Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նախագահը Ընդունած Է «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ներկայացուցիչները

$
0
0

18945_b

Նախագահ Սերժ Սարգսեան 20 սեպտեմբերին ընդունած է «Հաուըրտ Գարակէօզեան յիշատակի հիմնարկ»-ի ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ հիմնարկութեան նախագահ Մայքըլ Յարութիւնեանի:

Հանդիպման սկիզբը հանրապետութեան նախագահը նախ շնորհաւորած է «Հաուըրտ Գարակէօզեան յիշատակի հիմնարկ»-ի 95-ամեակի յոբելեանը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ տարիներէ ի վեր կառոյցին իրականացուցած հայրենանուէր գործունէութեան համար:

Ընդգծելով, որ «Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկ»-ը սփիւռքի առաջին կառոյցն էր, որ հաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ` այդպիսով դառնալով հայաստանակեդրոն կառոյց: Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է, որ յստակացնեն օժանդակութեան առաջնահերթութիւնները, կարիքները ճիշդ ձեւով գնահատեն, այսպիսով աւելի հասցէագրուած դարձնելու եւ գտնելու աջակցութիւն ցուցաբերելու ամէնէն արդիւնաւէտ ուղին:

Հանրապետութեան նախագահը շատ կարեւոր նկատած է սուրիահայ հայրենակիցներուն նկատմամբ «Հաուըրտ Գարակէօզեան»-ի կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը: Սերժ Սարգսեան հաստատութեան մաղթած է անխափան գործունէութիւն` իր ազգանուէր առաքելութեան իրականացման ճանապարհին, այն ակնկալութեամբ, որ հիմնարկութիւնը հինգ տարի անց մեծ շուքով տօնէ իր 100-ամեակը եւ երկրորդ հարիւրամեակին ունենայ աւելի մեծ ձեռքբերումներ:

Մայքըլ Յարութիւնեան իր եւ հիմնարկութեան բոլոր գործընկերներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի նախագահին ջերմ հիւրընկալութեան, գնահատանքին ու բարեմաղթանքներուն համար:

Ամփոփ ներկայացնելով Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հիմնուած այս հիմնարկութեան անցած 95 տարիներու գործունէութիւնը` հաստատութեան նախագահը վստահեցուցած է, որ պիտի շարունակեն նոյն եռանդով եւ պատուախնդրութեամբ աշխատիլ, աւելցնել ջանքերը, յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` ի նպաստ հայոց երկու պետութիւններու եւ հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան եւ հզօրացման:

18938_b18936_bՆախագահ Սերժ Սարգսեան «Հաուըրտ Գարակէօզեան յիշատակի հիմնարկ»-ի նախագահ, բարերար Մայքըլ Յարութիւնեանը պարգեւատրած է առաջին աստիճանի մետալով` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար», հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակելի աւանդին համար:

Նախագահը պետական բարձր պարգեւ` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» առաջին աստիճանի մետալ յանձնած է նաեւ հանդիպման մասնակցող բարերար Գէորգ (Ճորճ) Բաղումեանին, որ աւելի կանուխ պարգեւատրած էր հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ ներդրած աւանդին համար:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>