Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նշմար. Կեանքերու Կորուստի Աղէտն Ու Մարդկայնականութեան Կորուստի Ողբերգութիւնը

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

vaho_92316

«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ հնդիկ պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ կեդրոնական Հնդկաստանի Մահարաշթրա նահանգին մէջ սովի պատճառով մահացած են աւելի քան 17 հազար մարդիկ, որոնց մեծամասնութիւնը` կիներ ու մանուկներ: Պաշտօնատարը նշած է. «Նահանգային իշխանութիւնները պէտք է անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները որդեգրեն այս հարցը լուծելու համար»:

Կեդրոնական Հնդկաստանի մէջ ստեղծուածը երկու հարց է` առաջինը սովն է, որ լուծելի է, իսկ երկրորդը` արձանագրուած աղէտը` աւելի քան 17 հազար կեանքերու կորուստը, որ անդառնալի է: Մարդկութեան դժբախտութիւններէն մէկն ալ այն է, որ այսպիսի բնական աղէտներու կամ տագնապներու ընթացքին արձանագրուած զոհերու մեծ թիւերուն մէջ յաճախ կը կորսուի կամ առնուազն կը մեղմանայ աղէտի եւ ողբերգութեան տարողութիւնը: Կեանքը կը կորսնցնէ իր արժէքը, եւ զոհը կորսնցնելով իր մարդկային էութիւնը, կը վերածուի թիւի: Անաստուած բռնատէրերը քաջ կը գիտակցին այս երեւոյթին եւ Ստալինի հետ միաձայն կը նշեն. «Մէկ մահը ողբերգութիւն մըն է, մէկ միլիոնը` վիճակագրութիւն մը»:

Հազարաւոր կեանքերու կորուստի մասին լուրերը արագ տեղեկատուութեան դարաշրջանին մէջ ակնթարթի մը մէջ կը շրջին ամբողջ աշխարհը եւ մուտք կը գործեն իւրաքանչիւր տուն` հանդիպելու համար անտարբեր մտքերու եւ քարացած սրտերու: Արդեօք կեանքն ու մա՞րդն են արժեզրկուած, թէ՞ մարդկայնականութիւնն ու անոր զգացումը: Մարդկութիւնը կը թուի կորսնցուցած ըլլալ իր մարդկայնականութիւնն ու անոր զգացումը, թերեւս երբեւիցէ ալ չէ ունեցած զանոնք: Անոնք վերապահուած են որոշ թիւով անհատներու եւ ոչ ամբոխային տրամաբանութեան հետեւորդ մեծամասնութեան: Մարդ արարածը դարձած է անտարբեր եւ վերածուած գործող ու մանաւանդ սպառող մեքենայի, իսկ այսպիսի պարագաներու` նաեւ հաշուիչ մեքենայի. այսքան զոհ այստեղ, այնքան զոհ այնտեղ… Հանապազօրեայ պարտականութիւնը կը կատարէ. կը լսէ ու կ՛անցնի:

Արդեօք ե՞րբ մարդկութիւնը պիտի սթափի իր թմբիրէն եւ դուրս պիտի գայ այս ողբերգութենէն:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>