Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

«Յաջողութեան Գաղտնիքը Յարատեւութեան Մէջ Է» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Արմինէ Չուքասըզեան

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

arminee-choukasezian_92216

Արմինէ Չուքասըզեան իգական սեռի առաջին լիբանանցի հայ ներկայացուցիչն է, որ անգլերէն գրականութեան մէջ մագիստրոսութեան աստիճանով վկայուած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն: Ընթացիկ տարուան յուլիս ամսուան մէջ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին նախաձեռնութեամբ, Արմինէ Չուքասըզեան ուրիշներու հետ շրջանաւարտութեան յիսնամեակին առիթով պարգեւատրուած է: Ան հեղինակ  է «Յուշեր եւ քաղաքներ» բանաստեղծական ժողովածուին եւ գրական բազմաթիւ յօդուածներ, պատմուածքներ ու բանաստեղծութիւններ ստորագրած է գրական  ամսագիրներու եւ թերթերու մէջ:

Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Արմինէ Չուքասըզեանին հետ` մօտէն ծանօթանալու անոր վաստակին եւ կրթական ու գրական գործունէութեան:

«ԱԶԴԱԿ».- Ո՞ւր ծնած եւ ստացած էք ձեր կրթութիւնը, ինչպէ՞ս հասած էք Պէյրութի ամերիկեան համալսարան:

arminee-choukasezian1_92216ԱՐՄԻՆԷ ՉՈՒՔԱՍԸԶԵԱՆ.- Չուքասըզեանները արմատներով սեբաստացի են եւ շատ երեւելի ընտանիք եղած են Սեբաստիոյ մէջ: Ես ծնած եմ Պաղտատ: Ֆրանսական կրթութիւն ստացած եմ Տամն տը Նազարէթ մայրապետներու դպրոցը: Մայրս բժշկուհի էր, ան 1936-ին շրջանաւարտ եղած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն: 1957-ին եկած եմ Պէյրութ եւ աւարտած եմ  Պէյրութ քոլեճ ֆոր ումըն համալսարանը (Էլ.Էյ. Եու.): 1966-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն անգլերէն գրականութեան մէջ մագիստրոսութեան աստիճանով վկայուած եմ` ուսումնասիրելով նորզելանտացի հեղինակ Քեթրին Մենսֆիլտի պատմուածքները: Իսկ 1998-ին Լոնտոն համալսարանի Քուին Մերի ուսումնարանէն  անգլերէն գրականութեան մէջ փիլիսոփայութեան մագիստրոսի աստիճանով վկայուած եմ` ուսումնասիրելով անգլօ-իրլանտացի թատերագիր Ճոն Միլինկթըն Սինքի թատերախաղերը, այսինքն անգլիական գրականութենէն շեղած եմ անգլօ-իրլանտական գրականութիւն եւ ուսումնասիրած եմ այն իրլանտացիները, որոնք անգլերէն գրած են:

Այս տարի յուլիս 7-ին եւ 8-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախաձեռնութեամբ, ես եւ ուրիշներ պարգեւատրուեցանք մեր շրջանաւարտութեան յիսնամեակին առիթով: «Մոնրօ» պանդոկին մէջ ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ եւ Միշէլ Սլէյման զիս պարգեւատրեց ոսկի մետալով:

Գիտէք, համալսարանի մը համար այնքան ալ կարեւոր չէ երկար տարիներու կեանքը,  որքան կարեւոր է այդ համալսարանի գրադարանը իր  հարստութեամբ, ուսումնասիրութեան կեդրոնները,  ատակ ու արժանաւոր դասախօսները, կը կարծեմ, որ ասոնք կրթական հաստատութեան մը գոյատեւման գլխաւոր ազդակներն են:

«Ա.».- Ի՞նչ բան մղած է ձեզ, որ գրականութեան մէջ մասնագիտանաք:

Ա. Չ.- Լեզուն եւ բառերը մղած են զիս, որ սիրեմ գրականութիւնը: Մայրս նեցուկ էր ինծի ու քրոջս, որ անպայման մեր ուսումը կատարելագործենք: Կը յիշեմ` մանկութեանս մայրս մեզի մեր տարիքին համեմատ մանկական գիրքեր կարդացնել կու տար, ապա կը խնդրէր, որ մեր բառերով վերարտադրենք մեր կարդացածը: Այս վարժութիւնը մայրս մեզի ընել կու տար շաբաթը քանի մը անգամ: Պատմութիւնը կը պատմէինք մեր կրցածին չափ, մեր ունեցած մանկական բառերով: Ասիկա շատ օգտակար դարձած է մեր բառապաշարի հարստանալուն:  Ահա այսպէս սկսած է սերտ յարաբերութիւնս եւ սէրս բառերուն եւ լեզուին հանդէպ: Որեւէ լեզու սորվելու համար մարդ պէտք ունի բառամթերքի առաջին հերթին, ապա` քերականութեան լաւ իմացութեան: Մարդ որքան բառամթերք ունենայ, այնքան յստակ կրնայ արտայայտուիլ. իսկ երբ չունի բառամթերք, արտայայտութիւնը խեղճ ու տկար կ՛ըլլայ:

«Ա.».- Ի՞նչ դժուարութիւններու հանդիպած էք ձեր կրթական եւ ուսումնասիրական աշխատանքներուն ընթացքին:

Ա. Չ.- Երկար տարիներ անգլերէն գրականութեան դասախօս եղած եմ Պէյրութի տարբեր համալսարաններու մէջ, ինչպէս` Պէյրութի ամերիկեան համալսարան, Էլ. Այ. Եու., Էյ. Եու. Էս. Թի., Իսլամական համալսարան: Կրնամ ըսել, որ այնքան ալ դիւրին չէ եղած ուսումնասիրական աշխատանքներու ուղիս:

Դժուարութիւններու հանդիպած եմ, բայց յաղթահարած եմ զանոնք, որովհետեւ սիրած եմ գրականութիւնը: Ամէն բան աշխատանքի կը կարօտի: Երբ որեւէ առիթով երեւոյթէ մը ներշնչուիս կամ նեղանաս, եւ մէջդ բան մը խտղտայ, պէտք է զգացածդ դրսեւորես բառերով:

Կարեւոր է նաեւ գրած տողերդ մշակել: Տախտակը  որքան յղկես, այնքան կը փայլի: Տողերդ որքան կոկես, այնքան կը գեղեցկանան:

10 տարուան տքնաջան աշխատանքի արդիւնք էր Քուին Մերի համալսարանէն որպէս մագիստրոս վկայուիլս: Իրապէս հսկայ աշխատանք էր. այդ միջոցին ես կը շարունակէի աշխատանքս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ: Ուսումնասիրութեանս նպատակով քանի մը անգամ այցելած եմ Իրլանտա: Շատ գեղեցիկ երկիր է, իսկ ժողովուրդը` ազնիւ  ու շատ հեզ:

Կ՛ուզեմ պատմել դէպք մը, երբ վիրաւորուած եմ եւ յաճախ առիթներով կը յիշեմ: Ուրեմն Լոնտոն    համալսարան ընդունուելէս ետք ներկայացայ փրոֆեսէօրին: Իմ մասին հարկ եղած տեղեկութիւնները ունենալով հանդերձ, անսպասելիօրէն հարցուց` «Դո՛ւն, Պէյրութէն եկած հայ, անգլերէ՞ն գրականութիւն կ՛ուզես ուսանիլ»: Ինք գիտէր պատասխանը: Արհամարհական այս շեշտը օրին շատ վիրաւորած է զիս եւ մինչեւ այսօր կը յիշեմ այդ պաղ մօտեցումը, որ ցուցաբերեց փրոֆեսէօրը: Բայց ես, հակառակ վիրաւորանքիս, միշտ ալ համեստօրէն  պատասխանած եմ. «Այո՛, կրնաք փորձել զիս»: Դասախօսութիւններու գրական եւ քննական վերլուծումներու ընթացքին, ըլլայ Լոնտոն կամ Պէյրութ, միշտ խօսած եմ հայութեան պատմական ցաւոտ իրականութեան մասին` հեռու զգացական նկարագրութիւններէ եւ ապրումներէ, ու ըսած եմ, որ հայերը երկու ընտրանք ունին` կա՛մ ձուլուիլ, կա՛մ պայքարիլ: Բարեբախտաբար ընտրած ենք պայքարը եւ շարունակած ենք կեանքը պատիւով ու արդար աշխատանքով: Աշխարհ դարձիր եւ հայ մուրացկան չես տեսներ: Մենք` հայերս, ոչինչէն բան մը կը գտնենք, կ՛աշխատինք եւ մեր ամէնօրեայ հացը կը ճարենք:

«Ա.».- Ինչի՞ մէջ կը տեսնէք կրթկան ասպարէզին մէջ յաջողութեան հասնելու գաղտնիքը:

Ա. Չ.- Յարատեւութեան մէջ: Ուշ կամ կանուխ յարատեւութեամբ մարդ անպայման տեղ մը կը հասնի: Պարզապէս պէտք չէ յուսահատիլ:

«Ա.».- Խօսինք ձեր գրական վաստակին մասին:

Ա. Չ.- «Տիգրիսի ափերը» ոտանաւորս առաջին անգամ լոյս տեսած է «Տը Պաղտատ Օպզըրվըր»-ին մէջ, 1968-ին: Ստորագրած եմ կարճ պատմուածքներ ու բանաստեղծութիւններ «Նայիրի» գրական ամսագիրին, Պէյրութ քոլեճ ֆոր ումընի (Էլ.Էյ.Եու.) պաշտօնաթերթին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Աութլուք» թերթին, «Վոյսըզ» ամսագիրին եւ այլ գրական թերթերու մէջ:

2015-ին լոյս տեսաւ  «Յուշեր եւ քաղաքներ» անգլերէն գիրքս, որ կը պարունակէ 42 անգլերէն եւ 10 ֆրանսերէն բանաստեղծութիւններ, որոնք կեանքէ  առնուած են: Կեանքի ընթացքին իմ տպաւորութիւններս, պատկերացումներս, զգացումներս եւ փորձառութիւնս բառերով արտայայտած եմ:

Ինծի համար երկու ջուլհակ կայ, մէկը գորգագործն է, որ թելերով գորգ կը հիւսէ, իսկ միւսը բանաստեղծն է, որ բառերով իր գորգը կը հիւսէ:

Մօտ ապագային լոյս պիտի տեսնէ իմ պատմուածքներու ժողովածուս, որ կը պարունակէ 12 պատմուածքներ` նորէն կեանքէն առնուած:

Այս ալ ըսեմ, որ վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ ռուսերէն «Հողը կը խօսի» քառալեզու ժողովածուն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: Ֆրանսերէն գրքոյկին մէջ «La terre parle» ֆրանսերէնի թարգմաներ եմ Յովհաննէս Թումանեանի մէկ պատմուածքը:

Ես հայերէնը տունը սորված եմ մօրս հետ: Մայրս սքանչելի հայերէն գիտէր: Մեր պատանեկութեան տարիներուն մայրս մեզի կարդացուցած է Յակոբ Պարոնեան եւ Գրիգոր Զոհրապ: Շատ կը սիրեմ նաեւ Դանիէլ Վարուժանի գործերը:

«Ա.».- Բնական է, որ հետեւիք միջազգային գրականութեան: Դէպի ժամանակակի՞ց գրականութիւն կ՛երթայ ձեր հետաքրքրութիւնը, թէ՞ դասական:

Ա. Չ.- Տեսէ՛ք,  Շէյքսփիրի թատերախաղերը 500 տարուան կեանք ունին, վստահ եմ` դեռ 500 տարի ալ կը գոյատեւեն առանց հիննալու, ինչո՞ւ, որովհետեւ մարդկային վարքը, դրսեւորումները, բնաւորութիւնները  չեն փոխուիր. օրինակ` նախանձը անցեալին ալ կար, հիմա ալ կայ, հետեւաբար դասական եւ ժամանակակից ըսելով` իրարմէ հեռու եւ տարբեր գրականութիւններ պէտք չէ հասկնանք: Ապրելակերպն է, որ փոխուած է, օրինակ` հիմա կան արագ ինքնաշարժներ, որոնք անցեալին չկային, բայց տիպարները իրենց առանձնայատկութիւններով ու բնաւորութեամբ նոյնն են: Անցեալին ալ, հիմա ալ պատմուածքներուն մէջ արտաքին նկարագրութիւնը որքան մանրամասնութեամբ տրուի, այնքան կենդանի կը դառնայ տիպարը ընթերցողին: Տեսա՞ր, գրականութիւնը չի փոխուիր:

Գրողը առանց կաշկանդումներու իր ուզածին պէս պէտք է գրէ, օրինակ` Ուիլիըմ Սարոյեան շատ պարզ ոճով գրած է եւ` սքանչելիօրէն արտայայտուած: Իր գրութեան ետին հայութիւն կը բուրէ: Իր իւրայատկութիւնը կը կայանայ իր լեզուի պարզութեան մէջ: Ներկայիս չկան լեզուական նման կրթութիւն ունեցող հայ գրողներ: Հիմակուան հայ գրողները լեզուի այդ կարողութիւնը, ուժը, ինքնավստահութիւնը չունին, որ ստեղծագործեն օտար լեզուով: Այս յատկութիւնները  լեզուն լաւապէս գիտնալէն կու գայ:

Ես անյագօրէն կարդացած եմ ու տակաւին կը կարդամ Շէյքսփիր, Չարլ Տիքընզ եւ շատ կը սիրեմ Տէյվիտ Հ. Լորենսի  գործերը:

«Ա.».- Հայ ուսանողին ի՞նչ կ՛ըսէք այսօր:

Ա. Չ.- Անկեղծ եղիր անձիդ հետ եւ նպատակդ ամէն գնով հետապնդէ: Ճամբադ մի՛ կորսնցներ: Քու պզտիկ անկիւնդ գտի՛ր, ստեղծէ՛ եւ յառաջացի՛ր` առանց յուսահատելու: Կը յաջողի այն մարդը, որ իր գործը շատ կը սիրէ: Սիրելով պիտի աշխատիս, պարտադրուած աշխատանքը տեղ չի հասցներ: Այսօր 10 տարեկան տղուն չես կրնար քու ուզածդ պարտադրել, կ՛ըմբոստանայ:  Դուն պիտի ուզես կարդալ, ուսումնասիրել, պրպտել, մարդ քեզի չի կրնար ստիպել, որ կարդաս, եւ ինչո՞ւ ստիպէ: Դուն պիտի ընես: Աշխատանքէդ հաճոյք պիտի առնես: Տասը կեանք ալ ունենանք, կատարեալ չենք կրնար ըլլալ: Ամէն մարդ իր կեանքի ընթացքին իր ասպարէզին ընդմէջէն պէտք է աշխատի բանով մը ներդրում ունենալ, ճաշակ մը դնել, քար մը աւելցնել մարդկային կեանքի բարելաւման ու զարգացման համար, որպէսզի գոհունակութիւն զգայ:

Տեղ մը հասնելու համար յարատեւ պիտի աշխատիս: Երբեմն մարդ կը յուսահատի իր ձախողութենէն, բայց ատիկա փուլ մըն է, որ կ՛անցնի: Կեանքի ընթացքին դժուարութիւնները բլուրներու պէս կու գան ու կ՛երթան: Ամէն մարդ նպատակ մը ունի, իսկ նպատակին հասնելու համար ճամբան ողորկ չէ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>