Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Անդրադարձ. Դիւցազնական Ուրֆան Միշտ Պիտի Մնայ Մեր Սրտերուն Մէջ

$
0
0

 ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

tepe_92416

Ոչ շատ հեռու անցեալին ինծի համար պատմագիտական իմաստով նորութիւն էր Ուրֆայի մօտակայքը գտնուող Կէօպեքլի Թեփէի (հայկական` Պորտասար) առեղծուածին բացայայտումը: Սկսեալ 1994 թուականէն գերմանացի հնագէտ Քլաուս Շմիտթ եւ իր արշաւախումբը Ուրֆա քաղաքէն ոչ շատ հեռու գտնուող այդ բլուրին վրայ նախաձեռնեցին հնագիտական լայնածաւալ պեղումներու, որոնք մինչեւ հիմա ալ չեն աւարտած, եւ որոնք իրենց արդիւնքներով օրէ օր աւելի եւս կը զարմացնեն մարդկային քաղաքակրթութեան պատմութեամբ հետաքրքրուողները:

Ի՞նչ բացայայտեցին հնագէտները այդ բլուրին վրայ: Ինչ որ գիտնականները հաստատեցին այն էր, որ գտնուածը հսկայական օղակաձեւ կառոյցներու շարք մըն էր, աւելի հին, քան Միջագետքի հին կայսրութիւններու կամ Եգիպտոսի փարաւոններու քաղաքակրթութիւններուն կառուցածները. գոնէ 10 հազար տարի աւելի հին, քան եգիպտական բուրգերը: Պեղումները հաստատեցին, որ 12 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող այս կառոյցները ուշ քարէ դարու կառոյցներ են, այն ժամանակաշրջանէն, երբ մարդկութիւնը տակաւին չէր անցած քաղաքակրթութեան սանդղակին վրայ գտնուող կարեւոր փուլ մը, որ հողագործութեան փուլն էր: Եւ հաստատուեցաւ նաեւ, որ գտնուած կառոյցներու համալիրը զայն կառուցողներուն կողմէ օգտագործուած է բացառապէս կրօնական-հոգեւոր նպատակներու համար:

Գտնուած հնագիտական վայրը կը յեղաշրջէր մինչ այդ տարածուած տեսութիւնը մարդկային քաղաքակրթութեան պատմութեան շուրջ: Մինչեւ այդ պահը տարածուած էր այն միտքը, որ մարդոց մէջ կրօնական-հոգեւոր հասկացողութիւնները զարգացած են եւ կրօնական բնոյթի կառոյցները հաստատուած այն ժամանակ, երբ անցումը կատարուած է հաւաքող-որսորդի կարգավիճակէն նստակեաց կարգավիճակին, այսինքն` հողագործութեան, մինչդեռ Կէօպեքլի Թեփէի յայտնագործումը ցոյց տուաւ, որ այդ համալիրը կառուցողները տակաւին կը գտնուէին հաւաքող-որսորդի կարգավիճակին մէջ: Համալիրը իր հսկայական տարողութեամբ կը նախորդէ Նէոլիթեան յեղափոխութեան ժամանակաշրջանը, կաւագործութիւնը, մետաղագործութիւնը եւ նոյնիսկ անիւի գիւտը: Թէ քարէ դարու մարդը իր հաւաքող-որսորդի կարգավիճակով եւ նախնական դարէ գործիքներով ինչպէ՛ս կառուցած է այդպիսի հսկայական կրօնական պաշտամունքի վայր, սա կը մնայ պատմութեան մեծագոյն առեղծուածներէն մէկը: Յստակ է սակայն, որ կրօնական պաշտամունքի այս վայրը օգտագործուած է այս մարդոց նախնիներու հոգիներուն պաշտամունքին համար, որովհետեւ այդտեղ գտնուած են այդ մարդոց մահացած հարազատներուն գանկերը: Նաեւ, հսկայական այս համալիրին քարէ կոթողային սիւներուն վրայ փորագրուած կենդանական կերպարները ապացոյց են նախնական փորձերուն` անասուններու ընտանեցումին:

Այս յայտնագործումով, ուրեմն, ապացոյց չպահանջող ձեւով կը հաստատուի, որ մարդկային քաղաքակրթութեան առաջին օրրանը Ուրֆայի մօտ գտնուող Պորտասարն է: Այս հարցը հայագիտութեան տեսանկիւնէն ալ շատ կարեւոր է, որովհետեւ Պորտասարի աշխարհագրական դիրքը` Հայկական բարձրաւանդակը եւ անկէ դէպի հարաւ, կը զուգադիպի հնդեւրոպական նախահայրենիքի դիրքին…

Մինչեւ նախնադար կատարուած պատմական այս յետադարձ ակնարկին զուգահեռ եթէ նայինք պատմութեան ամբողջ ընթացքին Ուրֆայի ներկայացուցած կարեւորութեան, կը նկատենք, որ այս քաղաքը` պատմական Եդեսիան, եղած է քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր` արեւելեան եւ արեւմտեան մշակոյթներուն միջեւ, ասորական եւ համամարդկային դպրութեան կեդրոն, առանց որուն մեր մեծ սուրբը` Մեսրոպ Մաշտոց պիտի չկարենար հայ գիրերու գիւտը կատարել:

Ահաւասիկ հին աշխարհի դպրութեան այս կեդրոնին, քաղաքակրթութիւններու օրրան հայկական Եդեսիոյ վիճակուած էր նաեւ իր բաժինը ունենալ 20-րդ դարու սկիզբի մեծ ողբերգութեան` Հայոց ցեղասպանութեան մէջ: Ոչ թէ պետականօրէն ծրագրուած ոճիրին ոչխարի պէս զոհ երթալու առումով, այլ դիւցազնօրէն ոճրային այդ ծրագիրին դէմ դնելու առումով: Ուրֆան Վանի, Շապին Գարահիսարի, Մուսա լերան, Տարօնի աշխարհի եւ այլ շրջաններու նման այդ քիչ շրջաններէն էր, որ 1915-ին ինքնապաշտպանութեան եւ հերոսական պայքարի դրօշ բարձրացուց թրքական եաթաղանին դէմ: Դիւցազնական պայքար մը, որ սկսաւ 29 սեպտեմբեր 1915-ին եւ տեւեց մօտ մէկ ամիս: Ինչպէ՞ս կազմակերպուեցան այս մարդիկը աշխարհագրական շրջանի մը մէջ, որ ամբողջութեամբ կղզիացած էր հայկական միւս շրջաններէն:

Ասոր գաղտնիքը մենք կը գտնենք Ուրֆայի հերոսամարտի անզուգական ղեկավար Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանի եւ իր գործակիցներուն յեղափոխական նկարագիրին մէջ: Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանը, այս բնածին յեղափոխականը եւ անզուգական ղեկավարը, սկիզբէն ալ գիտակցած էր, որ պէտք էր շրջանի հայութիւնը կազմակերպել ապագայ արհաւիրքին դէմ դնելու համար: Գաղտնի կերպով ղեկավարած էր քաղաքին զէնք հասցնելու աշխատանքը, որուն շնորհիւ Ուրֆայի հայութիւնը ո՛չ ըսաւ ոչնչացման որոշումին:

Այո՛, հերոսամարտը ողբերգական վախճան ունեցաւ, բայց դիւցազնական Ուրֆայի ըմբոստ ձայնը հիմա եւ առյաւէտ պիտի մնայ դրոշմուած մեր սրտերուն մէջ: Ուրֆան` քաղաքակրթութեան այս առաջին բնօրրանը, մեզի` հայերուս համար եղաւ նաեւ հերոսներ ու յեղափոխականներ արտադրող վայր: Դիւցազուններ, որոնք արհամարհեցին մահը` յանուն արժանապատիւ գոյութեան: Այսօր կը յիշենք 101 տարի առաջ հայոց պատմութեան փառքի էջերէն մէկը հանդիսացած Ուրֆայի հերոսամարտին սխրանքները: Փառք դիւցազնական հայկական Ուրֆայի նահատակներուն, մարդկային քաղաքակրթութեան առաջին բնօրրանին:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>