16 սեպտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է սուրիահայ գրող, լրագրող Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի «Ձա՛յն տուր, ծա՛ռ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին շնորհահանդէսը:
Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանուշ Յակոբեան այս առիթով արտասանած խօսքին մէջ բարձր գնահատած է հեղինակին բեղմնաւոր գրիչը, սփիւռքահայ մամուլին անոր աշխատակցութիւնը. զայն հերոս նկատած է, որովհետեւ կը շարունակէ ապրիլ Հալէպի մէջ եւ հայոց լեզու դասաւանդել հայ մանուկներուն, նաեւ` ժամանակ գտնել ստեղծագործելու:
Անդրադառնալով ժողովածուի վերնագիրին` նախարարի պաշտօնակատարը նշած է, որ ծառը կեանքի, սիրոյ եւ ուրախութեան խորհրդանիշ է: Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրելով` Մարիանան լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն, որ մեր ժողովուրդը վերապրեցաւ եւ լաւատեսօրէն կը հաւատայ, որ միասնական ուժերով պիտի հզօրացնենք մեր երկու` 25-ամեայ պետութիւնները` Հայաստանն ու Արցախը:
Սփիւռքի մէջ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման իմաստով ունեցած ներդրումին համար Հրանուշ Յակոբեան Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանին պարգեւատրած է սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:
Ապա խօսք առած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը` նշելով, որ «Գրական Սփիւռք» տարեգիրքին մէջ եւս կը տպագրուին Մարիանային բանաստեղծութիւնները:
Սփիւռքի նախարարի տեղակալ, գրականագէտ Սերժիկ Սրապիոնեան խօսած է ժողովածուին բովանդակային եւ կառուցուածքային առանձնայատկութիւններուն մասին` ընդգծելով, որ հեղինակին խօսքը աստուածատուր է:
Հանդիսութեան աւարտին Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնած է սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարարի պաշտօնակատարին` իր գիրքերուն շնորհահանդէսները կազմակերպելու, իր ստեղծագործութիւնները բարձր գնահատելու եւ հայաստանցի հասարակութեան հասցնելու ջանքերուն համար: Ան շնորհաւորած է Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը` յոյս յայտնելով, որ ինք եւս օր մը առիթ կ՛ունենայ Հայաստան հաստատուելու: