Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Վերամուտին Առիթով, Եկէ՛ք Նոր Սիրով Շրջապատենք Հայ Դպրոցը…

$
0
0

Bishop-Shahe-Panossian_9-30-15Ահաւասիկ, լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ դարձեալ խանդով ու եռանդով սկիզբ կ՛առնէ կրթական նոր տարեշրջանի մը կեանքը:

Այս առիթով կ՛աղօթենք, որ 2016-2017 կրթական այս նոր տարին մեր վարժարաններուն համար ըլլայ խաղաղ, ներդաշնակ եւ արդիւնաշատ աշխատանքի շրջան եւ սրտանց կը մաղթենք, որ մեր ժողովուրդի սպասումներուն համաձայն, մեր դպրոցներուն մէջ ազգային շունչով եւ հայրենական տեսիլքներով կերտուի սփիւռքեան պայմաններու մէջ հասակ առնող մեր դեռատի զաւակներուն նկարագիրը:

Վերամուտի այս հանգրուանին, մեր դպրոցներուն մէջ սիրով եւ ուրախութեամբ կ՛ողջունենք նաեւ հայ դաստիարակն ու աշակերտը եւ կը մաղթենք, որ մեր վարժարաններու երդիքին տակ, ներդաշնակ ճիգով եւ ոգեւորութեամբ կ՛արդիւնաւորեն յառաջիկայ կրթական տարեշրջանի կեանքը:

Այս առիթով կարեւորութեամբ կը յիշեցնենք նաեւ մեր ծնողներուն, որ իրենց զաւակներուն ամէնէն վստահելի առաջնորդն ու ուղեցոյցը հայ դպրոցն է: Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ մեր ծնողները բարձրագոյն գիտակցութեամբ վարուին իրենց զաւակներու կրթութեան գործին հետ եւ հայ դպրոց առաջնորդելով զիրենք, առիթ ընծայեն, որ անոնք հայ վարժարանի ակունքէն քաղեն ազգային ժառանգութեանց եւ արժէքներու հարազատ հոգին:

Վերամուտի առիթով խոր երախտագիտութեամբ կ՛ողջունենք եւ կը գնահատենք նաեւ բոլոր այն բարերարները, որոնք ի սպաս հայ կրթութեան սրբազան գործին, կը շարունակեն իրենց վաստակէն բաժին հանել հայ դպրոցին, որպէսզի սերունդէ-սերունդ հայ աշակերտին նկարագիրը կերտուի հայրենական տեսիլքներով ու ազգային հարազատ արժէքներով:

Կասկած չկայ, որ վերամուտը բոլորիս հայեացքը կը հրաւիրէ դէպի կրթական գործ` սփիւռքի մէջ, մեր հաւաքականութեան մեծագոյն այն պարտականութիւնը, որ կը միտի նորագոյն սերունդին մօտ կերտել եւ պահպանել ազգային շունչ եւ հոգի: Այդ աշխատանքը մենք գլխաւորաբար կը ջանանք իրականացնել մեր դպրոցներով, որոնք դժբախտաբար, յաճախ պարտաւորուած են գործելու նիւթական ծանր եւ երբեմն ալ անստոյգ պայմաններու մէջ:

Հետեւաբար, վերամուտի առիթով հայ դպրոցին դիմագրաւած դժուարութիւնները պէտք է շարժեն մեր ժողովուրդին խղճմտանքը եւ մեզ հաւաքաբար հրաւիրեն յաւելեալ գիտակցութեան ու պատասխանատուութեան:

Առանց հայ դպրոցի արդիւնքին, մենք  չենք կրնար աշխարհի մէջ մնալ ու յարատեւել հայկական շունչով եւ հայու նկարագիրով. առանց հայ դպրոցին, մենք չենք կրնար մեր ազգային կեանքին համար գտնել յարատեւութիւն եւ ոգեւորութիւն: Փոխադարձաբար, առանց միացեալ ճիգի, առանց հաւաքական մասնակցութեան եւ առանց բարերար ձեռքերու շարունակական աջակցութեան, հայ դպրոցը չի կրնար մնալ յառաջապահ դիրքի վրայ եւ ըլլալ արդիւնաշատ:

Հետեւաբար, կրթական նոր տարուան առիթով եկէ՛ք նոր սիրով շրջապատենք հայ դպրոցը եւ հաւաքական ուժերու լարումով նեցուկ կանգնինք եւ աջակցինք անոր առաքելութեան, որպէսզի մերօրեայ կեանքի պայմաններուն մէջ, ան ըլլայ աւելի արդիւնաւոր եւ իրեն վստահուած հայ մարդու պատրաստութեան դժուարին առաքելութիւնը տանի աւելի մեծ վստահութեամբ:

Սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթարար`

ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>