2016-ի ամառը «Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան համար եղաւ Հայաստանի մէջ վերականգնողական այլ ծրագիր մը յաջողութեամբ պսակելու առիթ:
Արդարեւ, կամաւորներու կողմէ իրականացուած ամառնային երեք արշաւներէ եւ հնագէտներու, տեղացիներու եւ արուեստագէտներու աջակցութեամբ չորս տարիներու վրայ երկարող ջանքերուն շնորհիւ` կարելի եղած է ամբողջացնել Շիկահող գիւղի 16-րդ դարէն մնացած Ս. Ստեփանոս Նախավկայ եկեղեցւոյ վերաշինութիւնն ու վերաօծումը:
Հայաստանի հարաւային Սիւնիք մարզին մէջ եւ Արցախի մօտիկ գտնուող սոյն եկեղեցւոյ շրջանին մէջ աշխատանք կը տարուի` զարգացնելու զբօսաշրջութիւնը:
Եկեղեցւոյ օծումը տեղի ունեցաւ օգոստոս 6-ին, ձեռամբ Ս. Էջմիածինէն Յովհաննէս եպս. Յակոբեանի եւ Սիւնիքի թեմէն հոգեւորականներու. ներկայ էին «Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան միջազգային մարմինի նախագահ Գեղամ Գեւոնեան, «Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղէն Հայկ եւ Հիլտա Մանճիկեաններն ու Նազարէթ Գեւոնեանը, ինչպէս նաեւ` ծրագիրի ճարտարապետ ու կազմակերպութեան Հայաստանի մասնաճիւղի անդամ Ստեփան Նալպանտեան, կազմակերպութեան կամաւորներ, անդամներ եւ Շիկահողէն ու մօտակայ գիւղերէն մօտաւորապէս 200 քաղաքացիներ:
Ամբողջ ծրագիրին ընթացքին սփիւռքէն մօտաւորապէս 60 կամաւորներ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին վերաշինութեան աշխատանքին:
Նշենք նաեւ, որ այս ամառ կազմակերպութիւնը արդէն իսկ աշխատանքի սկսած է` վերանորոգելու Սիւնիքի մարզի Մեղրի քաղաքին մէջ գտնուող եւ 17-րդ դարէն մնացած Ս. Յովհաննէս եկեղեցին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Քանատայէն, Մեքսիքայէն, Ռուսիայէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն մօտաւորապէս 40 կամաւորներ: Կ՛ակնկալուի, որ այս ծրագիրը ամբողջանայ չորսէն հինգ տարուան ընթացքին:
«Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան գործունէութեան աւելի մօտէն ծանօթանալու համար այցելել www.lcousa.org կայքը: