Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Յորդանան

«Վարդավառ» Երգչախումբի Անդրանիկ Ելոյթը Նուիրուած Կոմիտասի Յիշատակին

vartavar_82916

Հովանաւորութեամբ Հաշիմական ընտանիքի իշխանուհի Ռիմ Ալիի եւ նախագահութեամբ Ամմանի քաղաքապետ Աքըլ Պըլթաճիի, 29 օգոստոսին Ամմանի «Հուսէյն» մշակութային կեդրոնի թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ յորդանանահայ «Վարդավառ» երգչախումբին անդրանիկ ելոյթը` խմբավարութեամբ հայ արուեստի կատարող, երաժիշտ, երգահան, խմբավար Վարդուհի Թորոյեան-Ներսէսեանի:

30 անդամներէ բաղկացած երգչախումբը կեանքի կոչուեցաւ 2016-ի սեմին: Համերգին ընթացքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Յորդանանի Ազգային  երաժշտանոցի սենեկային նուագախումբը, գլխաւորութեամբ երաժշտանոցի տնօրէն, Յորդանանի Ազգային նուագախմբի ղեկավար Մոհամետ Օթման Ստիքի:

Ձեռնարկը արժանացաւ բոլորին գնահատանքին եւ ծառայեց ազգային գիտակցութիւնը ամրապնդելու սրբազան նպատակին:

 

Միացեալ Նահանգներ

Կարօ Փայլանի Ելոյթները

garo_sept-2016

24-26 սեպտեմբերին Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն, մարդկային եւ յատկապէս փոքրամասնութիւններու իրաւանց պաշտպան գործիչ, երկար տարիներու ջատագով` Թուրքիոյ մէջ երկլեզու դասաւանդութեանց, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ անդամ Կարօ Փայլան պիտի այցելէ Հարաւային Քալիֆորնիա մասնակցելու շարք մը ձեռնարկներու:

24 սեպտեմբերին Փայլան գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ մտաւորական այն համագումարին, որ կազմակերպուած է «Հայեր եւ յառաջդիմական քաղաքականութիւն» կազմակերպութեան եւ Համալսարանական ուսանողներու համահայկական միութեան կողմէ, համագործակցութեամբ` «Ուուտպըրի» համալսարանին: «Աշխարհաքաղաքականութիւնն ու փոքրամասնութիւնները. Թուրքիոյ պարագան» խորագրուած սոյն գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ «Ուուտպըրի» համալսարանի «Ֆլեչըր Ճոնզ» սրահին մէջ: Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, դոկտ. Ասլի Պալի եւ իրաւաբան Էտվին Մինասեան: Նոյն օրը երեկոյեան Լոս Անճելըսի Հայկական միացեալ խորհուրդին կազմակերպութեամբ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ համայնքային ընթրիք մը` ի պատիւ երեսփոխանին:

25 սեպտեմբերին Կարօ Փայլան ներկայ պիտի ըլլայ Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցւոյ, ապա` Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատարագին: Ան պիտի այցելէ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանը Մոնթեպելլոյի մէջ, իսկ երեկոյեան Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ համայնքային հաւաք մը` «Ասպարէզ»-ի հիւրընկալութեամբ:

27 սեպտեմբերին Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «ՄըքԼէյն» սրահին մէջ Փայլան պիտի մասնակցի քննարկումի մը` Թուրքիոյ հայութեան ներկայ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ երկրի ընդհանուր կացութեան ու քրտական հարցին վերաբերող: Ներկայացումը մաս կը կազմէ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի աշնանային դասախօսութեանց շարքին, որ կ՛իրականացուի «Լիան Ս. Փիթըրզ» հիմնարկին աջակցութեամբ:

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Առաջին Միւզիքլը` «Ես Ողջ Եմ» Խորագիրով

denise-gentilini_92216

20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութենէն վերապրած Գուրգէն եւ Մալվին Հաճեաններու թոռնուհին` «Էմմի»-ի մրցանակակիր, երգահան Տենիս Ջենթիլինի յօրինեց Եղեռնի մասին պատմող առաջին Միւզիքլը` «Ես ողջ եմ» խորագիրով, որուն  առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ 10 սեպտեմբերին, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատրոնին մէջ:

Երգահանը նկատել տուաւ, թէ «Միւզիքլ»-ը համամարդկային այն լեզուն է, որուն միջոցով անոնք, որոնք չեն լսած Հայոց ցեղասպանութեան մասին` կը հետաքրքրուին, որովհետեւ երաժշտութիւնը զայն հասանելի կը դարձնէ բոլորին` աւելցնելով, որ ինք պատասխանատուութիւն կը զգայ աշխարհին պատմելու 20-րդ դարի առաջին Ցեղասպանութեան մասին:

Երաժշտական կտորը գրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով, եւ անոր համաշխարհային անդրանիկ ներկայացումը տեղի ունեցած է Տենվըրի մէջ 21 ապրիլ  2015-ին: Իրական դէպքերու վրայ հիմնուած ներկայացման գործողութիւնները կը ծաւալին 1915-ի  ջարդերու ժամանակ:

Ջենթիլինի նշեց, որ միւզիքլին անունը` «Ես ողջ եմ» դնելով ուզած է պատմել պատմութիւն մը, ուր, հակառակ ողջ ազգի մը սարսափելի կոտորածին, ապրելու ու ապագայի յոյսն ու հաւատքը միշտ ներկայ էին: Հերոսները ներկայացուած չեն որպէս զոհեր, այլ` իրենց յոյսը, վառ ապագայի սպասումն ու ստեղծելու կորովը չկորսնցուցած անհատներ: Ըստ հայ երգահանին, միւզիքլին մէջ անձնական պատմութեան միջոցով նաեւ ցուցադրուած է հայ ժողովուրդին ուժն ու մահուան յաղթելու կամքը:

Միւզիքլի ստեղծման մէջ Ջենթիլինիի գործընկերն է միջազգային ճանաչում ունեցող երգչուհի եւ երգահան Լիզա Նեմզօ: Ներկայացումը պատրաստուած է Ջենթիլինիի` 2002 թուականին նկարահանած «Հաճեաններու պատմութիւնը» խորագիրով վաւերագրական ժապաւէնին մէջ տեղ գտած Գուրգէն եւ Մալվին Հաճեաններու հարցազրոյցի հիման վրայ:

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան 60-Ամեակը

iranahay_82716

27 օգոստոսին նշուեցաւ Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան 60-ամեակը: Այս առիթով կեդրոնը անուանակոչուեցաւ «Լուդովիքա եւ Յակոբ Այնթապլեան» կեդրոն, ամոլին կատարած 4 միլիոն ամերիկեան տոլար նուիրատուութեան համար:

Առաջին յարկի ընդունարանը անուանակոչուեցաւ «Սինան եւ Անժելա Սինանեան», իսկ 10 հազար գիրքերով օժտուած գրադարանը կոչուեցաւ «Օտրի եւ Վահան Գրեգորի» անունով: Յայտարարուեցաւ նաեւ, թէ արուեստի, պարի սենեակը պիտի կոչուի Թոմիկ Ալեքսանեանի անունով` առ ի գնահատանք անոր արդիւնաւէտ գործունէութեան:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց  Յովիկ Կապիկեան, որ ներկայացուց օրուան խորհուրդը: Օրհնութեան աղօթքով եւ գնահատական խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Հայաստանի հիւպատոսարանի անունով գնահատական խօսք ուղղեց Արմելա Սահակեան: Ելոյթ ունեցան նաեւ բարձրաստիճան քաղաքական, միութենական դէմքեր:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Թահանկայի Հայց. Եկեղեցին Կը Մկրտուի Սրբոց Առաքելոց Անունով

tahanga-82016

20 օգոստոսին Թահանկայի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ արարողութիւն, որուն ընթացքին եկեղեցին մկրտուեցաւ Սրբոց Առաքելոց եկեղեցի անունով` ձեռամբ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի:

Արարողութեան ներկայ եղած են մեծ թիւով հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ շարք մը բարերարներ` գլխաւորութեամբ Արա Աբրահամեան ամոլին, որուն կատարած նուիրատուութեան համար եկեղեցւոյ համալիրը պիտի կոչուի Աբրահամեաններուն անունով:

 

Ֆրանսա

Սուրբ Խաչի Տօնին Առթիւ Դաշտահանդէս

Կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ ընկերակցութեան, 11 սեպտեմբերին Սեւրի Մխիթարեան վարժարանի պարտէզներուն մէջ Սուրբ Խաչի տօնին առիթով, տեղի ունեցաւ տարեկան դաշտահանդէսը:

Առաւօտուն վարժարանի սրահին մէջ Յովհաննէս եպս. Թեյրուզեան մատուցեց Ս. պատարագ, որմէ ետք իր քարոզին մէջ ան բացատրեց օրուան խորհուրդը` շեշտելով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը կրէ փորձութեան, փառքի, տառապանքի, երջանկութեան իր խաչը եւ, մեր արարքներուն համաձայն, պիտի վճռուի, թէ` արժանի՞ ենք կամ ոչ` վերակենդանացման, յաւիտենականութեան եւ դրախտին:

Այնուհետեւ բակին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ հայկական ներշնչումով պատրաստուած ձեռարուեստի գործերու վաճառք:

 

Պուլկարիա

Թեմի Առաջնորդը Ելոյթ Ունեցաւ «Արժէքներ, Կրօն Եւ Աշխարհականութիւն» Միջազգային Գիտաժողովին

kidajoghov_91216

Կազմակերպութեամբ «Պուլկարիոյ  եւրոպական  զարգացման քաղաքացիներ» ընկերակցութեան եւ «Ուիլֆրետ Մարտենս» եւրոպական հետազօտութիւններու կեդրոնին,  համագործակցութեամբ «Քոնրատ Ատենավէր հիմնադրամ»-ի Պուլկարիոյ ներկայացուցչութեան 12 սեպտեմբերին «Կրանտ Սոֆիա» պանդոկին  «Սոֆիա» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ «Արժէքներ,  կրօն  եւ աշխարհականութիւն»  միջազգային գիտաժողովը:

Գիտաժողովին պաշտօնական հրաւէրով ելոյթ ունեցաւ Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Իսահակ վրդ. Պօղոսեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ  եւրոպական ինքնութեան հարցը նոյնքան հին է, որքան  Եւրոպական քաղաքակրթութիւնը, սակայն այսօր ան դարձած է  օրակարգային: Ան շեշտեց, որ իրաւական անսխալ նկատուող սկզբունքները անջատուած են Ս. Գիրքէն` աւելցնելով, որ մարդկութեան  յայտնի բոլոր գաղափարներու`  ժողովրդավարութեան,  ազատութեան,  մարդկային իրաւունքներու, հանդուրժողականութեան, ազգերու հաշտութեան ակունքը Ս. Գիրքն է: Ան հաստատեց, որ հասարակութիւնը որքան ալ  ազատական  միջավայրի մէջ ապրի, բարոյականութիւնն ու բարոյագիտութիւնը անմիջականօրէն կապուած  են քաղաքականութեան եւ քաղաքական վերնախաւին հետ, որ պէտք է փորձէ վերստին ընդունիլ քրիստոնէական արժէքները` որպէս սկզբունք:

Գիտաժողովին ելոյթ ունեցան նաեւ այլ անձնաւորութիւններ:

Պուրկասի Մէջ Նշուեցաւ  Ս. Խաչ  Եկեղեցւոյ  Տօնը

bulgaria_91116

11 սեպտեմբերին Խաչվերացի տօնին առիթով  Պուրկաս քաղաքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ  եկեղեցւոյ տօնը:

Թեմի առաջնորդ  Իսահակ վրդ. Պօղոսեան  իր քարոզին մէջ ներկայացուց տօնին պատմականը` անդրադառնալով մեր կեանքին մէջ խաչի ու խաչելութեան ունեցած խորհուրդին:

Ս. պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը ընթերցեց Ամենայն Հայոց  կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի կոնդակը, ըստ որուն, եկեղեցւոյ հովիւ Պօղոս  քհնյ. Միքայէլեան քահանայական լանջախաչ կրելու իրաւունք կ՛ունենայ:

Սրբազանը  շնորհաւորեց հովիւը եւ յորդորեց ներկաները գնահատելու եւ օժանդակելու տէր հօր, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ ան լաւագոյն կերպով  արդարացնէ քահանայական իր պարտաւորութիւնները:

 

Վրաստան

Երիտասարդ Առաջնորդներու Եռօրեայ Հաւաք

7-9 սեպտեմբերին կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ծերովանի քաղաքամերձ աւանի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի հայ համայնքի երիտասարդ առաջնորդներու եռօրեայ հաւաք:

Դասընթացքը մեկնարկեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդի օգնական Խորէն վրդ. Յովհաննէսեանի ողջոյնի խօսքով:

Եռօրեայ ծրագիրի ընթացքին մասնակիցները ունկնդրեցին Խորէն վրդ. Յովհաննէսեանի դասախօսութիւնները Սուրբ հաղորդութեան խորհուրդին եւ աղօթքի կարեւորութեան մասին: Յուսիկ քհնյ. Յարութիւնեան խօսեցաւ հայ երիտասարդի կեանքին մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին: Վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժնի տնօրէն Լեւոն Չիթիլեան ներկայացուց Թիֆլիսի հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը: Վիրահայոց թեմի իրաւական հարցերու բաժնի տնօրէն Միքայէլ Աւագեան անդրադարձաւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու թեմային, իսկ Խաղաղութեան հիմնադրամի նախագահ Կիորկի Թումասեան խօսեցաւ «Վրաստանի Եւրատլանտեան համարկում» նիւթին մասին:

Ծրագիրի աւարտին առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց սոյն ծրագիրի կազմակերպիչները եւ դասընթացի մասնակիցներուն յանձնեց մասնակցութեան վկայականներ եւ խաչեր:

Հաւաքի աւարտին մասնակիցները այցելեցին Թիֆլիսի Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցի եւ հայ գրողներու ու հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>