Շաբաթ, սեպտեմբեր 17-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Կրենտ» զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան վերապրումին նուիրուած յուշարձանին բացումը: Ներկայ էին Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Մայքըլ Անթոնովիչ եւ հարիւրաւոր հայորդիներ:
Յուշարձանը ծնունդ առած էր Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով նոյն զբօսայգիին մէջ անցեալ տարի «iWitness» ծրագիրին իրականացուցած վերապրողներու հսկայ եւ եռակողմ լուսանկարներու ներկայացումէն: Արդարեւ, լուսանկարիչներ Արա Օշականի եւ Լեւոն Փարեանի, ինչպէս նաեւ ճարտարապետ Վահագն Թովմասեանի ջանքերով նշեալ լուսանկարներու ներկայացման օրերուն Մայքըլ Անթոնովիչ առաջադրած է մնայուն յուշարձան մը հաստատել. ընդառաջելով անոր` Վ. Թովմասեան Հայաստանի Արարատեան դաշտէն բերուած 5 թոն կշռող ժայռակտորով մը ստեղծագործած է սոյն յուշարձանը:
Մէջտեղէն երկուքի կիսուած յուշարձանին մասին բացատրութիւն տալով` Թովմասեան կ՛ըսէ, թէ անոր անտաշ կէսը կը ներկայացնէ հայութիւնը` Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, իսկ սահուն կէսը` հայութեան ներկան, նոր սերունդը եւ ապագան:
Յուշարձանին շուրջը գրուած է Ուիլիըմ Սարոյեանի հետեւեալ խօսքը. «Կեանքիդ ժամերը ապրէ այնպէս, որ քեզի բաժին ինկած ժամերուն չաւելցնես աշխարհի վիշտն ու տառապանքը, այլ ժպիտով ընդունէ անոր անսահման ցնծութիւնն ու խորհուրդը»: