Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Քիմ Քարտաշեան «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Մէջ Կը Դատապարտէ Ցեղասպանութեան Ուրացումը

$
0
0

kim-kardashian_92316

Շաբաթ, սեպտեմբեր 17-ին, ամերիկեան հեղինակաւոր «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած մէկ էջնոց ծանուցումի մը ճամբով Քիմ Քարտաշեան խստօրէն քննադատած է «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի մէջ լոյս տեսած ծանուցում մը, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կ՛ուրանար:

csq9k6bwgaas81j

Իր «Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը անթոյլատրելի՛ է» խորագրուած յօդուածին մէջ Քարտաշեան գրած է հետեւեալը. «Ես ու իմ ընտանիքը քաջածանօթ ենք այն յիմարութիւններուն, որոնք մամուլի մէջ կը գրուին հայերուն մասին: Բայց երբ տեղեկացայ, որ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը անպատասխանատու կերպով հրատարակած է նման յօդուած մը, չկրցայ անտարբեր մնալ: Այդ սուտերը կրնան լաւ խորագիրներու վերածուիլ, իսկ լաւ խորագիրները լաւ վաճառքի կրնան առաջնորդել: Շատ տխուր է, որ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը նման բան կը տպագրէ, քանի որ նման յօդուած մը կրնար միայն փողոցային թերթ մը տպագրել: Մենք կը յիշե՛նք, մենք պէ՛տք է խօսինք այդ մասին, մինչեւ որ Ամերիկայի կառավարութիւնն ալ ճանչնայ զայն: Ուրանալով անցեալը` մենք վտանգի տակ կը դնենք ապագան, մենք մեզ կը լռեցնենք դրամով ու վախով եւ երեխաներուն կը սորվեցնենք, որ ճշմարտութիւնը յարաբերական է: Մենք պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնենք այն բանին, զոր կը սորվեցնենք մեր երեխաներուն: Մենք պէտք է յարգենք պատմական ճշմարտութիւնները, այդպէ՛ս է, որ պաշտպանած պիտի ըլլանք մեր ապագան»:

Նշենք, որ օրին, «Նիւ Եորք Թայմզ» եւ այլ թերթեր մերժած էին տպել թրքական ապաքարոզչական մեքենային ծանուցումները, սակայն դրամատիրութեան պաշտպան մը հանդիսացող «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը տեղի տուած էր դրամին դիմաց:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>