Դաշնակցականը իւրայատուկ հոգեբանութիւն եւ խառնուածք ունի. իտէալ եւ հաւատք ունի: Կը ներշնչուի մեր պատմութենէն, մեր ժողովուրդի հրաշազան առաքինութիւններէն: Կը հաղորդուի մեր հայրենի երկրի սրբութիւններէն, մեր լեռներէն ու ձորերէն: Դաշնակցականը պաշտելու աստիճան կը սիրէ իր հայրենիքը:
Դաշնակցականին խօսքը պայծառ է եւ անկեղծ, այդ պատճառաւ ալ իր խօսքը ուժեղ է եւ ազդու: Իր գաղափարներն ու տեսակէտները կը ներկայացնէ յստակ եւ ձեւակերպուած. այդ պատճառաւ ալ իր գրածը համոզիչ է եւ վստահութիւն կը ներշնչէ: Դաշնակցական խմբագիրը ինքնուրոյն ձեւով մը հարցերը կը դնէ շեշտակի եւ կը վերլուծէ ձեռնհասութեամբ, անհրաժեշտ փաստերով եւ ծանօթութիւններով: Պայքարի լեզուն շատ հատու է եւ կտրուկ: Մանուածապատ եւ անբովանդակ բացատրութիւններ յատուկ չեն դաշնակցականի գրիչին: Վճռակամութիւնն ու առնականութիւնը գլխաւոր յատկանիշներն են դաշնակցական գրողին:
Դաշնակցական հրապարակագիրը դաշնակցական ֆետայիին պէս յանդուգն է եւ անվախ: Կը պայքարի ուղղակի, ճակատ ճակատի, միշտ հաւատարիմ մնալով իր հիմնադիրներու գծած սրբազան ուղիին: Հարուածը կը հասցնէ ուղղակի եւ անվրէպ, ճիշդ թիրախին, ինչպէս դաշնակցական հերոսին գնդակը: Անխնայ է իր պայքարին մէջ եւ անսայթաք: Զարնողին կը զարնէ անողոք կերպով:
Դաշնակցութեան շունչն էր որ յեղաշրջեց հայ գրականութիւնը, մաքրեց մեր ոճն ու լեզուն, բովանդակութիւն եւ պայծառութիւն մտցուց մեր գիրերուն եւ գիրքերուն մէջ: Դաշնակցութիւնը նոր ակօսներ բացաւ հայ մշակոյթին համար: Ճոխացուց եւ ուռճացուց մեր քաղցրահնչիւն բարբառը:
Արդի հայ գրականութեան, հայ լեզուի եւ խօսքի ձեւաւորման եւ զարգացման մէջ շատ խոր է Դաշնակցութեան ազդեցութիւնը:
ՀԱՅԿ ՊԱԼԵԱՆ
Դաշնակցութիւնը ինք իր մէջ առիթ ունի ամէն օր հաշիւ տալու եւ գործունէութեան ծրագիրներ քննելու, որդեգրելու: Դաշնակցական մտածողութիւնը սակայն, Դաշնակցականութիւնը` որ հայկական ներաշխարհով ու հպարտառիթ զգացումներով պայքարող մեր բազմութիւններն են, կը պահանջէ հրապարակային քննութիւն, հրապարակային հաշուետուութիւն, եւ գործունէութեան ծրագրի հրապարակային որդեգրում:
Եւ Դաշնակցութիւնը պատճառ չունի խուսափելու, ինք իր մէջ կծկուելու, կոճկուելու: Պատճառ չունի իր իրագործումներն ու դժուարութիւնները հանրային սեփականութիւն չդարձնելու, իր բարեկամներու լայն շրջանակին գնահատանքն ու դիտողութիւնները, ի պահանջել հարկին նոյնիսկ դատապարտութեան խօսքը նկատի չունենալու` իր այս կամ այն թերութեան համար, իր այս կամ այն դիրքորոշումին համար:
Այսպէս է եղած Դաշնակցութեան ներքին քաղաքականութիւնը անցեալին, նոյնը կը մնայ նաեւ այսօր: Իբրեւ Հայ ազգի գերագոյն ու գեղեցկագոյն ձգտումներով ներշնչուած կազմակերպութիւն, իբրեւ հայ ժողովուրդի արիւնէն ու միսէն ծնունդ առած մտածողութիւն, իբրեւ հայ հայրենիքի բոլոր մասնիկներով, սրբութիւններով մտահոգ հաստատութիւն, չի կրնար տարբեր գործելակերպ որդեգրել:
Հոս է ահաւասիկ Դաշնակցութեան յաջողութեան գաղտնիքը, ժողովրդականութեան բնորոշիչ յատկութիւնը:
Ա. ՈՒՐՖԱԼԵԱՆ
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աւելի քան մէկ դարեայ պատմութիւնը հասել է մի հանգրուանի, ուր այլեւս նոյնացած են իր եւ հայ ժողովուրդի նպատակն ու տեսլականը: Այդ նպատակն ու տեսլականը մարմնաւորուել են հայոց ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ, հայկական մշակոյթի մէջ, հայի նկարագրի ու հոգեբանութեան մէջ: Դաշնակցութիւնը արտացոլել է հայ ժողովուրդի դարաւոր տենչերն ու ձգտումները, այն աստիճան` որ այն թէ՛ քաղաքական պատմութիւն է, թէ՛ հոգեկան դարբնոց եւ թէ՛ բազում սխրագործութիւնների ու անձնազոհութիւնների բոցեղէն մի մատեան: Եւ այս բոլորը` յանուն ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի ստեղծման, այսինքն հայոց պետականութեան հիմնադրման:
Դաշնակցութիւնը հոգի է, միտք ու գաղափար: Հայաստանը պէտք ունի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան` իր ուրոյն ու հարազատ դիմագիծը գտնելու համար: Հայաստանը պէտք ունի Դաշնակցութեան, եօթանասունամեայ աղաւաղուած բարքերի ճահճախուտից դուրս գալու համար: Հայ ժողովուրդը պէտք ունի Դաշնակցութեան, իր անցողակի ու միաժամանակ յաւերժական երթը պատմութեան միջից իմաստաւորելու համար: Պիտի խտացնել շարքերը գաղափարաշունչ նուիրեալներով: Պիտի լուսաւորել ժողովուրդը ազատութեան ու ժողովրդավարական գաղափարներով: Պիտի ծառայել ժողովուրդին, որպէսզի մի օր ժողովուրդը ինքնաբերաբար ծառայի գաղափարին:
ՅԱԿՈԲ ԿԱՐԱՊԵՆՑ
Հայ ժողովուրդը իր ամբողջական եւ անվերապահ վստահութիւնը շնորհած է ՀՅ դաշնակցութեան մէկ եւ միակ պատճառի մը համար: Հայ ժողովուրդը Դաշնակցութեան մէջ տեսած է ու կը շարունակէ տեսնել իր ազատատենչ ձգտումներուն բնական ձեւաւորումը եւ հարազատ մարմնաւորումը:
Հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, սկսելով Հայկ Նահապետի առաջին էջէն, ազատութեան ի խնդիր մղուած մարտնչումներու, պայքարներու, կռիւներու, ըմբոստութիւններու, ապստամբութիւններու եւ պատերազմներու շարան մըն է: «Ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանը խորապէս եւ անջնջելի կերպով դրոշմուած է հայ ժողովուրդին հոգիէն ներս:
ՀՅ դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ ազատագրական արիւնոտ ճանապարհին վրայ: Քալեց նոյն ճանապարհէն, զարկաւ, զարնուեցաւ, զոհուեցաւ, մղեց գոյամարտ, պարտուեցաւ, յաղթեց: Ստեղծուեցաւ ազատ ու անկախ Հայաստան: Հիմնուեցաւ պետականութիւն, ունեցանք ազգային դրօշակ:
Հայ ժողովուրդը տեսաւ ՀՅ դաշնակցութեան հրաշակերտ գործը: Այսօր ալ հայ ժողովուրդը կը հաստատէ, որ երբ ՀՅ դաշնակցութիւնը իր քաղաքական պահանջները կը ձեւաւորէ «Ազատ ու անկախ Հայաստան եւ ամբողջական հայրենիք ամբողջական հայութեամբ» պարզաբանուած բանաձեւումով, ան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր ծնունդին եւ ջահակիրը հանդիսանալ հայութեան ազատատենչ եւ անմար ձգտումներուն:
Ունենալ ժողովուրդին վստահութիւնը` կ՛ենթադրէ վերցնել ծանր պատասխանատուութիւններ: Քանի կը տարածուի իր ժողովրդականութիւնը այնքան եւ աւելի ՀՅ դաշնակցութիւնը կը բազմապատկէ իր ճիգերը, կը ստանձնէ նորանոր ու ծանր զոհողութիւններ: Որովհետեւ ժողովուրդին վստահութիւնը կը կազմէ մշտահոս աղբիւրը ՀՅ դաշնակցութեան բարոյական ուժին, որ մղիչ ուժն է կուսակցութեան ամէն տեսակի իրագործումներուն:
ՎԱՐԴԳԷՍ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Մեր օրերուն, հայ ժողովուրդը երբ անարգ թշնամիին սուրը ոսկորին հասած եւ իր գոյութիւնն էր վտանգուած, աստուածային երկունքով մը ծնունդ տուաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, անոր միջոցաւ իր կեանքն ու պատիւը, իր ազատութեան Աստուածատուր իրաւունքը պաշտպանելու համար:
Հրաշալիօրէն գեղեցիկ, բայց բնազանցական էր Վահագնի ծնունդը:
Առնականօրէն գեղեցիկ, բայց նաե՛ւ մարդկային էր Դաշնակցութեան ծնունդը, որուն համար երկունքի մտած էին համահայկական ցաւն ու տառապանքը, արցունքն ու արիւնը:
Այս երկուքի համանմանութի՞ւնը, այս երկուքի դարերու ընդմէջէն իրար միացնող ոսկիէ օղա՞կը. ատիկա նախախնամական կարգադրութեամբ մը եւ աներկբայելիօրէն վահագնեան քաջութեան պաշտամունքն էր:
Պատմական ճշմարտութիւնը որ տեղի ունեցաւ մեր օրերուն, այն է, որ Հայ յեղափոխականներու դաշնակցութեան հերոսները որպէս անգերազանցելի ասպետներ, իրենց կուրծքերը իբր ամրակուռ վահան ծառայեցուցին, պաշտպանելու համար հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութիւնը, ապա` իրենց սուրբ արեամբ գրելու համար մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն պայծառ էջերը:
Այդ հերոսներն էին, որ հետեւելով ակն ընդ ական, եւ ատամն ընդ ատաման ճշմարիտ նշանախօսքին, հայ ժողովուրդի արի-արանց զաւակները, ծառացուցին ջարդի ու թալանի տենչէն գազանացած անարգ թշնամիին դէմ եւ սպարտական քաջութեամբ մղելով Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի դիւցազնամարտերը, վերջ տուին վեց հարիւր տարուան գերութեան, եւ ոսկիէ տառերով հայ ազգային պատմութեան մէջ արձանագրեցին նորագոյն անկախութեան օրը, 1918 մայիս 28:
Կը հաւատանք, ի խորոց սրտի կը հաւատանք, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հինաւուրց հայ ժողովուրդի Վահագնեան քաջութեան, արութեան եւ գեղեցկութեան նորագոյն ճառագայթումն:
Գ. ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ
Մեծ անցքին համար ինքնամփոփման րոպէներու կայքն է աս: Եւ այդ անցքը` փոխակերպման կայծակնային գիծն է դէպի հերոսութիւն, – կայծակնային գիծ մը, որ սկիզբն է, արշալոյսն է արբեցուցիչ ու հսկայական գինովութիւններու, հոյակապ տառապանքներու, շանթագեղ մարտնչումներու, լուսարձակ մահերու: Կայծակնային շքեղ ու հերոսական գիծ մը, – եւ գիտակցութեան լոյսը, սիրոյ զոհաբերութիւնը, հաւատքի աստղը, կամքի ուժը, պայքարի կրակը, կեանքի իմացումը եւ մահուան արհամարհանքն են, որ գաղափարի արեւէն ընդանցուած, պիտի ստեղծեն այդ գիծը, – դո՛ւք էք, ընկերնե՛ր, որ պիտի ստեղծէք զայն: Կ՛ուզէ՞ք գծել կայծակնային այդ գիծը` ե՛ւ յետոյ, զայն մխրճել պորոտագին` ոճրածարաւ բռնութիւններու մթամա՛ծ ու մահացուցիչ քաոսին խո՜րը, շառաչել, փայլատակել, դղրդացնել, լուսաւորե՜լ ու ամէնէն վերջը, ահագնաժամ ու քանդիչ գունտի մը պէս պայթիլ անարդարութեան աշտարակներուն վրայ: Կ՛ուզէ՞ք ջնջել սա սեւ ու թանձրամէգ ամպը, որ ահա, նորէն, մեծ-տանջարանի հնոցէն գոլորշիացած, կը բարձրանայ եւ կ՛երթայ կուրացնել Մասիսի բիբերը: Կ՛ուզէ՞ք հիւսել աստուածայնութեան մը թեւերովը, նոր օդերեւոյթի մը նորատեսիլ ծիածանը` սահմանէն անդին…»:
Բայց, ընկերնե՛ր, գիտակցութիւնը եւ սէրը եւ հաւատքը եւ կամքը եւ պայքարը եւ կեանքը եւ մահը` իրարմով լրացած եւ իրենց առաջնորդ Գաղափարէն ճառագայթուած` արարատեան գիշերին մէջ, հերոսութեան ծիածան մը` այդ պահուն իսկ եւ իրենք իսկ կը ստեղծէին: Ու ամէնքն ալ, որոնց դէմքը երկիւղամերժ արտայայտութեամբ մը կ՛ընդվզէր, հրաբխելու պատրաստ մոլեգնութեան լաւան զսպած իրենց մէջ, կը սարսռային երկաթի սարսուռներով.
– «Եւ իսկո՛յն, եւ իսկո՛յն, գաղափա՛ր»:
Եւ գաղափարը հրաւիրեց այն ատեն:
– «Ուրեմն, անցնի՛նք սահմանը»:
Նորընծայ արեւուն տրամագեղ ժպիտին տակ, սահմանը անցնողները, հազիւ թէ սահմանը գլած, հերոսական առաջին մարտը կը մռնչէին արդէն` Եղեռնին ժահրովը թունաւոր հալածիչներու դէմ: Եւ այդ պահուն ծիածանը մեծ տենչերուն, մեծ կիրքերուն եւ մեծ ուժերուն` զորս իրենց եօթնեակը կը յօրինէր, իրենց դէմքէն ու ճակատէն բխող արիւնի, անձրեւի մը մէջէն ա՛յլապէս խորին ու խռովիչ գեղեցկութեամբ մը կը ծիածանէր:
ԳԵՂԱՄ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Ազատութի՛ւն… Ամէն մի շնչող էակի, մարդ արարածի, ազգերի ու ցեղերի, ժողովուրդների ամենաբարձր երազանքը, գոյութեան երկնային կեցութիւն, որից զրկուած է եղել դարեր շարունակ հայոց ժողովուրդը:
Ազատութեան կանչը բերանին զոհուեց Մամիկոնեանց Վարդանը, գրեթէ մէկուկէս հազարամեակ առաջ…
Ազատութիւն` գոչեց հայորդի Միքայէլ Նալբանդեանը, ու նրանից առաջ շատերը ու նրանից յետոյ` շատերը…
Տարիներ ու տարիներ, տենչանքներն այդ կուտակուեցին, ամբարուեցին ազգի գիտակցութեան ընդերքներում, խուլ մրմնջոցներով, անհամարձակ ու համարձակ. յաճախ չգիտակցուած ու համարեա միշտ անվճռական…
Ու վերջապէս, թմրած ու նիրհած մօրից ծնուեց նրա ամենաչարաճճի զաւակը, ծնուեց` ու վճռական գոչեց` Ազատութիւն: Կապանքներն ու ստրկութիւնը խենթացրին նրան, ըմբոստացաւ, ծառս ելաւ դրանց դէմ, չհաշտուեց, գոչեց այնքան մինչեւ զարթնեց մայրը ու նրա միւս զաւակները…
Զաւակն այդ, եւ նրա անունն է ՀՅ դաշնակցութիւն:
Հայ մարդ եմ, Հայաստանում ապրած. իմ գիտակցական կեանքն անցել է անազատութեան պայմաններում, տխրահռչակ, երկաթեայ վարագոյրից ներս:
Բոլշեւիկեան վարչակարգը կոշտ ցախաւելով քաղաքական բեմից սրբել էր այլ կուսակցութիւնների եւ առաջին հերթին Դաշնակցութեան հետքն անգամ. ու մենք շատերս սեփական պատմութիւնից զրկուած խարխափում էինք ստերի ու կեղծիքների մթութիւնում…
Սակայն առողջ բնազդն էր մեր ուղեցոյցը եւ ինչպէս կենդանին բնազդով գտնում է հարազատ տան ճամբան, ինչպէս ուղտերի քարաւանը չոր անապատում անվրէպ գնում է դէպի ովասիսի կենարար ջուրը, այնպէս էլ ես ու շատ հայորդիներ ձգուեցին դէպի Դաշնակցութիւնը…
ՍՕՍ ՍԱՐԳՍԵԱՆ