Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Նորահաս սերունդին մէջ հայերէնի նահանջն ու անկէ բխող մտահոգութիւնները յաճախ ահազանգի ղօղանջներ կը տարածեն մասնաւորաբար արտերկրի մեր գաղութներուն մէջ (Հայաստանի մէջ մայրենիին ապրած ողբերգութիւնը այլ պատմութիւն ունի գլխաւորաբար օտարաբանութեանց հեղեղին պատճառով): Տագնապը դարմանելու համար մէկէ աւելի նշանակեալ մարմիններ, խմբակներ մասնագիտական ու գործնական քննարկումներ կը կատարեն սահանքը կասեցնելու եւ դրական զարգացումի մը մեկնարկը նշելու նպատակով: Ծրագիրներ կը մշակուին արդի արհեստագիտութեան բարիքներէն օգտուելու միտումով, կը պատկերուին մեծագումար պիւտճէներ, սակայն դէպի յառաջ առնուած որեւէ քայլի դիմաց իրողապէս կ՛արձանագրուին բազմաթիւ ետքայլեր, կը թուի, թէ ինկած ենք հեւասպառ ընող ոլորապտոյտի մը մէջ:
Այս սիւնակներով չենք նպատակադրեր անգամ մը եւս ախտաճանաչումներու եւ կարճ ու երկար ժամկէտներ հետապնդող ծրագիրներու տոպրակը բանալ, այլ պիտի արձանագրենք նշմարներ, որոնց ճամբով հայ ծնողներուն, ուսուցիչներուն, կրթական եւ այլ մարմիններու ու հաստատութեանց պիտի առաջարկենք օգտուիլ հայերէնի վարժողական անսպառ աղբիւրներէ, որոնք կը բխին Հայաստանի պատկերասփիւռ կայաններէ` շարք մը ուսուցողական եւ վաւերագրական յայտագիրներու ճամբով:
Անոնք, որոնց համար Հայաստանէն սփռուող ծրագիրներ հասանելի են, վստահաբար ծանօթ են մեր ցանկագրելիք յայտագիրներուն, նաեւ` ասոնցմէ աւելիին: Իսկ անոնք, որոնք չեն ստանար այդ սփռումները, ամենայն դիւրութեամբ կրնան մատչիլ համակարգիչին ճամբով` «պեղելով» կարգ մը կայաններու կայքէջերը կամ դիմել You Tube ու նմանօրինակ հաղորդամիջոցներու, որովհետեւ պատկերասփռուող յայտագիրները մեծ մասամբ կը զետեղուին նաեւ հոն. կը բաւէ, որ հետաքրքրուողը կազմէ ցուցակ մը եւ որեւէ պահու օգտուի անոնցմէ, տունը, ամէնօրեայ, շաբաթօրեայ, կիրակնօրեայ դպրոցը, եկեղեցւոյ սրահը, ակումբը, առանձնասենեակի մը կամ որեւէ անկիւնի մէջ: Չէ՞ որ համակարգիչը դարձած է հագուստ-կօշիկ-ուտելիքի չափ կենսական, մատչելի` մանուկին, պատանիին ու երէցին, իսկ դպրոցներու մէջ արդի պաստառներ արդէն կ՛օգտագործուին ուսուցման համար…
Ուշագրաւ Յայտագիրներ
Պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններու հաղորդումներուն ամիսներ շարունակ ըստ կարելւոյն հետեւելով, նաեւ կայքէջերու մէջ զուգահեռաբար արագ եւ ոչ սպառիչ որոնումներով, արձանագրած ենք անունները շարք մը յայտագիրներու, բոլորն ալ, ինչպէս նշեցինք, մատչելի` նաեւ համացանցի ճամբով: Այդ յայտագիրներուն շարքին են հետեւեալները. «Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ», «Հայաստանի ճամբէք»-ով, «Դէպի Արցախ», «Հայն ու Հայաստան»-ը, «Հոգեւոր հայրենիք», «Մերոնք», «Հայաստանը մենք ենք», «Հայաստանի առեղծուածներ»-ը, «Ինչուների մոլորակը, «Աշխարհի հայերը», «Անծանօթ Երեւան» եւ մանաւանդ «Հայ ասպետ» (վերջինին պիտի անդրադառնանք աւելի մանրամասնօրէն):
Ինչո՞վ օգտակար են այս յայտագիրները:
Նախ եւ առաջ, ակնդիրը` մանուկ, պատանի թէ երիտասարդ, անսպառ տեղեկութիւններ կը ստանայ Հայաստանի, հայութեան, մեր մշակոյթին ու պատմութեան, մէկ խօսքով` հայութեան ինքնութեան ու էութեան մասին: Ծանօթութիւնները կը տարածուին նաեւ այլ ժողովուրդներու ու մշակոյթներու վրայ: Գիտելիք, ինքնին հարստութիւն է, իսկ երբ անիկա կը վերաբերի մեր հայրենիքին, ժողովուրդին ու աշխարհասփիւռ հայութեան, դիտողը ուշ կամ կանուխ կը ներգրաւուի հայկականութեան մթնոլորտին մէջ, կը դադրի «սիրողական», կրաւորական հայ ըլլալէ:
Չենք ուզեր մխրճուիլ վերոյիշեալ եւ այլ հաղորդումներու բովանդակութեան մանրամասնութեանց մէջ, սակայն պէտք է ընդգծենք, որ մեծ մասամբ ՊԱՏՄՈՂԱԿԱՆ են, հետեւաբար` դիւրամատչելի եւ դիւրին օգտագործելի:
Ինչպէ՞ս Օգտագործել
Նախ նշենք, որ յիշեալ յայտագիրները պէտք է դասակարգուին` համաձայն դիտող-օգտագործողի տարիքին: Կրթական մարմիններու, մշակներու եւ ծնողներու կը մնայ ժամանակ տրամադրել եւ, մանկավարժական մօտեցումով, տրամաբանական ժամանակի մէջ ուսումնասիրել զանոնք, դասակարգել` ըստ տարիքային ընկալման կարողութեանց, եւ համապատասխան յանձնարարութիւնները կատարել լայն զանգուածին:
Արեւմտահայ աշակերտին համար գլխաւոր անպատեհութիւնը կրնայ ըլլալ այն, որ բոլոր ծրագիրները արեւելահայերէնով են, սակայն կը հաւատանք, որ բարիքին վիթխարիութեան դիմաց այս անպատեհութիւնը կրնայ շրջանցուիլ ու դարմանուիլ դիւրութեամբ, որովհետեւ բարեբախտաբար այս ու նման յայտագիրներ ընդհանրապէս մատչելի եւ քիչ օտարաբանութեամբ ծանրաբեռնուած են: Ի վերջոյ, մեր լեզուի երկու ճիւղերը ՀԱՅԵՐԷՆ են, տարբերութիւնները կարելի է շրջանցել որոշ վարժութեամբ: (Հոս կ՛ուզենք արձանագրել առաջարկ մը. ինչո՞ւ գործակցութիւն չստեղծել Հայաստանի պատկան նախարարութիւններուն հետ, որպէսզի ընտրեալ յայտագիրներու արեւմտահայերէն տարբերակն ալ պատրաստուի ու զետեղուի համացանցի վրայ. չէ՞ որ Հայաստանի մէջ դասընթացքներ, համագումարներ եւ օգտակար այլ աշխատանքներ կը կատարուին ի սպաս արեւմտահայերէնին. ահաւասիկ` այդ նախանձախնդրութիւնը գործնապէս ապացուցելու դաշտ մը):
Գործնապէս ի՞նչ:
Սկսիլ յիշեալ կամ նմանօրինակ յայտագիրներէ ընտրութիւններ կատարել ու ցանկագրել, զանոնք մթերել համակարգչային տարբեր «պահեստանոցներու» մէջ (սկաւառակ, կայքէջի ենթաբաժանում եւ այլ միջոցներ, որոնք առատօրէն մատչելի են արդի արհեստագիտութեան բարիքներուն շնորհիւ): Մթերուածը յանձնարարել մանուկներու, պատանիներու եւ աշակերտներու` թելադրելով, որ զանոնք դիտեն եւ դասարանի մէջ կամ տունը, ակումբը կամ այլ խմբավայրերու մէջ իրենց դիտածը բերանացի պատմեն ծնողքին, ուսուցիչին, հասակակիցներու կամ թելադրանքը կատարող վարիչ-պատասխանատուին: Մանուկն ու պատանին, ինչո՞ւ չէ, նաեւ երիտասարդը կրնան տեսածն ու ընկալածը հաւաքական զրոյցի նիւթ դարձնել, իսկ բերանացի որոշ վարժութիւն ձեռք բերելէ ետք, երկրորդ մակարդակի մը վրայ` զանոնք ամփոփել գրաւոր կերպով: Այս ձեւով «սորվողը» կը լսէ, կը խօսի, ապա նաեւ կը գրէ հայերէն: Քանի մը ամիս ետք անոր համար մայրենին կը դառնայ աւելի ընտանի ու սովորական, քան` սկզբնական փուլին: Յաջորդ փուլերը բնականաբար կ՛ըլլան գիրքի-թերթի ընթերցում, եւ… «Սահման քաջաց զէնն իւրեանց»: Հոս արձանագրենք մանրամասնութիւն մըն ալ. յիշեալ խորագիրներուն տակ տրուած յայտագիրներուն բոլոր թիւերը լիովին կրնան օգտագործելի չըլլալ. ցանկագրումի ատեն կարելի է կատարել զտումի աշխատանք:
Ընտրութիւնն ու ցանկագրումը կարելի է կատարել «կեդրոնացեալ» ձեւով, այսինքն կրթական մարմիններ, հաստատութիւններ ու այս հարցով նախանձախնդիր հեղինակաւոր կողմեր իրականացնեն միացեալ աշխատանք, որուն արդիւնքը տրամադրելի ըլլայ բոլորին` դպրոց, երիտասարդական ու սկաուտական խումբեր, ակումբներ եւ այլն: Կ՛ընդունինք, որ սա ժամանակ եւ ճիգ պահանջող գործ է, սակայն անգամ մը որ որոշ ցուցակագրում կատարուի, այնուհետեւ կարելի է հաւաքագրուածը օգտագործել ամենայն դիւրութեամբ, յետոյ` աստիճանաբար հարստացնել ցանկերը. պատկերասփիւռի կայանները կը շարունակեն մեր յիշատակած ու նմանօրինակ յայտագիրներու արտադրութիւնը:
Իսկ թէ մասնագիտական ուսուցողական այլ միջոցներ վաղը-միւս օր կրնա՞ն յաւելեալ օգուտ բերել` այդ մասին ոչ մէկ կասկած: Մէկը միւսը չի խաչաձեւեր, իրարու չեն վնասեր:
Առաջարկուած ձեւը անպայմանօրէն պէտք չէ կապել դպրոցական տարեկան ծրագիրի, այլ` զայն օգտագործել այնպէս, ինչպէս կ՛օգտագործուին օժանդակ գիրքեր կամ դաստիարակչական խաղեր, լեզուի «տարրալուծարան»-ի միջոցները. մէկ խօսքով` ազատ վարժութեան մօտեցում որդեգրել, զայն նկատելով դաստիարակչական խաղ: Պատկերասփիւռը մանուկին ու պատանիին համար, իբրեւ լսատեսողական միջոց, գրաւիչ է, կը մնայ, որ երէցները տուեալ նիւթերուն մասին հետաքրքրութիւն սերմանեն անոնց մէջ ու շոգեկառքը ճամբայ հանեն: Նոյնքան կենսական է համոզուիլ, որ նման աշխատանքներ չեն ծանրաբեռներ մանուկին ու պատանիին առօրեան, այլ ընդհակառակն, առիթ կը ստեղծեն հաճելի ժամանցի, ինչպէս որ անոնք ժամանակ պիտի տրամադրէին խաղի կամ այլ օգտակար «արտադասարանային» աշխատանքի:
«Հայ Ասպետ»-ը
Մեր նկատի ունեցած յայտագիրներուն մէջ կը զատորոշուի «Հայ ասպետ» խորագրեալ յայտագիրը, որ ունի մօտաւորապէս 10 տարուան պատմութիւն, հայութեան ու աշխարհի մասին գիտելիքներու արտասովոր եւ հարուստ աղբիւր մըն է:
Անոնք, որոնք ծանօթ չեն այս յայտագիրին, տանք հակիրճ բացատրութիւններ:
Յայտագիրը մրցումի բնոյթով կը ներկայանայ: Մասնակիցները տարիքային տարբեր խմբաւորումով բեմ կու գան. նախակրթարանի, միջնակարգի եւ աւելի բարձր դասարաններու աշակերտներ, երբեմն նաեւ` բանակայիններ: Մրցակիցները կու գան տարբեր դպրոցներէ. իւրաքանչիւր յայտագիրի երեք խումբեր կը մրցին իրարու դէմ: Մրցավարը կը կոչուի Կարին Տօնոյեան, որ հմտօրէն կը ղեկավարէ յայտագիրը (իսկապէս շնորհաւորելի գործ կ՛ընէ): Մրցողներուն կ՛ուղղուին բազմաբնոյթ հարցումներ. Հայաստանի կամ աշխարհի պատմութիւն, Հայ դատ, աշխարհագրութիւն, երաժշտութիւն, գիրքեր, մշակոյթի տարբեր կալուածներ, հայութեան պայքարի էջեր, կենդանական աշխարհ եւ դեռ` շա՜տ ու շա՛տ բաներ:
Պատասխանները մասնագէտ դատաւորներու կողմէ կը գնահատուին կէտերով: Դատաւորները հմուտ դասախօսներ են, արուեստաբաններ, երգի ու պարի մասնագէտներ: Մասնակիցներէն կը պահանջուին նաեւ ազգագրական տոհմիկ երգեր ու պարեր: Դատաւորներն ու վարողը շատ խստապահանջ են (յաճախ յուզումով դիտած եմ անսխալ պատասխանները, կամ մտովի վիճած` դատաւորներուն հետ, որոնք չափազանց աններող կ՛ըլլան): Յաղթականներն ու մասնակցողները կը ստանան նուէրներ, իսկ եղանակի աւարտին յաղթականները շրջապտոյտ կը շահին դէպի Արեւմտեան Հայաստանի այս կամ այն շրջանը:
Ծրագիրին կայքէջը այցելողը կը գիտնայ, թէ մրցակիցները ի վերուստ հանճարներ չեն, այլ մրցումին ներկայանալէ առաջ անոնց տրամադրուած կ՛ըլլան որոշ նիւթեր` գիրքեր, գիտելիքի աղբիւրներ եւ այլն, ու անոնք ըստ էութեան մօտաւորապէս կը գիտնան, թէ ինչի՛ մասին պիտի ըլլան հարցումները, կու գան պատրաստուած: Սակայն երբ գիրքի մը կամ արուեստագէտի մը կեանքին-գործին ամենայետին մանրամասնութեան մասին մանուկներ ու պատանիներ կու տան մանրամասն ու ճշգրիտ պատասխաններ, դիտողը կը կշռէ, թէ ինչպիսի՜ հոգածու աշխատանք կը տարուի մեր հայրենիքի դպրոցներուն մէջ, որպէսզի մանուկն ու պատանին ստանան բազմակողմանի գիտելիք ու ծանօթութիւն, դառնան «քալող համայնագիտարան», ունենան լայն հորիզոններ (ի հակադրութիւն Արեւմուտքի մանկավարժական իրողապէս սահմանափակող տրամաբանութեան): Օգուտը կը տարածուի նաեւ դիտողներուն…
Յաճախ այս յայտագիրին մասին խօսած եմ բարեկամ ուսուցիչներու եւ ծնողներու հետ, որոնք արդարօրէն բացատրած են, որ «մեր քով նման բան հնարաւոր չէ», ու թուած են պատճառները (հասկնալի, բայց` ոչ միշտ արդարանալի):
… Մեր դպրոցներէն, միութիւններէն եւ ակումբներէն երկար ատենէ ի վեր վերացած են այն մրցումները, որոնք ժամանակին սովորական էին եւ կը կոչուէին ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄ: «Հայ ասպետ»-ը այդ մշակոյթին համապատասխանող յայտագիր է: Աւելի պարզ նմանակները կարելի է պատրաստել սփիւռքեան որեւէ գաղութի մէջ` օգտուելով «Հայ ասպետ»-էն:
«Հայ ասպետ»-ի հաղորդումները կ՛ըլլան աղուոր հայերէնով մը: Այսուամենայնիւ, երբեմն հոն ալ մանր սպրդումներ կ՛արձանագրուին: Օրինակի համար, մրցավարն ու դատաւորները մրցող ԽՈՒՄԲերը կը կոչեն ԹԻՄ (Team), երբեմն ալ երէց մրցողներու բերնէն կը լսուին «մասնագիտական» օտարաբանութիւններ, քաղաքական-պատմական կամ այլ եզրերու պարագային: Սակայն, ըստ ամենայնի, նման վրիպումներ ու թերութիւններ մեծ վնաս չեն պատճառեր յայտագիրէն օգտուիլ ուզողին: Տեղը չէ մանրամասն խօսելու այլ հաղորդումներ ծանրաբեռնող օտարաբանութեանց մասին:
Եզրակացութիւն
Հարցը այն է, որ այս յայտագիրներուն օգտագործման համար տեղէ մը պէտք է սկսիլ. կարելի է հմուտ ուսուցիչներ եւ մտաւորականներ յատուկ աշխատանքի կոչել` ի հարկին նիւթական վարձատրութեամբ: Առաջադրուած փորձը կը պայմանաւորէ համաչափ եւ զուգահեռ ծրագրում, որ տարածուի կարելի մեծամասնութեան մը վրայ, հասնի բոլոր գաղութներուն, մտնէ տուն, դպրոց, ակումբ եւ մեր հաւաքական ու անհատական կեանքը կազմող որեւէ միաւորի յարկը. այլապէս կը մնայ կաղ ու անյաջող:
«Ժամանակ չունինք»-ի առարկութիւնը, ինչպէս նշեցինք, կրնայ չէզոքանալ դիւրութեամբ: Դպրոցի պարագային, պայման չէ, որ դասապահը զոհուի կամ լիովին նման աշխատանքի տրամադրուի. իմաստուն ուսուցիչը (կը հաւատամ, որ հայերէնի դաստիարակը ի բնէ իմաստուն է) կրնայ դասապահը տնտեսել լաւագոյն ձեւով. կարելի է մանուկն ու պատանին նման աշխատանքի մղել մանաւանդ դասապահէն դուրս` նախ անոր մէջ հետաքրքրութիւն ստեղծելով եւ ապա զայն տարբեր ձեւերով վարձատրելով (յաւելեալ նիշ, նուէր, այլ ձեւերով գնահատանք եւ այլն): Դասապահերուն կողքին, երգ ու տրամախօսութիւն սորվեցնող ուսուցիչներ կամ խմբակներու պատասխանատուներ վստահաբար փորձառութեամբ փաստած են, որ ԴԱՍ չնկատուող «գործիքներով» շատ աւելի ազդու կը դառնայ հայերէնին (նաեւ` որեւէ այլ նիւթի) ընտելացումը, քան` դասական ընկալեալ մթնոլորտով ուսուցումը:
Այս յայտագիրները կը կազմեն մեր հայրենիքին լուսաւոր ու լուսատու դէմքը, կը համոզեն, որ հայրենիքը միայն մտահոգիչ իրադարձութեանց վայր չէ, այլեւ` օգտակար աղբիւր:
Վերջին կէտ մըն ալ. յիշեալ յայտագիրները արդեօք չունի՞ն թերութիւններ ու դժուարութիւն յարուցող երեսներ: Ունին. ոչինչ լիովին կատարեալ է. կը մնայ մատուցուածէն ճիշդ քաղուածք-ընտրութիւն կատարել, ըստ կարելւոյն դարմանել մանր թերիները: Չէ՞ որ կամեցողութիւնը մայրն է լուծումներու:
18 սեպտեմբեր 2016