Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին` 125-Ամեայ Դրուագով

$
0
0

6d8358f50c2dc64e0fffdfda3d1844bf_XL

116.- 30 մայիս 1999-ին կայացած Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը ունեցաւ 8 պատգամաւոր:

117.- 2003-ի յունուարին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ 28-րդ Ընդհանուր ժողովը:

118.- 28 մայիս 2000-ին ազգային հերոս Դրաստամատ Կանայեանի վերայուղարկաւորութիւնը կը կատարուի Բաշ Ապարանի յուշարձանին մէջ:

119.- 2003 թուականի մայիս 25-ին տեղի ունեցած Հայաստանի երրորդ գումարման Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ՀՅԴ շահելով ընտրողներու ձայներու 12 տոկոսը` խորհրդարանէն ներս ունեցաւ 11 պատգամաւոր:

Նոյն թուականի յուլիս 11-ին խորհրդարանի երկու ուժերու` Հանրապետական կուսակցութեան եւ Օրինաց երկրի հետ ՀՅ դաշնակցութիւնը ստորագրեց համաձայնական յուշագիր: Ըստ համաձայնական յուշագրի պահանջներուն` Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալի պաշտօնը վստահուեցաւ ՀՅԴ խմբակցութեան, իսկ կառավարութեան մէջ կուսակցութեան վստահուեցան առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան աշխատանքի ու ընկերային ապահովութեան նախարարութիւնները:

120.- 2007 թուականի մայիս 12-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի ցանկով ընտրուեցան 16 պատգամաւոր: 2008-ի մայիս 21-26, Ծաղկաձորի մէջ տեղի կ՛ունենայ ՀՅԴ 30-րդ Ընդհանուր ժողովը:

121.- 2008-ի յունիսին Աթէնքի մէջ կայացած Ընկերվար Միջազգայնականի 13-րդ համագումարին` ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը կ՛ընտրուի Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ:

122.- 2009-ի գարնան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցի շուրջ տարուող քաղաքականութիւնը եւ նախապայմաններ պարունակող ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւնները անընդունելի նկատելով, ՀՅԴ յայտարարեց, թէ կառավարական համաձայնական կազմէն դուրս գալով կը դառնայ ընդդիմութիւն: Հրաժարական տուին նաեւ կառավարութեան կազմի դաշնակցական նախարարները:

123.- 2012 թուականի մայիսի 6-ին կայացած ընտրութիւններուն ՀՅԴ ցանկով Ազգային ժողովի անդամ կ՛ընտրուի 5 պատգամաւոր:

124.- 2013-ի նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին Դաշնակցութիւնը հրապարակեց Հայաստանի հետագայ ընթացքը ճշդորոշող իր պատկերացումը` 7 կէտերէ բաղկացած օրակարգը, որոնք գլխաւորաբար կը կեդրոնանան Հայաստանի խորհրդարանական հանրապետութեան վերածելու, 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգը որդեգրելու եւ կառավարման համակարգին մէջ ընդդիմութեան լծակներ տալու առաջադրանքներուն շուրջ:

125.-  Դաշնակցութիւնը մշակեց սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծ, իսկ 6 դեկտեմբեր 2015-ին հանրաքուէին նկատմամբ իր վճռական ԱՅՈ-ն յայտարարեց:

125-ամեայ երթ եւ 125 յատկանշական դէպք, սակայն երթն ու դէպքերու արձանագրութիւնը կանգ չեն առներ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը շարունակէ իր վճռական եւ նուիրական երթը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>