Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ինչպէ՞ս Վարուիլ «Ալցհայմըր» Հիւանդութեամբ Տառապողի Մը Հետ» Նիւթով

$
0
0

DSC05237

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ինչպէ՞ս վարուիլ Ալցհայմըր հիւանդութեամբ տառապողի մը հետ» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Միռնա Մնայմնէ, գործադիր տնօրէն Լիբանանի «Ալցհայմըր» ընկերակցութեան:

Առողջապահական յանձնախումբի եւ «Արաքսի  Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Վերժին Խորշիտեան:  Ներկայացնելէ ետք դասախօսը, Խորշիտեան նշեց, թէ որքա՛ն կենսական է լաւատեղեակ ըլլալ Ալցհայմըր հիւանդութեան, կանխարգիլման, եւ ինչպէ՛ս պէտք է վարուիլ հիւանդներուն հետ:

Միռնա Մնայմնէ դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով Ալցհայմըր հիւանդութիւնը, որ աստիճանաբար զարգացող ուղեղային խանգարում է, ուր ենթակային յիշողութիւնը եւ տրամաբանելու կարողութիւնը դանդաղօրէն  կը նահանջեն, հասնելով մինչեւ այն հանգրուանը, ուր անկարելի կ՛ըլլայ կատարել ամէնօրեայ հիմնական կենցաղային պարտականութիւնները:

Ներկայիս Ալցհայմըրը մահացու հիւանդութիւններու շարքին 6-րդ տեղը կը գրաւէ:

1906 թուականին տոքթ. Ալիոս Ալցհայմըր յայտնաբերեց Ալցհայմըր հիւանդութիւնը, որ կոչուեցաւ իր անունով: Տոքթ. Ալցհայմըր նկատեց փոփոխութիւններ կնոջ մը ուղեղի բջիջներուն մէջ. վերջինս մահացաւ ուղեղային անորոշ հիւանդութեամբ: Կնոջ հիւանդութեան ախտանշաններն էին` յիշողութեան կորուստ, խօսելու, արտայայտուելու խանգարումներ եւ անկանխատեսելի վարմունք: Երբ կնոջ ուղեղը քննեցին, նկատեցին անբնական հաւաքածոյ սպիտակուցներու եւ հիւսկէններու:

Ուղեղային մակարդակի վրայ խանգարումը նախ եւ առաջ տեղի կ՛ունենայ յիշողութեան կեդրոնին մէջ, հետեւանքը յիշողութեան աստիճանական նահանջն է:

Թուելով պատճառները դասախօսը նշեց, թէ կան զանազան պատճառներ` ժառանգական, ընկերային, հոգեբանական եւ կենսաձեւի: Շատ յաճախ այս բոլորին մէկտեղումը կրնայ պատճառել Ալցհայմըր հիւանդութիւնը:  Այս բոլորին հետ պէտք է նշել նաեւ տարիքային գործօնը, 65 տարեկանէն վեր հաւանականութիւնը աստիճանաբար կը բարձրանայ, իսկ 40 տարեկանէն վեր Ալցհայմըր հիւանդութեան գլխաւոր պատճառը կրնայ ժառանգական ըլլալ: Զանազան քրոնիկ հիւանդութիւնները կրնան իրենց ազդեցութիւնը ունենալ հիւանդութեան վրայ, ինչպիսին են իւղերու կուտակումը, գերճնշումը, շաքարախտը եւ այլն:

Ի՞նչ  են ախտանշանները այս հիւանդութեան.

1.- Յիշողութեան աստիճանական նահանջ,
2.- Անկարողութիւն ամէնօրեայ աշխատանքները կատարելու,
3.- Լեզուական եւ արտայայտութեան դժուարութիւններ եւ խանգարումներ,
4.- Դժուարութիւն ունենալ ճշդելու ժամանակը եւ վայրը,
5.- Դատողութեան եւ տրամաբանութեան աստիճանական խանգարում,
6.- Նահանջ վերացական մտածողութեան մէջ,
7.- Անկանխատեսելի վարմունքի փոփոխութիւններ:

Յաջորդ բաժինով Միռնա Մնայմնի նշեց զանազան բժշկական քննութիւններ, որոնք կը յայտնաբերեն Ալցհայմըր հիւանդութիւնը: Բժիշկը ընդհանրապէս կը հարցնէ ենթակային առողջական վիճակին, անցեալի առողջական խանգարումներուն մասին եւ եթէ փոփոխութիւններ կան ենթակային առօրեայ աշխատանքները կատարելու պարագային: Բժիշկը նաեւ կրնայ կատարել յիշողութեան հետ առնչուած զանազան քննութիւններ, բժշկական, արեան …մէզի:

Ինչպէ՞ս կարելի է կանխարգիլել Ալցհայմըր հիւանդութիւնը.

1.- Մարզանքով,
2.- Հաւասարակշռուած սննդականոնով,
3.- Ուղեղի շարունակական աշխատանքով,
4.- Միշտ ունենալով ընկերային առողջ փոխյարաբերութիւններ,
5.- Քրոնիկ հիւանդութիւններուն լաւապէս հետեւելով ու հսկելով:

Խօսելով դեղերով բուժման մասին դասախօսը նշեց, որ որեւէ դեղ գոյութիւն չունի, որ կը բուժէ հիւանդութիւնը, այլ կարելի է դանդաղեցնել ընթացքը, եւ ենթական պահել յարաբերաբար աւելի լաւ պայմաններու մէջ:

Աւարտին դասախօսը գլխաւորաբար խօսեցաւ Ալցհայմըր հիւանդութեամբ տառապողներու ընկերային-հոգեբանական վիճակին մասին` բացատրելով, թէ անոնք աւելի զգայուն, վախկոտ ու անվստահ կը դառնան: Այն անհատները, որոնք կը խնամեն Ալցհայմըր հիւանդութեամբ տառապողը, նկատի պէտք է ունենան հետեւեալները.

1.- Անհատները պէտք է փոխեն իրենց վերաբերմունքը հիւանդին նկատմամբ,
2.- Ալցհայմըր հիւանդութեամբ տառապող անձը ունի իր անցեալը, իր նախասիրութիւնները, այս բոլորը նկատի պէտք է առնել զանոնք խնամելու ընթացքին,
3.- Հիւանդին հետ ըլլալ միշտ դրական եւ չդիրքորոշուիլ զանազան պայմաններէ ազդուած,
4.- Լաւապէս հասկնալ հիւանդութեան զանազան նշանները եւ զանոնք նկատի ունենալ մեր հիւանդին հետ վերաբերմունքի ընթացքին,
5.- Տան մէջ պայմաններ պատրաստել հիւանդին յատուկ դիւրութիւններէ մեկնած,
6.- Հիւանդը խնամել գուրգուրանքով եւ միշտ սէր ցոյց տալ:

Աւարտին դասախօսը զանազան բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>