Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Հեւք

$
0
0

ՄԱՐԻԱՆԱ-ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

12274545_1519846951661085_6640473470548796973_n

Երկինք է թէեւ, բայց  հարբած է, հեւք ունի սրտին, տխուր տարուած է մտքերով: Ամպերը իրարու անցած, գունաթափած, թուլօրէն կը շնչեն` համակուած ամպրոպին սպառնալիքով: Հողը մերկ է, կ՛այրի, գետերուն ուղղութիւնը փոխուած է: Անապատացած անդունդները ծարաւ են ծուէն մը ամպի զոհաբերման սպասումով: Անոնք  կը  պատրաստուին ճեղքուելու, որ  անյագօրէն ըմպեն եւ կլանեն անձրեւի բարեբեր լիութիւնը, ուր որ է` ընդերքը կը պայթի անյագ յուզումով, անձրեւախառն խոնաւութեան բուրմունքը կը տարածուի ամէնուր: Շուտով դաշտը կ՛ընձիւղի, կը յորդի տաք ծիլերով, բողբոջներով:

Ծիլերուն եւ անապատացած մակերեսին միջեւ սէրն է հիմա թափանցիկ կախուած շնչառութեան նման,  որ  հաստատակամօրէն կը ժպտի` թոյլ չտալով հրաբուխերուն, որ ժայթքին, արեւը ձեռքով բռնած ամուր, որ չսահի, թէեւ բոլորի տեսողութենէն անտես կը կաթի երկինքէն իբրեւ բարիք, իբրեւ խօսք:

Երկինքը հիմա պարզ է, տիրական ու սթափ. ամպերը ցօղ կը կաթեցնեն, կը բաշխուին  տոչոր   ցամաք ու բերանաբաց անհամբեր սպասող վարիններուն` համբոյրի ջերմութեամբ…

Երկինքը կրկին հարբած է…

Գունաւոր, կապոյտի երանգներով պճնուած  մոլորակը կ՛ըմպէ  երկնային գինին, զգլխիչ  երանգներով, տաքուկ շնչառութեամբ ինք եւս  կը  ստեղծագործէ:

Ի՜նչ լաւ է ամէն բան…

……………………………………………………………………..

Լռութիւն է, կը խողխողեն կրակոցով

Լուռ կը ճեղքուի սիրտը խաղաղութեան:

Ոսկեգոյն խաչեր կարմիրով կը ներկուին, գմբէթներ կը փշրուին արիւնարբուի ժանիքներով… Հոս-հոն սպաննուած աղաւնիներ են… օդին մէջ մնացած ճօճող մարդկային անզօր ձեռքեր…

Հիմա գինով պոռթկացող բիծեր  են սպիտակ թուղթին, թարախոտ բիծեր` կապոյտ մոլորակի մակերեսին, յետոյ` փոսեր ահագին… Անձրեւի կաթիլներ ցիր ու ցան բառեր կը  սփռեն… արիւնով  հարբած ծիլ ու բառ կը ծաղկին  հերոսի հողաթումբին:

Կը հոսի արեւի գինին…

Լուռ կը խոցուի սիրտը երկրագունդին…

Արիւնաքամ հողը կրկին կը քամուի  արիւնահոսութեամբ:

Արեւը հսկայ  երկնակամարին գիրկը լռիկ ու անխօս կու լայ իր Միածին երկրի այրիութիւնն ու ցաւը:

Լուսինը կասկարմիր արիւն կը հեղէ, լուսնի մակերեսը ողողուած է արեամբ աստուածներու, որոնք իբրեւ փրկագին իրենց  մարմինն ու դնդերները տուած էին սուտ ու դաւաճան հերոսներուն…

Արեւը կը յայտարարէ. «Դեռ չէ հասած իմ   հեռացման ժամս»: Ոչ ոք գիտէ  ահեղագոռ  այդ պահուան մասին… Դեռ որքան մարդկային սրտեր պէտք է փորձուին ու խողխողուի  սիրտը երկրագունդին: Մինչեւ խաղաղի, ամպերով վեր ելլէ կամ վար իջնէ ամէն բան, ու երկրի մակերեսին` նոր երկինք ստեղծուի ու նոր երկիր…

Թզենիին  ճիւղերը կակուղցեր  են, տերեւ կ՛արձակեն, ամառը մօտ է: Հունձքը պատրաստ է ժողվուելու…

Նշանները ամբողջացած…

Կը շտապեն, կը վազեն բոլորը , բայց դէպի ո՞ւր, ոչ ոք գիտէ…

27 սեպտ. 2015
Հալէպ

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>