Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ընտանիքի Անդամներուն Փոխյարաբերութիւնը» Նիւթով

$
0
0

DSC05291

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ընտանիքի անդամներուն  փոխյարաբերութիւնը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի դասախօս  Շաղիկ Խիւտավերտեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ մարդկային առողջ ընկերութեան մը գրաւականը համերաշխ ընտանիքն է: Իսկ համերաշխ ընտանիք ունենալու նախապայմանը ընտանիքի անդամներուն համերաշխ փոխյարաբերութիւնն է, որ իր կարգին կը նպաստէ ուրախ ընտանեկան մթնոլորտի ստեղծման:

Ռուս նշանաւոր գրող Թոլսթոյ ըսած է. «Բոլոր երջանիկ ընտանիքները նման են իրարու, բայց իւրաքանչիւր ապերջանիկ ընտանիք իրեն յատուկ ձեւով ապերջանիկ է»:

Շաղիկ Խիւտավերտեան դասախօսութեան սկսաւ սահմանելով եւ բացատրութիւն տալով դասախօսութեան վերնագիրի երեք բառերուն` ընտանիքի, անդամներու եւ փոխյարաբերութեան մասին:

Ընտանիք- Ընտանիքը մարդոց խումբն է, ուր մարդիկ իրարու առնչուած են արեան կապակցութեամբ եւ ծնունդով: Գոյութիւն ունին երկու ձեւի ընտանիքներ:

ա) Անմիջական կորիզային ընտանիք.- հայր, մայր, զաւակներ:

բ) Ընդարձակ մեծ ընտանիք.- մեծ մայր, մեծ հայր, մօրաքոյր, հօրաքոյր, հօրեղբայր եւ այլն:

Ընտանիքը կարեւորագոյն կառոյցն է, որուն ընդմէջէն անդամներ կը պատրաստուին կեանքի, եւ անոնց ընկերային յարմարեցումը տեղի կ՛ունենայ:

Խօսելով  ընտանիքի անդամներուն փոխյարաբերութեան մասին` նկատի պէտք է ունենալ միջավայրը եւ արեւելեան մշակոյթը, ուր ընտանիքի կազմութիւնը հիմնուած է ամուսնութեան վրայ, իսկ ընտանեկան յարաբերութիւնը` անգիր օրէնքներու: Սեռային յարաբերութիւնը կարգաւորուած է արիւնապղծութիւնը արգիլելու օրէնքին վրայ:

Շաղիկ Խիւտավերտեան շարունակելով դասախօսութիւնը խօսեցաւ երկրորդ բառին` անդամի իմաստին մասին: Սահմանելով անդամ բառը ան ըսաւ, որ անիկա անհատ մըն է, որ մասնիկն է խումբի մը, ամբողջութեան մը, իսկ ընտանիքի անդամ ըլլալու կարգավիճակը նախ պայմանաւորուած է արեան կապով, ապա` բաժնեկցուած զգացումներով, սկզբունքներով, բարոյական արժէքներով:

Հետեւաբար ընտանիք եւ անդամ` այս երկուքին միատեղ գոյութիւնն է, որ կը պայմանաւորէ ընտանիքի գոյութիւնը եւ անոր մաս կազմելու կարգավիճակը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի երրորդ բառին` փոխյարաբերութիւն, Խիւտավերտեան ըսաւ, որ «փոխ» ածանցը կը նշանակէ երկկողմանի, օրինակ` արեան կապը փոխ է, զգացումը փոխ է, յարաբերութիւնը փոխ է եւ այլն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ  ժամանակի ընթացքին ընտանիքը իբրեւ դրութիւն եւ իբրեւ հասկացողութիւն ծնունդ առած է եւ կազմուած, դասախօսը թուեց հետեւեալ ազդակները.

– Պատասխանատուութիւնը,
– Հոգեբանական կարիքը,
– Տնտեսական յարմարութիւնը,
– Առողջութիւնը (ֆիզիքական, սեռային…),
– Ընտանեկան կազմաւորման նպաստող պայմանները:

Շաղիկ Խիւտավերտեան ներկայացուց փոխյարաբերական մթնոլորտը, որ կրնայ նպաստել եւ օգնել, որ ընտանիքը կարենայ կատարել իր պարտականութիւնը:

ա.- Հաղորդակցութիւնը, որ անկեղծ եւ մտերիմ է, անկաշկանդ, դրական, յարատեւ, առարկայական, հետաքրքրուած ըլլալու նշան է: Հաղորդակցութիւնը առիթ կու տայ միտք եւ զգացում արտայայտելու, կարիքներ գոհացնելու, երբ հիմնուած կ՛ըլլայ յարգանքի վրայ:

բ.- Համատեղ ժամանցը կամ իրարու հետ ժամանակ անցընելը: Օրինակ` միասին ճաշելը կանոնաւոր ձեւով, պտոյտի երթալ, մարզանք ընել, զանազան զբաղումներու մասնակցիլ: Այս բոլորը կը նպաստեն, որ ընտանեկան կապը ըլլայ աւելի մտերիմ եւ զօրաւոր:

գ.- Նիւթական հարցերու շուրջ անկեղծ տեղեկացուածութիւն եւ երկխօսութիւն, ուր գաղտնի պահելը խաբուած ըլլալու զգացումը կը ստեղծէ:

դ.- Արժէքներու, ակնկալութիւններու, նպատակներու եւ տեսանկիւններու բաւարար չափով նմանօրինակ ըլլալը, օրինակ` դրամ թէ ուսում:

ե.- Համերաշխ եւ ապահով մթնոլորտ, որ հետեւանք է`
– Ֆիզիքական եւ հոգեբանական ազդակներու,
–  Վախի բացակայութեան,
– Վստահութեան` ոչ պայմանաւորուած սիրոյ նկատմամբ,
– Հարցերու նուազագոյն պատահարներու,
– Առաւելագոյն չափով դրական լուծումներու:

զ.- Ծնողներու ներկայութիւնը, քաջալերանքը, զաւակներու հետ զանազան առիթներու, օրինակ ժողով, խաղ, մրցում, ցուցահանդէս եւ այլն:

է.- Հաւասարակշռուած մօտեցումը` գործի, զբաղումներու եւ ընտանեկան կեանքի:

ը.- Յարաբերութեան որակը եւ ոչ թէ քանակը, կարեւորը քանի՛ ժամ անցընելը չէ, այլ ինչպիսի՛ ժամանակ անցընելը:

թ.- Դրական խօսքերը, գովասանք, սիրոյ արտայայտութիւններ, փոխադարձաբար  արտայայտուիլը:

ժ.- Հաւատարմութիւնը, ոչ միայն զոյգին միջեւ, այլ բոլոր անդամներուն:

ժա.- Հոգեւոր արժէքներ, հաւատքը, աղօթական կեանքը, ուսումնասիրութիւնները կը հաստատեն, որ կը նպաստեն ուրախ ընտանիքի գոյութեան:

ժբ.- Ներողամտութիւնը եւ ներելու պատրաստակամութիւնը:

ժգ.- Քոյր եղբայր յարաբերութիւնները

– Հաւասար են ի տարբերութիւն ծնողքին
– Իրարու կ՛օգնեն, կը պաշտպանեն,
– Իրարմով կը մտահոգուին, կը գուրգուրան:

ժդ.- Զիրար լաւապէս ճանչնալը, հետաքրքրութիւնները, կարողութիւնները` թերութիւններն ու տկարութիւնները եւ այն բոլորը չօգտագործելը անհատին դէմ:

Աւարտին Շաղիկ Խիւտավերտեան զանազան օրինակներով եւ բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>