Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Յուսահատական Ճիգեր Փրկելու Աշխարհի Գաղթականները

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Այժմ աշխարհի գաղթականներու թիւը անցած է 65 միլիոնը, անոնց կէսը 18 տարեկանէն վար երեխաներ են: Հակառակ անոր որ աշխարհը կեդրոնացած է Եւրոպայի գաղթականներու ճգնաժամին վրայ, ՄԱԿ կը յայտարարէ որ աշխարհի գաղթականներուն 86 առ հարիւրը ապաստան գտած է ցած եւ միջին եկամուտ ունեցող երկիրներու մէջ: Միջազգային ընտանիքը զանազան ջանքեր ի գործ կը դնէ, կը կազմակերպէ խորհրդաժողովներ, կը կնքէ համաձայնութիւնները, կը փորձէ գտնել լուծումներ, սակայն անոնք ոչ մէկ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան գաղթականներու կացութեան բարելաւման վրայ, այլ զանազան երկիրներու մէջ անընդհատ կը բարձրանայ այլատեացութեան ալիքը, տակաւին անոնք կը խեղդուին Միջերկրական ծովուն մէջ, կը գիշերեն մայթերու վրայ, կը հալածուին: Կը ներկայացնենք տարբեր յօդուածներ, որոնք լոյս կը սփռեն գաղթականներու ներկայ կացութեան վրայ:

Ն.

Մանուկները` Սուրիոյ Ողբերգութեան Գլխաւոր Զոհերը

syrian-children_92316

Սուրիոյ ճգնաժամի հիմնական եւ անմեղ զոհերը մանուկներն ու ընդհանրապէս անչափահասներն են, որովհետեւ պատերազմի յառաջացման եւ տարածման մէջ առանց դերակատարութիւն ունենալու, բոլոր խումբերէն աւելի անոնք վնաս կը կրեն այս ողբերգութենէն:

Կրկին մտահոգութիւն յայտնելով Հալէպի մէջ  բնակչութեան իրավիճակի կապակցաբար` ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի գործադիր տնօրէն Անթոնի Լիք յայտարարեց. «Յուլիսի սկիզբէն ի վեր Հալէպ քաղաքի արեւելեան հատուածին մէջ աւելի քան 100 հազար մանուկներ կը գտնուին պատերազմի կիզակէտին մէջ, եւ աւելի քան 35 հազար գաղթած են արեւմտեան շրջաններէն»:

Արաբական միւս երկիրներու նման, 2011 թուականի սկիզբը Սուրիոյ մէջ ծայր առին հակակառավարական բողոքի շարժումները, սակայն Սուրիոյ բողոքի ցոյցերը երկու կարեւոր տարբերութիւն ունեցած են ժողովրդական բողոքներու առջեւ կանգնած այլ երկիրներու հետ: Տարբերութիւնները կապուած են Սուրիոյ աշխարհագրական դիրքին եւ Ասիոյ արեւմտեան շրջանին մէջ անոր ունեցած քաղաքական դիրքին: Ծայր առած պատերազմի 65-րդ ամիսը աւարտին կը հասնի այն պայմաններուն մէջ, երբ Սուրիոյ բազմաթիւ նահանգներէն եւ քաղաքներէն միայն աւերակներ մնացած են: Քանդուած են հասարակական եւ քաղաքային ենթակառոյցները: Սուրիոյ մէջ եւ այդ երկրէն դուրս ներգաղթեալի կարգավիճակին մէջ յայտնուած է աւելի քան 11 միլիոն մարդ, զոհուած եւ վիրաւորուած է հարիւր հազարաւոր մարդ, մէկ խօսքով` Սուրիոյ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ կեանքի հետքեր չկան:

syrian-children-2_92316

Սուրիոյ ահաբեկչական պայքարի ցաւալի կէտը կը կապուի սուրիացի մանուկներու վրայ ձգած այդ ողբերգութեան հետեւանքներուն, եւ առաւել ցաւալին այն է, որ այդ անմեղ արարածները ոչ մէկ դերակատարութիւն ունեցած են այդ պայմաններու ստեղծման եւ տարածման մէջ եւ միայն սուրիացի ըլլալու բերումով կործանած կը տեսնեն իրենց ներկան եւ ապագան: Այսօր սուրիացի մանուկներու ճակատագիրը` երկրին մէջ եւ երկրէն դուրս ներգաղթեալ ըլլալը, արիւնարբու ահաբեկիչներու ծանրաբեկոր աւարներու տակ թաղուիլը, սովը, ծարաւը, հիւանդութիւնը, բժշկական օգնութիւն չստանալը եւ Անթոնի Լիքի խօսքով` յարձակումներու մնայուն սարսափի մէջ ապրիլն է:

Սուրիացի մանուկներու ապագան նոյնպէս լի է պատերազմի, ծնողազուրկ կեանքի, անօթեւանութեան, կրթութենէ զրկուած ըլլալու պատճառով յառաջացած հոգեկան բարդութիւններով: Սուրիոյ անհամար մանուկներն ալ պիտի տառապին հաշմանդամութեամբ եւ այն բոլոր բաներէն, որոնք ստացած են ահաբեկչական սարսափելի պատերազմէն:

Այժմ հարցում մը կը յառաջանայ. այս դարաշրջանին մէջ, երբ մարդկային իրաւունքներու հարցով բազմաթիւ կարգախօսներ կը լսուին, մարդկային իրաւունքներու խախտումներու քննարկման համար յատուկ ներկայացուցիչներ կը նշանակուին, թիրախի ենթարկուած երկիրներուն մէջ անընդհատ կը խօսուի ժողովրդավարութենէ, մարդու իրաւունքներու  թուացեալ պաշտպաններու եւ անոնց դաշնակիցներու առաջացուցած պատերազմներու կիզակէտին  մէջ յայտնուած սուրիացի եւ եմենցի մանուկները ինչո՞ւ բաժին մը իսկ չեն ստանար այդ բազմերանգ կարգախօսներէն եւ յայտարարութիւններէն:

«Փարսթուտէյ»

ՄԱԿ. Աշխարհի Գաղթականներու Շուրջ 3,7 Միլիոն Երեխաներ Ուսանելու Կարելիութիւն Չունին

children-help_92316

Աշխարհի մէջ պարտադիր վերաբնակներու ընդհանուր թիւով 6 միլիոն երեխաներէն շուրջ 3,7 միլիոնը կարելիութիւն չունի ուսում ստանալու: Այս տուեալները ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի ներգաղթեալներու գործերու գերագոյն յանձնակատարի զեկոյցը, որ 15 սեպտեմբերին հրապարակուած է Ժընեւի մէջ:

«Շուրջ 1,75 միլիոն երեխաներ, որոնք ներգաղթեալներ են, չեն յաճախեր նախակրթարան, իսկ 1,95 միլիոնը` միջնակարգ: Ներգաղթեալներու շրջանակներուն մէջ հինգ անգամ աւելի մեծ է անուս մնալու վտանգը, քան` միջին ցուցանիշները աշխարհի մէջ», կը նշէ  հետազօտութիւնը:

ՄԱԿ-ի ներգաղթեալներու գործերու գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտի այս վիճակը անուանած է «ճգնաժամ»` ընդգծելով, որ կրթութիւնը բացառիկ մեծ նշանակութիւն ունի տասնեակ միլիոնաւոր պարտադիր վերաբնակներու համար, որովհետեւ «անոնց վիճակը փոխելու քիչ կարելիութիւններէն մէկն է»: Ըստ զեկոյցին, ներգաղթեալներու եւ ներքին վերաբնակներու երեխաներու միայն կէսը կը յաճախէ նախակրթարան, այն պարագային, երբ նման կրթութիւն ստանալու կարելիութեան համաշխարհային միջին ցուցանիշը այժմ կը կազմէ աւելի քան 90 առ հարիւր: Այդպիսի ընտանիքներու մէջ երեխաները որքան աւելի կը մեծնան, այնքան աւելի կը նուազի ուսումը շարունակելու անոնց կարելիութիւնները. ներգաղթեալ անչափահասներու միայն 22 առ հարիւրը կը  յաճախէ միջնակարգ դպրոց, եւ միայն 1 առ հարիւրը համալսարան կ՛ընդունուի, այն պարագային, երբ ընդհանուր առմամբ աշխարհի միջնակարգ կրթութեան համակարգին մէջ այժմ ներառուած է անչափահասներու 84 առ հարիւրը, իսկ բարձրագոյն կրթութեան կարելիութիւն ունի 34 առ հարիւրը:

Սուրիոյ մէջ 2,1 միլիոն երեխաներ եւ անչափահասներ դպրոց չեն յաճախեր: Զինեալ հակամարտութեան հինգ տարուան ընթացքին տարրական եւ միջնակարգ կրթութեան համակարգին մէջ երեխաներու ընդգրկման մակարդակը այս երկրին մէջ 94 առ հարիւրէն նուազած է մինչեւ 60 առ հարիւր: ՄԱԿ-ի ներգաղթեալներու գործերու գերագոյն յանձնակատարի զեկոյցի տուեալներով, Սուրիայէն հեռացած է 4,8 միլիոն մարդ, եւ անոնցմէ 900 հազարը դպրոցական տարիքի երեխաներ են, որոնք այժմ ուսանելու կարելիութիւն չունին:

ՄԱԿ-ի ներգաղթեալներու գործերու գերագոյն յանձնակատարի զեկոյցը պատրաստուած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ զանգուածային գաղթի եւ ներգաղթեալներու խնդրի քննարկման կապակցաբար: Գերագոյն յանձնակատարը կոչ կ՛ընէ կառավարութիւններուն, նուիրատուներուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ սեփական հատուածի գործընկերներուն` աւելի գործուն աջակցելու երեխաներու եւ անչափահասներու ուսումնառութեան գործին: Ըստ հրապարակուած տուեալներու, 2015 թուականի վերջաւորութեան աշխարհի մէջ կային 65,3 միլիոն պարտադիր վերաբնակներ, որոնց մէջ` ներգաղթեալ երեխաներու կէսէն աւելին, որոնք ուսանելու կարելիութիւն չունին, այժմ կեդրոնացուած են 7 երկիրներու` Չատի, Քոնկոյի, Եթովպիոյ, Քենիոյ, Լիբանանի, Փաքիստանի եւ Թուրքիոյ մէջ:

«Արմենփրես»

Գերմանացիները Ներգաղթեալներուն Կ՛առաջարկեն Ուսում` Տունդարձի Դիմաց

germany-ref_92316

Գերմանիոյ տնտեսական գործակցութեան եւ զարգացման նախարար Հերտ Միւլլեր  յայտարարած է, որ գերմանական իշխանութիւնները ներգաղթեալներուն կ՛առաջարկեն անվճար ուսում Գերմանիոյ մէջ, պայմանաւ որ վերջիններս վերադառնան իրենց հայրենիքը: Այս մասին կը գրէ «Ուելթ» թերթը: «Ներգաղթեալի կարգավիճակի տրամադրումը կրնայ մինչեւ երկու տարի տեւել` ըստ գործող ընթացակարգերու: Եւ քանի տակաւին ատիկա կայ, ներգաղթեալներուն արգիլուած է աշխատիլ, եւ վերջիններս դատարկութենէն կ՛իյնան  ընկճուած վիճակի մէջ: Ասոր դիմաց իշխանութիւնները կ՛առաջարկեն ուսում, որպէսզի վերջիններս վերադառնան իրենց հայրենի երկիրներ, սակայն Գերմանիոյ մէջ  ստանան լաւ ուսում, հիմնականին մէջ` արհեստագործական մասնագիտութիւններով», ըսած է նախարար Միւլլեր: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ այս ծրագիրի առաջին հանգրուանին համար նախատեսուած է 100 միլիոն եւրօ, եւ ծրագիրէն կրնան օգտուիլ Թունուզի, Սենեկալի եւ Մարոքի ներգաղթեալները:

«Հրապարակ.Էյ.Էմ»

Նոր Դասընթացք` «Ներգաղթեալներու Իրաւունք» Բնաբանով

distance-learning_92316

Հայաստանի Արդարադատութեան հիմնարկը` ՄԱԿ-ի ներգաղթեալներու գործերով Գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի հայաստանեան ներկայացուցչութեան աջակցութեամբ մշակած է հեռաուսուցման նոր դասընթացք, որ յատկացուած է ներգաղթեալներու իրաւունքին: Դասընթացքը նախատեսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան  վարչական դատարանի դատաւորներուն համար:

Դասընթացքը, որ  սկսաւ 15 սեպտեմբերին, պիտի տեւէ 10 շաբաթ: Ներգաղթեալներու միջազգային իրաւունքին յատկացուած դասընթացքին բոլոր տեղեկատուական  նիւթերը մատչելի են արդարադատութեան հիմնարկի պաշտօնական կայքին մէջ (justiceacademy.am):

Բացի ատկէ` արդարադատութեան հիմնարկը նաեւ մշակած է ելեկտրոնային ուսուցման ծրագիր` «Ներգաղթեալներու իրաւունք» դասընթացքը ելեկտրոնային ուսուցման միջոցով մատուցելու համար:

Հեռաուսուցման նոր դասընթացքը բարձր գնահատականի արժանացած է գործընկեր կազմակերպութիւններու կողմէ: ՄԱԿ-ի  ներգաղթեալներու  գործերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի հայաստանեան ներկայացուցչութիւնը իր գործընկեր կառոյցներուն հետ վերջերս կազմակերպած էր սեմինար-քննարկում, որուն ընթացքին դասընթացքի վարչութեան պետ Արտաշէս Խուրշուտեան ներկայացուց «Ներգաղթեալներու իրաւունք» դասընթացքը, մասնաւորապէս` այդ դասընթացքի ինքնուրոյն ուսուցման համար նախատեսուած հիմնարկի կայքի ելեկտրոնային էջը եւ նորաստեղծ ելեկտրոնային ծրագիրը,  որուն միջոցով պիտի իրականացուի այդ դասընթացքի ելեկտրոնային ուսուցումը:

Ելեկտրոնային էջը բաց է բոլոր հետաքրքրուողներուն համար, իսկ ելեկտրոնային ծրագիրը միայն արձանագրուած անձերու համար է:

Դասընթացքի կարեւորութիւնը մեծապէս պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ վերջին տարիներուն աշխարհի մէջ  կը նկատուի ներգաղթեալներու թիւի աճ, որ էական ազդեցութիւն ունեցած է եւ ունի Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ, որ բնակչութեան մէկ շունչի հաշուով ներգաղթեալներու եւ տեղահանուած անձերու թիւով առաջատարներէն է Եւրոպայի մէջ: Հանգամանք մը, որ հրատապ կը դարձնէ ներգաղթեալներու իրաւունքի առանցքային հասկացողութիւններու, սկզբունքներու եւ ընթացակարգերու լաւ իմացութիւնն ու ատոր հիման վրայ համապատասխան քայլերու իրագործումը:

«Իրաւաբան.Նեթ»

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>