ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
«ՀՅԴ-Ի ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՈՒՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅԼ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ» աշխատութեան մէջ փորձ կատարուեցաւ ուսումնասիրութեան շրջանառութեան մէջ դնել եւ գիտական շրջանակներուն, դաշնակցականներուն կամ այլ կուսակցականներուն եւ մտաւորականներուն ներկայացնել շարք մը նիւթեր` առնչուած երեք դարերու ընդմէջէն ՀՅ Դաշնակցականներու խորհուրդները եւ պատգամները ՀՅԴ-ի գաղափարաբանութեան եւ հիմունքներուն հասկացողութեանց շուրջ:
Այս ուսումնասիրութեան մէջ կատարուած բացայայտումներն ու վերլուծումները ամբողջացնելու նպատակով կը կատարենք քանի մը ընդհանրացումներ:
ա. Ամէն մէկ նիւթ` բառեզր, հասկացողութիւն կամ հիմունք առանձին առանձին նախ բացատրուեցաւ մանրամասնօրէն, անոր բառացի եւ քաղաքական հասկացողութիւնը: Ինչպէս նաեւ` միջազգային գետնի վրայ անոր ընկալումը եւ գիտական բացատրութիւնը, նոյնիսկ` համաշխարհային մեծ փիլիսոփաներու եւ գիտնականներու տեսութիւնները: Տուեալ խորագիրը մանրակրկիտ կերպով պարզաբանուեցաւ, որպէսզի կարենանք այդ նիւթը իր ամբողջականութեամբ ներկայացնել ընթերցողին:
բ. Անոր յաջորդեց «Ծրագիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան» դիտանկիւնէ կատարուած հիմնաւուրումներն ու հաստատումները, որոնք լուսարձակի տակ առնուեցան, որպէսզի ընթերցողին ներկայացուի մեր բուն իսկ նպատակը հանդիսացող ՀՅԴ-ի գաղափարաբանութիւնը, Դաշնակցութեան տեսութիւնը տուեալ նիւթի առնչութեամբ:
գ. Պատմութեան ընթացքին դաշնակցականներու բանաւոր եւ գրաւոր խօսքերը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ զանազան ժողովներու եւ այլ առիթներուն արտասանուած խօսքերը եղան խորհուրդներ եւ պատգամներ, ինչպէս նաեւ` միտքեր լուսաբանող ու մտածելակերպի հորիզոնները ընդարձակող, այս ամբողջը տեղ մը ինքնաբերաբար դարձաւ «գաղափարական գրականութեան» հաւաքածոյ, որոնք իրենց ուրոյն բնոյթով, բովանդակութեամբ եւ ոճով, բարձրացուցին մեր գրականութեան հաւաքական արժէքը նոր ազդակով մը: Անոնք մեր ժողովուրդի ապրումներուն, քաղաքական վերիվայրումներուն, յեղափոխական-մարտական, ազգային-պետական անմիջական արձագանգը դարձան: Այս ուսումնասիրական աշխատասիրութեան մէջ յիշատակուած դաշնակցականներու խորհուրդներն ու տեսակէտները արդիւնք են 125 տարիներուն, որոնք հայ ժողովուրդի տառապանքն ու պայքարը եւ ռազմավարական ու գաղափարական մրմունջները կը հանդիսանան:
Այսպէս, «ՀՅԴ-Ի ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՈՒՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅԼ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ» աշխատասիրութիւնը ընդգրկեց.
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄԸ ՀՅԴ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐՈՒ ՄՕՏ, ՀՅԴ «ԾՐԱԳԻՐ» ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄԸ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ, ՀՅԴ «ԸՆԿԵՐՎԱՐՈՒԹԻՒՆ», «ԱԶԳ», «ՀԱՅՐԵՆԻՔ», «ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ», «ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ», «ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ», «ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ», «ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄ», «ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ», «ՀԱՅ ԴԱՏ» ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄԸ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ:
Օտար լուծին տակ ստոյգ մահուան սպառնալիքը դիմագրաւող հայ ժողովուրդի համար հնչած «Մահ կամ Ազատութիւն» նշանաբանով սկիզբ առած այս խորհուրդներն ու պատգամները նպատակ ունեցան, որ ապագայ սերունդներ հարազատ գոյներով տեսնեն հայոց պատմութեան մէկ կարեւոր ժամանակահատուածը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125 տարիները:
«ՀՅԴ-Ի ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՈՒՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅԼ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ» ուսումնասիրութիւնը ընդգրկեց երեք դարերու վրայ երկարող մէկ ու քառորդ դարը` սկսելով 1890-էն եւ հասնելով մինչեւ օրս, որոնց ուսումնասիրութեան աւարտին կը կատարենք հետեւեալ եզրայանգումները.
– ՀՅԴ-ի հիմնադիր երրորդութեան կուռ եւ միահիւսուած գաղափարականութիւնը, բարոյականութիւնը եւ յեղափոխական կազմակերպական գործի ամբողջականութիւնը դարձան այն գերակշիռ պատկերը, որ շարունակուեցան Դաշնակցութեան հետագայ բոլոր սերունդներուն մէջ եւ հանդիսացան անոր բնութագիրը, էութեան լաւագոյն արտայայտութիւնը: Հետեւաբար Դաշնակցութեան յաջողութիւնը 125 տարիներու վրայ կը կայանայ իր սկզբունքային ու հետեւողականութեան մէջ:
– ՀՅԴ ծրագրին ընդմէջէն դաշնակցականներու հիմնաւորումներով երեւան կու գայ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը եւ զօրութեան գաղտնիքը: Վերջապէս, ՀՅԴ ծրագիրն է այն գերակշիռ ուժականութիւնը, որ Դաշնակցութեան հետագայ բոլոր սերունդները անսահման զոհողութեամբ ու անձնուիրութեամբ 125 տարի շարունակաբար կուռ հաւատքով, բարոյականութեամբ եւ յեղափոխական ոգիով գործեցին:
– «Ընկերվարութիւն» հասկացողութեան մասին ՀՅԴ-ի եւ ՀՅ Դաշնակցականներու միտքերը երեւան հանեց, որ ընկերվարութեան գրաւականը ազատութեան մէջ կը կայանայ, ուստի այդ սկզբունքներով է, որ ազգ մը կը գոյատեւէ:
– Ազգը մարդկային ընկերութեան զարգացման ամենակենսունակ միջավայրն է: Առ այդ, դաշնակցականներու միտքերը լաւագոյնս դրսեւորեցին ՀՅԴ-ի սկզբունքը եւ նայուածքը` «Ազգ» հասկացողութեան շուրջ:
– «Հայրենիք» հասկացողութիւնը եւ գաղափարը, պէտք է ըսել, որ ամէն Դաշնակցականի մօտ ցայտուն է եւ քանդակուած: Այդ իսկ պատճառով հազարաւոր դաշնակցականներ իրենց արիւնը անխնայ թափած են ու տակաւին կը թափեն ի սէր հայրենիքի:
– «Ժողովրդավարութիւն» հասկացողութիւնն ու գաղափարաբանութիւնը ներկայացուած Դաշնակցականներու խորհուրդներն ու պատգամներն նոյնիսկ բաւարար են, որ ընդգծեն, թէ ժողովրդավարութիւնը կը մնայ ՀՅԴ արժէքային համակարգի էական տարր:
– Հայ ժողովուրդի տառապանքէն ծնած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, այսօր, 125 տարիներու հսկայական գործ իր ետին ձգած, անխախտ հաւատքով ու վճռակամութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, յեղափոխական-մարտական տարբեր տեսակի ռազմավարական եւ մարտավարական ձեւերով:
Օսմանեան կայսրութեան բռնատիրական լուծին դէմ ազատագրութեան պայքարէն սկսած, մինչեւ ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտեր, մինչեւ Սարդարապատ, Ղարաքիլիսէ, Բաշ Ապարան ու տակաւին Արցախ եւ հասնելով հայկական այլ բռնագրաւուած հողատարածքներ:
– «Ազատութիւն» հասկացողութիւնը ՀՅԴ-ի համար ամբողջ 125 տարի նշանակած է արեան հեղում եւ նահատակութիւն, որովհետեւ այսօր, երբ կ’ըսենք անկախ ենք Հայաստանով եւ Արցախով, նկատի կ’ունենանք, որ կան դեռատի կեանքեր, որոնք զոհուած են «Մահ կամ Ազատութիւն» գոչելով, որպէսզի հիմա մենք ըլլանք ազատ ու անկախ: Հազարաւոր նահատակ դաշնակցականներ, որոնք իրենց արիւնը անխնայ թափած են ի սէր ազգութեան ու հայրենիքի, սակայն` անոր դիմաց պահանջելով մի միայն ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ, «Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան»:
– «Անկախութիւն» հասկացողութիւնը ՀՅԴ-ի եւ դաշնակցականներու մօտ մեզ կը հասցնէ այն եզրայանգումին, որ անկախութիւնը ազգային գաղափարախօսութեան բաղկացուցիչներէն մէկն է, որուն իրականացումը տեղի կ’ունենայ հայրենիքով, Հայաստանով` այն հողատարածքով, ուր ազգը ապրած է դարերու ընթացքին` պատմական Հայաստան, Նախիջեւան, Արցախ, Ջաւախք եւ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջականութեամբ եւ ստեղծելով տնտեսութիւն եւ մշակոյթ: Այդ հող-հայրենիքն է, որ եղած է մեր ինքնութեան կռուանը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ամբողջական գործունէութիւնը, ինքնութիւնը եւ, ի հարկէ գաղափարախօսութիւնը պայմանաւորուած են ազգի գոյութեամբ հայրենիքի կերտմամբ եւ լիիրաւ անկախութեամբ, քանի որ հայրենիքի ամբողջացումով կը պայմանաւորուի ճշմարիտ անկախութիւնը:
– ՀՅԴ-ի եւ ՀՅ Դաշնակցականներու խորհուրդներն ու պատգամները ՀՅԴ ապակեդրոնացումի մասին` կը հաստատեն, որ ՀՅԴ կազմակերպութեան ուժին աղբիւրը 125 տարի շարունակ հանդիսացած է ապակեդրոնացումը:
– Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ ունի որոշակի գաղափարախօսութիւն ու քաղաքական գիծ:
Քաղաքական, հասարակական աշխուժութիւն, որոշակի գաղափարա-քաղաքական դաւանանք, որ կը ստիպէ հնարաւորութիւնները ներդրել ի նպաստ ընդհանուր գործի ու նպատակի:
– «Հայ դատ» հասկացողութիւնն ու հոլովոյթը եւ անոր ընդմէջէն դաշնակցականներու խորհուրդներն ու պատգամները կը շեշտադրեն, թէ մենք այսօր չունինք աւելի արդիական հարց, քան` Հայ դատի աշխատանքը:
Արդարեւ, յոյսով ենք, որ սոյն հետազօտութիւնը կը նպաստէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը լայն գիծերու մէջ ներկայացնել իր ամէն կողմերով, այլեւ` ձեւով եւ ոճով:
Տարիները կը թաւալին, եւ մենք կը բոլորենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-րդ տարին` ազատագրական պայքարով, յեղափոխական-մարտական, պետական-քաղաքական, սփիւռքի կազմութեամբ, զինեալ պայքարով, արցախեան գոյամարտով ու տակաւին զանազան հանգրուաններով:
Ուրեմն, մինչեւ այն ատեն, որ հայ ժողովուրդի սրբազան պատգամը` Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը իրականութիւն չէ դարձած, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան խորհուրդներն ու պատգամները պիտի շարունակուին ծնունդ առնել:
Համաշխարհայնացման պայմաններու ու նոր ազատական գաղափարներ կոչուող քարոզչութեան ստեղծած ապագաղափարական, ապաբարոյ, անդիմագիծ ու եսակեդրոն մթնոլորտին մէջ աւելի քան այժմէական պահանջ է ու պարտք` ըլլալ առաւե՛լ բարոյական ու գաղափարական, աւելիով իւրացնել ու կեանքի մէջ մարմնաւորել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարական ու բարոյական կերպարը` նոյն այդ ծնող ժողովուրդի ու հայրենիքի ազատութեան ու բարօրութեան նուիրական գործին մէջ:
Դաշնակցութեան աներկբայ պատկերը անոր գաղափարաբանութիւնն է, անոր կազմակերպուածութիւնը, անոր բարոյականութիւնը, որոնք կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն: Ուստի այս բոլորը մեզի մղել տուաւ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակին առիթով ներկայացնենք ուսումնասիրական նոր աշխատութեամբ` «ՀՅԴ-Ի ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՈՒՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԱՅԼ ՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄՕՏ» խորագրով:
(Շար.13 եւ վերջ)