Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Եթէ զբօսաշրջիկի ճամբաս պատահմամբ չանցնէր Ուրուկուէյի Մոնթէվիտէօ մայրաքաղաքէն, հակառակ անոր որ իր յօդուածներով ծանօթ էի Յակոբ արք. Գլընճեանին, երբեք իրեն պիտի չհանդիպէի եւ պիտի չտեսնէի իր ծաւալուն գիրքը` «Մարտին Լութեր»*, որ կը կարդացուի պատմական վէպի մը պէս:
Մարտին Լութեր ծնած է 1483-ին եւ մեռած` 1546-ին: Ան հրապարակ եկած էր կաթողիկէ եկեղեցիին համար բարենորոգչական առաջադրանքներով, որոնք հետագային վերածուեցան քննադատութեան` Հռոմի եւ պապի իշխանութեան դէմ, եւ հուսկ, պատճառ դարձան երկփեղկման եւ անջատման:
Մարտին Լութեր կաթողիկէ կրօնական ուխտի անդամ էր եւ կրօնական-եկեղեցական հարցերու բազմահմուտ անձ:
Հեղինակը` Յակոբ արք. Գլընճեան Մայր Աթոռի միաբան է եւ Ուրուկուէյի հայ եկեղեցիի թեմի առաջնորդ:
Իր ներածական խօսքին մէջ ուսումնասիրութեան նպատակի մասին մտահոգ հեղինակը կը գրէ հետեւեալը. «1991 թուականի սեպտեմբերին, երբ գտնւում էի Ս. Էջմիածնում, նկատեցի մեր սիրելի վեհափառ հօր` Վազգէն Ա.-ի մտահոգութիւնը` Հայաստանում գործող քոյր եկեղեցիների եւ աղանդների որդեգրած դատապարտելի կեցուածքի մասին, որոնք, մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերողի քողի տակ, փորձում էին դաւանափոխ անել մեր դարաւոր ու բազմաչարչար Եկեղեցու զաւակներին: Առիթը յարմար գտայ յայտնելու վեհափառին իմ պատրաստակամութիւնը` մի ընդարձակ ուսումնասիրութիւն պատրաստելու Մարտին Լութերի եւ ընդհանրապէս բողոքականութեան յառաջացման մասին, որպէսզի հայ ընթերցողը, ծանօթանալով այդ նիւթերի հետ, առաւել սիրով ու գիտակցութեամբ փարուի իր սեփական եկեղեցուն»:
Հազուագիւտ արտայայտուողներ եղած են այս գիրքի մասին: Ինչ որ պիտի ընեմ, ո՛չ վերլուծական աշխատանք պիտի ըլլայ եւ ո՛չ ալ գրադատութիւն: Կրօնական-աստուածաբանական հարցերու մասին մասնագիտական կարծիքներ յայտնել ես ինծի թոյլ չեմ տար, անոնք կը պահանջեն բազմակողմանի հմտութիւն: Գիրքը պրպտողի գործ է, ԺԵ.-ԺԶ. դարերու կրօնական եւ անոնց զուգորդուած տագնապներու, երկպառակութիւններու եւ հուսկ` կաթողիկէ եկեղեցիէն անջատուելով բողոքականութեան ծնունդի մասին:
Խելացի մրջիւնի աշխատանք մը, ուր կ’ընդելուզուին եկեղեցիի եւ ԺԵ.-ԺԶ. դարու Եւրոպայի պատմութիւնը, այդ ժամանակաշրջանի ընկերային եւ քաղաքական խառնակութիւնները, օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տարածումը Եւրոպայի մէջ: Այդ օրերուն աւելի իրատես կը թուէին ըլլալ մտաւորական եւ քաղաքական գործիչներ, որոնք կը խօսէին թուրքերու ծաւալապաշտութեան մասին, վտանգուած կը զգային եւ կը գիտակցէին, որ քրիստոնէութեամբ յատկանշուող արժէքները եւ քաղաքակրթութիւնը սպառնալիքի տակ էին:
Մեր անմիջական ներկային հետ բաղդատութիւնը կը թողում ընթերցողի դատողութեան:
Գիրքը նախ խիստ հետաքրքրական պատումն է Մարտին Լութերի կեանքին, ժամանակի իշխանութիւններուն եւ ընկերութեան շրջանակին մէջ: Այն օրերուն կրօնական ուսմանց բազմաթիւ կեդրոններ եղած են Եւրոպայի մէջ, Կաթողիկէ եկեղեցիի բարեկարգման եւ ընդհանրապէս նորարարական գաղափարներ շրջած են: Հռոմէագերման մեծ կայսրութեան** ժամանակն է:
Այնքա՜ն առատ նիւթ կայ այս ծաւալուն հատորին մէջ, ուր կը պատկերանայ հաւատացեալ եւ բարենորոգչական գաղափարներով հրապարակ եկած Մարտին Լութերը (Martin Luther), որ հեղինակած է բազմահարիւր հատորներ, նամակներ, ուսումնասիրութիւններ, կրօնական բանաստեղծութիւններ: Հակադրուելով Հռոմի եկեղեցիի աշխարհիկ բարքերուն եւ քաղաքական դերին` պայքարած է սուրբգրային սկզբունքներով եւ ուսուցումով վերագտնել հաւատքի ճամբան: Իր նպատակը չէ եղած անջատումը, այլ` բարեկարգումներով հզօրացումը եւ մաքրումը եկեղեցիին:
Մարտին Լութերի կեանքի ընթացքին Հռոմի պապերը փոխուած են, նորեր եկած են, սակայն շարունակուած է ընդդիմութիւնը բարենորոգչական ձգտումներու դէմ, որուն գլխաւոր պատճառը Հռոմի քաղաքական իշխանութիւնն էր եւ իրողական մասնակցութիւնը, նաեւ` պատերազմներու, քանի որ պապը բանակ ունէր:
Հռոմէագերման կայսրութեան մէջ երկիրներ, թագաւորներ, իշխանապետութիւններ, տեւաբար մրցակցութեան մէջ եղած են եւ Հռոմի պապը եղած է քաղաքական գործօն: Մարտին Լութերի բարենորոգչական շարժումը աստիճանաբար զարգացուցած է գերմանացիներու մօտ տարբերութեան եւ ինքնուրոյնութեան գիտակցութիւն: Մարտին Լութեր գրած է լատիներէն, որ ժողովուրդի լեզուն չէր, բայց մատչելի ըլլալու համար գրած է նաեւ գերմաներէն, որ դարձած է հասարակաց լեզու` պատրաստելով գերմանական միութեան ենթահողը:
Իր ուսուցումով Մարտին Լութեր խաղացած է քաղաքական դեր: Իր գաղափարները պատճառ եղած են գերմանական իշխաններու միջեւ պատերազմներու, որոնց պատճառով տեղի ունեցած է երկփեղկումը Հռոմի եկեղեցիին: Այս ձեւով է, որ ծնունդ առած է բողոքականութիւնը, իր տարբեր ձեւերով, որ կրօնական տարբերութիւնները վերածած է քաղաքական ընտրանքներու:
Այս բոլորին խորքի պատկերը Եւրոպան է, հոն տեւաբար ներկայ մրցակցութիւնները ցոյց կու տան քրիստոնեայ երկիրներու տկարացումը, որոնք կը պատերազմին իրարու դէմ, Կարլոս կայսրը` ընդդէմ Ֆրանսայի կամ Անգլիոյ թագաւորին, Հռոմի պապին զինուորական ներկայութիւնը մէկուն կամ միւսին կողքին, յաճախ անտեսելով նոյնինքն Եւրոպան ապակայունացնող Օսմանեան կայսրութեան նախայարձակումները:
Պառակտումներու պատճառները միայն քաղաքական եւ կրօնական չեն եղած: Այսպէս, ինչպէս Անգլիոյ պարագային, բայց նաեւ` Գերմանիա, կուսակրօնութեան եւ երկու կնոջ հետ միաժամանակ ամուսնանալու, կամ ապահարզանի հարցերը թագաւոր եւ իշխաններ հակադրած են Հռոմի` պատճառ դառնալով Հռոմէն անջատման:
Մարտին Լութեր յաճախ անդրադարձած է Եւրոպայի սպառնացող թրքական վտանգին: Այդ վտանգին մասին խօսած է հաւատացեալ քրիստոնեայ մեկնաբանութեամբ: Կ’ըսէ. «Սակայն այժմ, դուք երբ թուրքերի դէմ էք պատերազմում, վստահ եղէ՛ք եւ երբեք մի՛ կասկածէք այն բանի վրայ, որ դուք մարմնի եւ արեան (այսինքն մարդկանց) դէմ չէ, որ պատերազմում էք: Այլապէս ես ձեր մարգարէն պիտի լինէի եւ պիտի մարգարէանայի ձեզ, թէ իւրաքանչիւր թուրք բազմաթիւ քրիստոնեաների պիտի սպաննի: Սակայն դուք վստահ պէտք է լինէք, որ պատերազմում էք դեւերի մի հսկայ զանգուածի դէմ, որովհետեւ թուրքաց բանակը հէնց այդ դեւերի բանակն է»***:
Ընթերցողը, նոյնիսկ երբ կը հետեւի ուշադրութեամբ, դժուարութիւն կ’ունենայ հասկնալու սուրբգրային վերլուծումներէ բխող աստուածաբանական եւ հաւատքի ըմբռնումները: Մեկնաբանութեան այնքա՜ն առատ նիւթ կայ:
Քաղաքական եւ կրօնական իշխանութիւններու յարաբերութեան մասին եւս կարեւոր աշխատանք կատարած է Մարտին Լութեր:
Գիրքին մէջ կը ներկայացուի Մարտին Լութերի մարդկային կերպարը նաեւ` իր սայթաքումներով, մեղքերով եւ մեղանչումներով:
Յակոբ արք. Գլընճեան իր կարկինը լայն բանալով` ցոյց կու տայ բարենորոգչական շարժման ուրիշ դէմքերու ներդրումը, անոնց աշխատանքը, ինչպէս` ռոթերտամցի Էրազմի (Erasme) կամ Զուիցերիոյ մէջ գործած ֆրանսացի Կալվինի (Calvin):
Նիւթերու հաւաքման եւ ներկայացման կողքին, Յակոբ արք. Գլընճեան չի վարանիր կրօնական եւ ընկերային տեսանկիւնէ քննադատել Մարտին Լութերի կարգ մը տեսակէտները:
Ինքնատիպ մուտք մը, որ ըլլալով հանդերձ տարբեր Հայաստանեայց եկեղեցիէն, ինքզինք կը համարէ անոր մաս: Կ’ադրադառնայ նաեւ բողոքականութեան մուտքին հայոց մէջ: Այս պարագային Յակոբ արք. Գլընճեան լայնօրէն կ’օգտուի Բիւզանդ Եղիայեանի աշխատանքէն:
Ես ինծի թոյլ կու տամ խմբագրական նկատողութիւն մը: Եթէ այս ծաւալուն եւ առատ նիւթերով աշխատասիրութիւնը ուսուցողական խմբագրման ենթարկուած ըլլար` նիւթերու բաժանման եւ ներկայացման աւելի մատչելիութիւն տալով, ընթերցող լայն զանգուած կրնար ունենալ: Պարզացումը եւ մատչելիութիւնը օգտակար կ’ըլլային ճանչնալու ոչ միայն ԺԵ.-ԺԶ. դարերու պատմութիւնը, այլ նաեւ` մեր ներկան, ուր հարցերը եթէ ոչ նոյն ձեւով, այլ տարբերութիւններով կը կրկնուին կրօնական եւ քաղաքական աշխարհներուն մէջ:
Գիրքի վերջաւորութեան կայ յաւելուած մը. «Լութերականութիւնը եւ մենք»**** խորագրուած: Հայ եկեղեցիի բարեկարգութեան մասին կը խօսի Յակոբ արք. Գլընճեան` քննադատելով կաթոլիկութեան եւ բողոքականութեան ներկայութիւնը հայութեան մէջ, մերժելով, որ անոնք հայկական շարժում են: Գէթ այս յաւելուածը կարելի է հրատարակել, ոչ թէ պառակտումներ յառաջացնելու համար, այլ` հանրութիւնը լուսաբանելու:
Աղանդներու բազմացման, արտայայտուող եւ չարտայայտուող քննադատութիւններու ծիրէն ներս Յակոբ արք. Գլընճեանի գիրքին քննական-վերլուծական ներկայացումը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, յստակացումներու հորիզոն կը բանայ:
Ճիշդ է, որ մեր ժամանակակիցները ընդհանրապէս անտարբեր են եկեղեցական-կրօնական հարցերու նկատմամբ, բայց պէտք է ըմբռնել նաեւ, որ Հայաստանեայց եկեղեցին մեր պատմութեան դժուար ճամբուն վրայ մեր ինքնապաշտպանութեան դարպասը եղած է եւ է:
Բայց միշտ կը մնայ անհանգստացնող հարցումը. քանի՞ հոգի ունեցած եւ մանաւանդ կարդացած են գիրքը: Հայ լրատուամիջոցները, հայալեզու եւ օտարաբարբառ, անդրադարձա՞ծ են հարցին, ազգային ինքնութեան իմաստուն պաշտպանութիւնը առաջնահերթութիւն համարելով:
Այսօր` շաբաթ, Աստուածածնայ տօնի նախօրեակն է: Վաղը խաղողօրհնէքի զուարճութեամբ բաւարարուելով` ինքնութիւն եւ հաւատարմութիւն չի կերտուիր:
13 օգոստոս 2016, Վիլլէր-սիւր-մէր
– – – – – – – – –
*«Մարտին Լութեր», Յակոբ արք. Գլընճեան, Ա. հրատ.` 1994, Բ. հրատ.` 2013, 580 էջ, Մոնթէվիտէօ, Ուրուկուէյ:
** Le grand empire romain germanique
*** Անդ, էջ 410:
**** Անդ, էջ 563-573