ունենալ աւելի լաւ պետութիւն, կրնայինք պայքարիլ ժողովրդավարութեան համար, եթէ լրջօրէն պայքարէինք այն յամառութեամբ եւ հետեւողականութեամբ, որ առաջին տարիներուն ցոյց տուաւ մեր ժողովուրդը, աւելի լաւ վիճակ կ՛ունենայինք:
Մ. Ս.- 1995 թուականի ընտրութիւններուն ժամանակ պէտք էր ընդվզէիք, որ նախկին «պարպիլետ ?» ծախող, «ռայկոմի» քարտուղարները եւ գործարաններու տնօրէնները, որոնք ցարդ կ՛իշխեն, պէտք չէր մտնէին անկախ Հայաստանի առաջին խորհրդարանը:
Ա. Ա.- Ոչ թէ պէտք էր ընդվզէին, այլ լուրջ պայքար տանէին (ծափահարութիւն): Բացի անկէ, որ մենք այդ կամքը չունէինք, մեր վրայ կար արտաքին հսկայական ճնշում, անհանգստացած էինք մեր պետութեան անվտանգութեան համար, ականապատ դաշտի մէջ էինք, պատերազմը տակաւին աւարտած չէր: Մենք քանիցս քննարկած էինք 1921-ի Աթաթուրք-Լենին դաշինքը եւ որոշած էինք դուրս գալ Կարսի համաձայնագրէն, սակայն սուրը միշտ կախուած էր պետութեան գլխուն: Եւ նախկին Խորհրդային Միութեան ժառանգորդները իրենց գործիչները պարտադրեցին մեր երկրին. հիմա կիսանկախ ենք եւ վատ կ՛ապրինք:
Ա. Շ.- Լուրջ խնդիրներ ունենալով հանդերձ, շատ սխալ եւ վտանգաւոր միտում կայ շերտերու հատուածներու բաժնելով` բացարձակ մերժումի երթալ: Կայ պետութիւն իր բոլոր առարկայական ու ենթակայական դժուարութիւններով ու խնդիրներով, որոնց կարգին` իշխանութեան սխալները, սակայն կայ անկախ պետութիւն, որ կը պահէ իր սահմանները ու պատերազմ կը վարէ, արտաքին քաղաքականութիւն կը վարէ. անշուշտ կան թերութիւններ, բայց պէտք չէ ըսենք, որ ձախողած ենք եւ պետութիւնը գացած է դէպի անդունդ:
Մ. Ս.- Եթէ ունինք իշխանութիւն, որ անընդհատ վարկ փոխ կ՛առնէ եւ գրեթէ ոչինչ կ՛արտադրէ, եւ տարուէ տարի պետութեան պիւտճէին զգալի տոկոսը, պարտքը կ՛աճի, եւ կը դառնայ այդ պարտքերու սպասարկուն, սա պետութիւն չէ:
Ա. Շ.- Այդպէս չէ: Կայ պետութիւն, մէկը պարտք կ՛առնէ, միւսը քաղաքացիական պատերազմ կ՛ընէ, միւսը` այլ. սա չի նշանակեր, որ պետութիւն չկայ:
Վ. Օ.- Այսօր պիտի հասկնանք մեր մտածումները, թէ մենք որքանո՞վ պատրաստ ենք գուրգուրալու անկախութեան գաղափարին եւ պահելու երկիրը:
Ա. Մ.- Մենք կը գուրգուրանք, բացի անոնցմէ, որոնք լքած են եւ մեր հայրենիքին մէջ չեն ապրիր: Տառապանքով, սակայն կը գուրգուրան անոնք, որոնք կ՛ապրին ու կ՛աշխատին մեր հողին վրայ:
Վ. Օ.- Անոնք ալ կը սիրեն անկախութիւնը, հայրենիքը ու մինչեւ իսկ դրամ կ՛ուղարկեն:
Ա. Մ.- Հեռուէն գաղափարը ընդունիլ ու հայրենիքի կենացը խմելը բաւարար չէ: Սահմանին հայրենիքի պաշտպան զինուոր պէտք է: Զինուորը այն է, որ կը ծնի ու կը մեծնայ հայրենի հողին վրայ, ուր ան կը մարտնչի ու կը զոհուի հերոսաբար (ծափահարութիւն):
Ա. Շ.- Ազգի համախմբումը, կամաւորական այդ հզօր շարժումը, սահմանի վրայ ամուր պաշտպանութիւնը` բոլորը անկախութեան արդիւնք են: Բացասական շատ բաներու մասին կրնանք խօսիլ, բայց հիմնականը այն կարգախօսն է, որ երիտասարդութիւնը բարձրացուցած է, թէ մենք ենք տէրը մեր երկրին. այս գիտակցութիւնը գլխաւոր եւ ամէնէն կարեւորն է, սա անկախութեան յենասիւնն է:
Վ. Օ.- Եկէք` խօսինք անկախութեան գաղափարին վրայ: Եթէ 130-140 տարի առաջ ազգային գաղափարախօսութիւնը կառուցուած էր Արեւմտահայաստանը ազատագրելու վրայ, ու 25 տարի առաջ` Արցախը ազատագրելու վրայ, այսօր պիտի դառնայ երկիրը շէնցնելու եւ հզօրացնելու վրայ:
Ա. Մ.- Անկախ պետականութեան հռչակումը ինքնանպատակ չէր, այլ անոր յաջորդող հզօր պետականութեան կերտումն էր: Այստեղ չեմ համաձայնիր պարոն Արշակեանի կարծիքին հետ, որ ամէն ինչ դուրսի ճնշումներէն կախեալ էր: Հետագային անարդարութիւնը եւ մեր պետական աշխատողներու անբաւարար նուիրուածութիւնը եւ անատակ ու ոչ արհեստավարժ մօտեցումը, հայրենիքին հանդէպ անարդարութեան իրավիճակ ստեղծեց եւ հիասթափութիւն պատճառեց: Այստեղ օրինակ պիտի բերեմ Ա. հանրապետութեան վարչապետ Քաջազնունիի դուստրը, երբ հօրմէն արտօնութիւն խնդրեց Ամերիկա ուսանելու, ան ըսաւ, թէ երբ հայրենիքի հոգերով ու խնդիրներով զբաղած է, ամօթ կը զգայ ընտանիքին հոգերով զբաղելու: Մեր իրականութեան մէջ հակառակը կիրարկուեցաւ, երբ իշխանաւորները միայն իրենք իրենցմով զբաղեցան: Անկախութեան համար բոլորս պայքարեցանք եւ օրուան գաղափարական մարդիկը ակամայ, կամաց-կամաց դուրս մղուեցան իշխանութենէն, եւ երկիրը մնաց անոնց, որոնք հայրենիքը կը համարէին միայն օգտուելու ու նիւթական շահեր ստանալու եւ հարստանալու միջոց:
Վ. Օ.- Յիշենք նաեւ, որ Քաջազնունիի երկու որդիները նահատակուեցան անկախութեան մարտերուն, ինչպէս նաեւ` վարչապետ Օհանջանեանի որդին. օրինակները շատ են: Կը մէջբերեմ պարոն Արշակեանէն հետեւեալը. «Հայ ժողովուրդին մէջ անկախութեան գիտակցութիւնը ու վայելումը շատ կարճ տեւեց, քանի որ արագօրէն գործի անցան հայկական պետութեան հակառակորդները»: Հակառակորդ` ներսի՞, թէ՞ դուրսի:
Ա. Ա.- Ներսի եւ դուրսի: Այսինքն դուրսէն պատուիրեցին եւ դրածոներ (կամակատար պաշտօնեաներ) յայտնուեցան: Անկախութեան հանրաքուէին, Հայաստանի 150 հազար (140 հազար – Յ. Չ.) քաղաքացի, որոնք պատուիրուած էին, դէմ քուէարկեցին անկախութեան, անոնք կան ու պաշտօնեաներ են այսօր: Երբ որ յարմար առիթը ներկայացաւ, դուրսէն պատուէրով քուէարկեցին ու անոնց յանձնեցին իշխանութիւնը: Վերահամարկման ծրագիրը ուժի մէջ է այսօր, «նոր Խորհրդային Միութեան» ծրագիրը կը գործադրուի, որուն համար համակիրներ կը հաւատարմագրուին: Ներսէն է, որ կը վարկաբեկուի հայկական պետականութիւնը, որպէսզի հիասթափուինք, բայց մենք երբեք չենք յուսահատիր: Համեմատեցէք Գերագոյն խորհուրդը այսօրուան Ազգային ժողովին հետ. անհամեմատելի է: Կարելի չէ համեմատել Գերագոյն խորհուրդը այսօրուան Ազգային ժողովին հետ, ուր քրէական յատուկ գործով դատապարտուած մարդիկ այսօր պատգամաւոր են…
Վ. Օ.- Սակայն այսօր տիտղոսաւոր մարդիկ գուցէ աւելի շատ ունինք:
Ա. Ա.- Այդ տիտղոսներն ու գիտնականներն ալ վարկաբեկուած են. յիշենք Ֆադէյ Սարգսեանը ու Հայկական ԽՍՀ-ի Գերագոյն խորհուրդը… կարելի չէ համեմատել:
Վ. Օ.- Արդեօք հիմա Խորհրդային Միութի՞ւնը կը գովէք:
Ա. Ա.- Ես Խորհրդային Միութիւնը չեմ գովեր, այդպէս սարքուած է: Մենք լաւ կը յիշենք խորհրդային ժամանակը, որ մեղր ու կաթ պէտք էր հոսէր… Աստուածաշունչի «Աւետեաց երկրին» նման, անոնք դուրս եկան Եգիպտոսէն, բայց հազար տարի դժգոհ մնացին, թէ ինչո՛ւ զիրենք դուրս հանեցին:
Վ. Օ.- Անոնք դուրս եկան, սակայն Եգիպտոսը (ԽՄ) մնաց իրենց հոգիներուն մէջ:
Ա. Ա.- Այդպէս չէ: Մեր մէջէն դուրս եկած է: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ որ Խորհրդային Միութիւնը շատ հեռու է մեզմէ: Մենք ազատասէր, հայրենասէր ժողովուրդ ենք, իշխանութիւնը պէտք է փոխուի:
Վ. Օ.- Նոր սերունդին մէջ ինչո՞ւ Խորհրդային Միութիւն կայ:
Ա. Ա.- Անոնց մէջ Խորհրդային Միութիւն չկայ, մեր մէջ ալ չկայ:
Վ. Օ.- 20 տարեկան երիտասարդներ, որոնք Խորհրդային Միութիւնը չէին տեսած, կ՛ըսեն, թէ Խորհրդային Միութիւնը լաւ էր:
Ա. Ա.- Անոնք քարոզչութեան զոհ են: Համեմատելով` կ՛ըսեն, թէ այն ժամանակ եկամուտը 5000 տոլար էր, իսկ հիմա` 2000: Մենք կ՛ըսենք, որ այդ մէկը կատարուած է, որ այդպէս մտածենք: Բայց յոյս ունիմ, որ մենք կը յաղթենք, կը յաղթահարենք:
Վ. Օ.- Խօսինք նոր սերունդին մասին:
Ա. Շ.- Անշուշտ սերունդը մեր ձեռքբերումն է, որ աճեցաւ անկախ Հայաստանի մէջ: Իսկապէս ունինք սերունդ, որ կը ցանկայ երկրին ապագային համար պայքարիլ ու կը փաստէ, որ ժառանգական կապը չէ կտրուած: Ես կը հաւատամ, որ փոփոխութիւն պիտի ըլլայ: Նախկինէն եկած այն մտայնութիւնը, որ մեզի հետ բերած ենք` խորհրդային, եւ այլ, տակաւին գուցէ չէ յաղթահարուած: Բայց պէտք է մենք մեզ մեղադրենք, որ մեր ընդհանուրին պատասխանատուութեան չգիտակցելով` բնական ընտրութիւններ չենք կատարեր: Ուրեմն մենք խորապէս չենք գիտակցիր, որ սա մեր երկիրն է ու պատասխանատուութիւն ունինք իշխանութիւն կերտելու:
Վ. Օ.- Ընտրութիւն կեղծողը չի կրնար իրաւամբ հայրենասէր ըլլալ:
Ա. Շ.- Այո՛, անոնք դէմ են պետութեան հզօրացման ու պետականութեան կայացման:
Մ. Ս.- Կ՛ողջունեմ, որ մեր աւագ սերունդի ընկերները նոյն եզրակացութեան եկան, այն, թէ կեղծուած ընտրութիւններն են, որ կը պղծեն անկախութեան գաղափարը: Բայց փոքր տարակարծութիւն ունիմ Արթուրի հետ. անշուշտ հողը կը պատկանի անոր, որ կ՛ապրի ու կ՛աշխատի հողին վրայ: 2008 թուականէն ետք 300 հազար քաղաքացի սրտի դառն կսկիծով լքած է երկիրը, եւ անոնց մեծ մասը բարենպաստ մթնոլորտի կը սպասէ, որ վերադառնայ հայրենիք: Մնացեալներուն պարտականութիւնն է ազատ ու արդար ընտրութիւններու նախադէպ. հզօր ու ժողովրդագրական հարցեր չունեցող երկիր ստեղծել. գէթ մէկ անգամ քաղաքացիի քուէով ընդդիմութիւնը դառնայ իշխանութիւն:
Ա. Ա.- Երկրորդ անգամ:
Վ. Օ.- Այդ անգամ ազնիւ էր ընտրութիւնը:
Մ. Ս.- Առաջինը անկախութեան ալիքին կը վերագրեմ: Այն ժամանակ պետութիւն ու հասարակարգ փոխուեցաւ, ոչ թէ` իշխանութիւն:
Ա. Ա.- Հիմա ալ հասարակարգը պէտք է փոխուի: Ազատագրական պայքար սկսած է, պէտք է ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան պատրաստուինք:
Մ. Ս.- Ուրեմն` չորրո՞րդ հանրապետութիւն: Պէտք է ամէն գնով պայքարինք:
Ա. Մ.- Դուրսը ապրողները ինչպէ՞ս մասնակցութիւն պիտի բերեն փոփոխութեան:
Մ. Ս.- Ես համաձայն եմ, որ երկիրը կը պատկանի հողին վրայ ապրողին, բայց եկէք` չօտարացնենք զանոնք:
Վ. Օ.- Իբրեւ ուսուցիչ` հայրենասիրութիւնը, անկախութեան գաղափարը ի՞նչ հիմքերու վրայ կը մատուցէք դպրոցներու մէջ:
Ա. Մ.- Ակնյայտ է, որ անկախութիւնը բնականաբար հրաշալի բաներ բերաւ ազգային դաստիարակութեան առումով, սակայն դպրոցը իրականութենէն դուրս չէ, եւ դպրոցին մէջ ալ կրնայ գոյութիւն ունենալ այն մտայնութիւնը, որով պետութիւն չի կառուցուիր: Վստահ եմ, որ ուսուցիչը կը դաստիարակէ, որ հայրենիքը թանկագին է, պէտք է ծառայել անոր, հայրենիքի համար լաւ մարդ դառնալ եւ այլն: Սակայն դպրոցէն դուրս, միջավայրին եւ ընտանիքին մէջ, կը խօսին հակառակ բաներու մասին, թէ` ինչպէս կարելի է տղան բանակի մէջ չծառայէ, այս լաւ երկիր չէ, երթան` դուրսը ապրին, իր տղան թող հեռու մնայ, պայքարողը թող պայքարի եւ այլն: Անշուշտ ուսուցիչին սորվեցուցածը կը մնայ, եւ կը տեսնենք այդ հայրենասէր, պայքարող, նախաձեռնող երիտասարդները, որոնք կ՛ուզեն դառնալ երկրին տէրը: Սակայն կայ խումբ մը, որ այդ վատ միջավայրին մէջ դաստիարակութիւնը կը կորսնցնէ: Ամէն պարագայի, համոզուած եմ, որ սերունդէ սերունդ անոնք պիտի կերտեն երազի երկիր Հայաստանը: Պէտք է ուշադիր ըլլանք, որ մեր վատ վարուելակերպով չփճացնենք անոնց հոգեբանութիւնը (ծափահարութիւն):
(Նոր սերունդի մասին տեսերիզի ցուցադրութիւն)
Վ. Օ.- Որքանո՞վ մեր սահմաններուն բաց ըլլալը ազդեց մեր անկախութեան վրայ, եւ եզրափակենք:
Ա. Շ.- Մենք փոքր երկիր ենք` հզօր քամիներու դիմաց, փոքր ծաղիկի նման, քանի որ համաշխարհայնացումը երթալէն կը զօրանայ ու մեր մարտահրաւէրները կ՛աւելնան: Անկախութիւնը առարկայ մը չէ, որ կը զետեղես պահարանին վրայ ու ըսես, թէ արդէն ունիմ: Անկախութիւնը մշտատեւ պայքար է` զայն պահպանելու, չափը մեծցնելու, աւելի հզօրացնելու, որովհետեւ ի վերջոյ մենք շատ աւելի մեծ խնդիրներ ունեցող ժողովուրդ ենք, ունինք շատ աւելի մեծ տեսլականներ: Ժամանակ կար, որ երբ խօսէինք պահանջատիրութեան մասին, լաւ ընդունելութիւն չէր գտներ, այսօր ամբողջ ժողովուրդը համաձայն է: Ուրեմն մենք պիտի հաւատանք ու ստեղծենք այն հզօր Հայաստանը: Մուշեղ Գալշոյեանի մէկ զրոյցը «Բագին»-ի մէջ 70-ական թուականներուն. «Տղե՛րք, մեր բոլորին աչքը այն կողմին (Արեւմտեան Հայաստան) վրայ է, բայց թնդանօթը որ պիտի կրակէ այն կողմ թշնամիին վրայ, պիտի դրուի այս հողի վրայ»: Մենք պիտի սիրենք այս հողը եւ այս հողը շէնցնենք:
Ա. Ա.- 20 տարի Հայաստանի անկախութիւնը ու պետականութիւնը հալածուեցան, ու այնպէս թուեցաւ, որ մենք չենք կրնար համախմբուիլ, այլեւս անկախասէր ժողովուրդ չենք. բայց ապրիլեան պատերազմը ուրիշ հանրաքուէ էր: Եթէ 1991-ին ազատութեան համար քուէարկեցինք, 2016-ին մենք անձնազոհութեան քուէարկեցինք` երկրորդ անգամ: Ես կը հաւատամ, որ յառաջիկայ ապրիլին կրկին պիտի քուէարկենք ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան համար:
Ա. Մ.- Նոյնպէս կը հաւատամ, որ պիտի ունենանք հզօր հայրենիք, եւ եթէ մեր աւագ սերունդը մեզի անկախութիւն նուիրեց , մենք պարտաւոր ենք ամրապնդել այդ անկախութիւնը` իւրաքանչիւրս իր առօրեայ համեստ աշխատանքը կատարելով եւ կը խնդրեմ աւագ սերունդէն, որպէսզի նոր սերունդին մօտ միշտ գովերգեն հայրենիքը, որովհետեւ համայն հայութեան փարոսը Հայաստանն է:
Մ. Ս.- Երկու փաստ կ՛ուզեմ նշել. առաջին` Հայաստանի քաղաքացիները միակ քաղաքական հանրոյթն են նախկին խորհրդային տարածքին մէջ, որ հինգ տարին անգամ մը դուրս կու գան փողոց իբրեւ իրաւատէր քաղաքացիներ, իսկ երկրորդ` հայ զինուորը միակ զինուորն է, որ հող ազատագրած է: Հետեւաբար Հայաստանը պէտք է գուրգուրայ իւրաքանչիւր քաղաքացիի վրայ. իւրաքանչիւր անարդար դատավճիռ, բռնութիւն, «զորպայութիւն» ու ստորին արարք` կը նշանակէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան մասնիկի մը կորուստը: Եկէ՛ք` գուրգուրանք իւրաքանչիւր քաղաքացիի վրայ:
17 սեպտեմբեր 2016
(1) (http://yerkirmedia.am/haxordumner/?list=PLaidpbWcSRG4HR3QL0ZBBmDd2AK-WUndN&id=Oz4t5cPcCN8 )