Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նամակ Երկրէն. «Տուն Կառուցողը Հող Չի Յանձնի»

$
0
0

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Արցախի Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղը ազատագրուած տարածքներուն վրայ կառուցուելու սկսաւ 2004 թուականին, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն համատեղ ջանքերով, հետագային նաեւ` Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ» ֆոնտին մասնակցութեամբ: Արցախի ազատագրուած տարածքները վերաբնակեցնելու ծրագիրներուն մէջ Առաջամուղը յատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ անիկա նախկին թրքաբնակ գիւղի մը վերականգնումով չէ՛ հիմնադրուած, այլ հիմնովին նոր կառուցուած է եւ Արցախի հարաւը գտնուելով` բաւական մօտիկ է թէ՛ Իրանին, թէ՛ հայ-ազրպէյճանական այսպէս կոչուած շփման գիծին:

Արցախի անկախութեան տօնի նախօրեակին «Թուֆէնքեան» հիմնադրամը ամերիկահայ բարերարներու եւ յայտնի գրող Քրիս Պոհճալեանի համար յատուկ շրջագայութիւն մը կազմակերպեց ազատագրուած տարածքներուն մէջ, որպէսզի անոնք մօտէն ծանօթանան վերաբնակեցուող գիւղերու խնդիրներուն եւ կարիքներուն: Օգոստոս 31-ին Ստեփանակերտէն ճամբայ ելանք դէպի Առաջամուղ, բայց նախ որոշեցինք կանգ առնել Հադրութի Տող գիւղը, ուր մեր բարերարներէն մէկը ստանձնած էր ծանրօրէն վիրաւորուած զինուորի մը տան վերանորոգումը:

Շինարարական աշխատանքները կ՛ընթանային` ըստ մեր ծրագիրներուն, բայց աւելի ուրախալին ա՛յն էր, որ վիրաւորուած զինուորականը` Վաչականը, ապաքինած էր արդէն եւ կը պատրաստուէր վերադառնալու ծառայութեան: Սուրճ խմելէ եւ իր կնոջ պատրաստած համեղ գաթաները համտեսելէ ետք, շուրջ մէկ ժամ քշեցինք ու հասանք Առաջամուղ: Հոն էին նաեւ քանի մը լրագրողներ, որոնք եկած էին գրելու Առաջամուղի մասին եւ հարցազրոյց ունենալու առաջին անգամ Արցախ այցելող Քրիս Պոհճալեանի հետ:

Լրագրողները անմիջապէս շրջապատեցին մեզ եւ սկսան հարցուփորձ ընելու գիւղին մասին: Բացատրեցինք, որ գիւղի բնակիչներուն մէկ մասը Պաքուի փախստականներ են. կան նաեւ զինուորականներու ընտանիքներ եւ հարեւան շրջաններէ եկած հայեր: Լրագրողներուն ցոյց տուինք գիւղին դպրոցը, որ կը պատրաստուէր վերամուտի, ապա միասին գացինք գիւղին կողքը` սփիւռքահայ գործարար եւ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի հոգաբարձու Ֆրետ Հայրապետեանին հիմնած Նուռի այգին, շրջագայեցանք նոր կառուցուող թաղամասը եւ բացատրութիւններ տուինք բնակարանաշինութեան աշխատանքներուն մասին:

Լրագրողներուն չափ եւ աւելի, Առաջամուղով տպաւորուած էին նաեւ ամերիկահայ բարերարներն ու գրող Քրիս Պոհճալեանը, որոնք գիւղի հիմնումին, ընդարձակման ու զարգացման մէջ հայու վերապրումի ոգին ու տոկունութիւնը կը տեսնէին: «Հիանալի՛ է, սա պարզապէս հիանալի՛ է: Սա մեր` հայ ժողովուրդի, գոյապայքարի յաղթանակն է», ըսաւ Պոհճալեան լրագրողներուն, երբ անոնք ուզեցին հասկնալ, թէ ի՞նչ կը զգար ան` տեսնելով ազատագրուած տարածքներն ու հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն` անոնց վրայ կեանք ծաղկեցնելու վճռակամութիւնը: Լրագրողներէն մէկը մօտեցաւ նաեւ «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի Արցախի գրասենեակի պատասխանատուին` Էդիկին: «Հողերու յանձնումին մասին բանակցութիւններ են գնում: Էս տարածքը համարւում է առաջիններից, որ պէտք ա տրուի Ազրպէյճանին: Առաջամուղի յանձնումի մասին չէ՞ք մտահոգւում», հարցուց լրագրողը:

Էդիկ երկար չմտածեց. «Էդ որտե՞ղ ա քննարկւում հող յանձնելու մասին. ամենայնդէպս, էստեղ չի քննարկւում: Էստեղ մեր հողերն ա, ի՞նչ հողեր յանձնելու մասին ա խօսքը: Էստեղ մենք տուն ենք կառուցում, իսկ հողեր յանձնելու տրամադրութեամբ մարդը տուն չի կառուցի: Եթէ տուն կառուցում ենք, ուրեմն ո՛չ մի հող յանձնելու տրամադրութիւն չունենք»:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>