Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

25-Ամեակէն Անդին. Ի՞նչ Կրնանք Ընել

$
0
0

  ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

vrej_92316

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-ամեակը լաւ առիթ է հարց տալու մենք մեզի, թէ ի՞նչ կրնանք ընել ի խնդիր մեր հայրենիքի հզօրացման` զայն աւելի ապահով եւ աւելի բարգաւաճ երկրի մը վերածելու համար, երկիր մը, որ անփոխարինելի կորիզը ըլլայ ընդմիշտ` իբրեւ համայն հայութեան բնակավայրը, ուր ան կրնայ համախմբուիլ ի վերջոյ:

Երբ կ՛ըսեմ` «մենք», առաջին հերթին հասկնանք մեզմէ իւրաքանչիւրը, ամէ՛ն հայ անհատ. ի՞նչ կրնայ ընել մեզմէ իւրաքանչիւրը` անձնապէ՛ս:

Ամէ՛ն բանէ առաջ` ապրի՛լ Հայաստանով, ապրիլ Հայաստանի՛ համար, Հայաստանը ապրեցնել մե՛ր մէջ: Եւ Հայաստան չի նշանակեր պարզապէս աշխարհագրական տարածք մը, պետական սահմաններով երկիր մը, այլ կը նշանակէ ժողովուրդ, կը նշանակէ մշակոյթ ու կը նշանակէ պատմութիւն: Ուրեմն, ճանչնա՛լ այդ բոլորը, հաղորդուի՛լ անոնցմով, իրազե՛կ ըլլալ իրականութեան:

Ուստի նաեւ այցելել Հայաստան, մեր զաւակներն ու թոռներն ալ` մեզի հետ, որպէսզի ոտքերուն տակ զգան հայրենի հողին ուժը` Արշակ արքային պէս, շնչեն օդը, ըմպեն ջուրը, մա՛ս կազմեն անոր առօրեային ոչ որպէս զբօսաշրջիկ, այլ` որպէս բնիկ, որ առայժմ հոն տեւական կայք հաստատելու կարելիութիւնը չունի, բայց նաեւ չէ՛ հրաժարած այդ երազէն:

Այլեւ միշտ կարդա՛լ անոր մասին, ամէն օր կամ ամէն ժամ հետեւիլ անոր լուրերուն, զայն դարձնել մեր ամէնօրեայ կեանքին մէկ մասը, որպէսզի անո՛ր կշռոյթով բաբախէ մեր սիրտը…

Բայց կայ աւելին: Կրաւորականէն պէտք է անցնիլ ներգործականին, առնելէն` տալո՛ւն: Նիւթապէս ու բարոյապէս: Ոմանք ընտանիք մը որդեգրելով, ուրիշներ` որբեր: Ոմանք ծրագրի մը մասնակից ըլլալով` ծառ տնկելով, ճանապարհ կառուցելով, պատմական կոթող մը վերանորոգելով, գիւղի մը ջրատար խողովակ հասցնելով, ուսանողի մը կրթաթոշակը հոգալով, արուեստագէտի մը հիւրախաղերը կազմակերպելով եւ այլն:

Քայլ մը առաջ երթալով` գո՛րծ ստեղծելով մեր հայրենիքին մէջ, գործարան հաստատելով, հայրենիքի արտադրանքը արտածելով դէպի աշխարհի տարբեր անկիւնները: Ընելիք չի պակսիր, կարեւորը երեւակայութիւն, յանդգնութիւն, յարատեւութիւն ունենալն է եւ գործադրելու կամքը, որովհետեւ ինչպէս Շիրազ կ՛ըսէր` «Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում»…

Սակայն այս բոլորը սահմանափակ տարողութիւն ունին, որքան ալ որ գումարուելով` կրնան մեծ չափերու հասնիլ:

«Մենք»-ը նաեւ հաւաքականութիւնն է, հայութիւնը` ի սփիւռս աշխարհի եւ ի Հայաստան: Իսկ հաւաքական ճիգը պարզ գումարումը չէ անհատական ճիգերուն: Բազմապատկումն է, տակաւին` քառակուսացումը, խորանարդացումը ու աւելի մեծ աստիճանացոյցով ընդլայնումը:

Հաւաքական ճիգ` կը նշանակէ ծրագրաւորում, կը նշանակէ կազմակերպում, կը նշանակէ մեծ չափերու վրայ իրականացում: Ասոր համար հայութիւնը պարտաւոր է ամէն բանէ առաջ վերակազմակերպել իր հաւաքական կեանքը իր ամբողջ ներուժով` ի մի բերելով բոլոր իր կոտորակները, գնահատելով իր ընդհանուր կարողականութիւնը ու երկարաժամկէտ նպատակներով ծրագրելու իր աշխատանքը: Սփիւռքը իբրեւ սփիւռք` իր բոլոր մասնիկներով, հայրենիքը իբրեւ հայրենիք` իր բովանդա՛կ ուժերով, բայց նաեւ սփիւռքն ու հայրենիքը միասնաբար` զիրար լրացնելով, ամբողջացնելով: Այս առումով այդ «բոլոր»-ին մէջ նկատի առնել մանաւանդ մեր մտաւորականները, գրողներն ու արուեստագէտները, ուսուցիչներն ու գիտնականները, մարզիկները, մանուկ-պատանի-երիտասարդ-ուսանող թէ տարեցները, ամէն տեսակի մասնագէտները` թէ՛ գործունակ, թէ՛ հանգստեան կոչուած, բոլո՛րը, բոլո՛րը, որոնց ներդրումը` նուազագոյնէն մինչեւ առաւելագոյնը, կրնայ ճակատագրական օգտակարութիւն ունենալ Հայաստանի համար:

Բայց այդ հաւաքական ճիգը պիտի ըլլայ նախ քաղաքական գետնի վրայ, որպէսզի մէջտեղ գան նախապայմանները` վերոնշեալ անհատական ճիգերը իրականացնելու հնարաւորութիւնները ստեղծելու եւ արգելակումները վերցնելու համար, այսինքն` վերջ տալու կաշառակերութեան եւ ընկերային ախտերուն` ներքին ճակատի վրայ, եւ յաղթահարելու տնտեսական ու ռազմական կաշկանդումները արտաքին ճակատի վրայ, ներառեալ Արցախի ոչ միայն իրողական, այլեւ` իրաւակա՛ն միացումը Հայաստանի:

Անկէ անդին, բայց զուգահեռաբար, համայն հայութեան, իսկ սփիւռքի ճամբով նաեւ համայն աշխարհի միջազգային նիւթական կարելիութիւնները ուղղելու դէպի Հայաստան` համեմատաբար կարճ ժամանակի ընթացքին սրբագրելու համար Խորհրդային Միութեան փլուզումով յառաջացուած վայրագ դրամատիրական կարգերու անպատեհութիւնները, ստեղծելու ազգային տնտեսութիւն ու մանաւանդ եւ անպայման` ընկերային արդար կարգեր:

Ահա այդ ատեն կարելի կ՛ըլլայ արդիւնաւորել ոչ միայն անհատական ճիգերը, այլեւ` հաւաքական ճիգերը, ինչպէս` զբօսաշրջութեան զարգացումը տարբեր մակարդակներու վրայ (մշակութային, բնապահպանական, արձակուրդային եւ այլն), կրթական համակարգի զարգացումը, մշակութային նուաճումներու բազմացումը, մարզական կեանքի որակական ոստումը, երկրագործութեան ու ճարտարարուեստի միջազգային մակարդակներու հաւասարումը եւ այլն, ստեղծելով կեանքի այնպիսի մակարդակ, որ հայերը արտագաղթելու փոխարէն` ներգաղթե՛լ ուզեն:

Նման ընդհանրական մօտեցումով միայն իմաստ կ՛ունենան ու կ՛իրականանան այն խորքային փոփոխութիւնները, որոնց կ՛ակնարկեն Հայաստանի իշխանութիւնները այս վերջերս:

Այդ ձեւով միայն անոնք կրնան դառնալ Ամենայն Հայոց կառավարութիւն:

Սփիւռքն ալ ինքզինք զօրացնելու ու գոյատեւելու իր ճիգերուն իմաստը կը հասկնայ, իր առաքելութիւնը կը ստանձնէ ու իր դերը կը կատարէ մեր պատմութեան այս փուլին:

Եւ ճիշդ այդպէս է, որ «մենք»-ը կ՛ըլլայ «Մենք», ու կ՛ընդգրկէ համայն հայութիւնը` որպէս իր երկրին տէր ու պաշտպան ժողովուրդ, որպէս արժանաւո՛ր ԱԶԳ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>