Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Խմբագրական. Կազմակերպուածութեան Որակն Ու Ժողովրդային Ընդառաջումի Փաստերը (ՀՅԴ 125-Ամեակ)

$
0
0

6d8358f50c2dc64e0fffdfda3d1844bf_XL

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 125-ամեակին առիթով չորեքշաբթի օր կազմակերպուած նուիրահաւաքը թէ՛ ներկաներու մասնակցութեան եւ թէ՛ գումարային առումներով աննախընթաց էր: Այս մէկը անշուշտ ցուցանիշ է 125-ամեայ կազմակերպութեան հանդէպ ժողովուրդին, յարանուանութիւններուն եւ անխտիր  բոլոր շրջանակներուն տածած յարգանքին ու վստահութեան:

Դաշնակցութեան լիբանանեան քաղաքական շրջանակներու մասնակցութեան այս երեւոյթը եւս կը վկայէ, որ մեր կուսակցութեան Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ վայելած վարկին ու հեղինակութեան: Նման պայմաններու մէջ, երբ անորոշութենէն եւ քաղաքական հաստատութիւններու մատնուած ամլութենէն դուրս գալու ճիգեր կ՛երեւին, լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ շրջանակներու համախմբումը հայութեան կեդրոնին մէջ կ՛ենթադրէ այս պայմաններուն մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութեան արժեւորումին: Այդ դերը կամրջումով, համախմբումով, լարուածութիւնները փարատելու մօտեցումներով կը բացատրուի եւ կը շեշտէ աւանդական ու հետեւողական կառուցողականութիւն մը:

Հանգանակուած գումարները Հայ դատի աշխատանքին ուղղորդելու որոշումը ճիշդ, արդարացուած եւ հարազատ կ՛ընկալուի Դաշնակցութեան կոչին ընդառաջողներուն կողմէ: Հայ դատի աշխատանքներուն ներազգային մասնակցութեան այս պատկերը իբրեւ մասնակիցներու թիւ եւ իբրեւ արդիւնք մրցանշային է: Մրցանիշ հաստատելու մղումը չէ անշուշտ, որ կը յատկանշէ Դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան պատասխանատուները նման տարողութիւն եւ արդիւնք արձանագրելու իրենց հեւքոտ աշխատանքին մէջ: Եւ նոյնքան ճիշդ է, որ երկարատեւ աշխատանքը, որքան ալ ցուցադրէ կազմակերպուածութեան բարձրագոյն մակարդակ, չ՛արդիւնաւորուիր, եթէ շահուած չըլլայ վստահելիութիւնը եւ ժողովուրդին կարիքներուն փութալու պատրաստակամութիւնը եւ մանաւանդ անոնց հարցերը լուծելու կարողականութեան գործնական փաստերը:

Ո՛չ տնտեսական դժուարին պայմանները, ո՛չ քաղաքական անորոշութիւնը, ո՛չ լիբանանեան բազմերես տագնապներուն ձգած հետեւանքները կրցած էին շեղել Դաշնակցութեան նկատմամբ գաղութի տարբեր շրջանակներու ինքնատրամադրումի ընթացքը:

Այստեղ է խորհուրդը: Այս վստահութիւնն ու հեղինակութիւնը 125 տարուան պատմական ունի: Դաշնակցութեան ձեռագիրը կրող իւրաքանչիւր դրուագ անմնացորդ ծառայելու իրար գերազանցող շղթայի մէկ օղակն է, որուն իրականացման համար մեծ զոհողութիւն կը տրամադրէ կուսակցութիւնը. բայց իւրաքանչիւր օղակ աւելի կ՛ամրապնդէ շղթան. պատմութենէն եկող եւ դէպի ապագայ երկարող վստահութեան շղթան:

Եւ ճիշդ չէ թերահաւատ մօտենալը ժողովուրդի բնազդին ու դատողութեան: Ժողովուրդի առողջ դատողութիւնն է, որ կը ճանչնայ ծառայողին դիմագիծը, կը նայի անոր եւ մանաւանդ կ՛ընդառաջէ անոր դիմումին: Դիմումը կրնայ աշխատանքային ըլլալ, կրնայ գումարային ըլլալ: Ըստ անհրաժեշտութեան: Կարեւորը ընդառաջումն է:

Այսօր ա՛յլ տեսակի ընդառաջումի ականատես պիտի ըլլանք վստահաբար: ՀՅԴ 125-ամեակը կլոր տարեթիւ է եւ պարզ է, որ յոբելենական յատուկ տարողութիւն պէտք է ստանայ կեդրոնական ձեռնարկը: Այսօր կը սպասուի ժողովրդային բոլոր խաւերու ինքնակամ ընդառաջումը, ներկայ ըլլալու եւ լսելու` Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն պատգամները, աշխատանքային անցած ուղիի կարեւոր հանգրուաններուն եւ հետագայ մեր ընելիքներուն նախանիշերուն մասին:

Հանգանակութեան ձեռնարկին նմանողութեամբ այստեղ եւս տարողութիւն ապահովելու առումով եզակի հանգամանք կը ստանայ ՀՅԴ 125-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկը, թէ՛ կազմակերպուածութեան մակարդակով եւ թէ՛ ընդառաջումի համրանքով:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles