Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Արհեստագիտութիւնը կենսական դարձած է 21-րդ դարու մարդկութեան զանազան խաւերուն համար: Պէտք չէ խրտչիլ, կամ սկիզբէն իսկ մերժողական կեցուածք ճշդել նորարարութիւններու հանդէպ: Պէտք է յաղթահարել ներքին բարդոյթը նոր սարքերու եւ գործիքներու նկատմամբ եւ ատոնք օգտագործել անհրաժեշտ պարագային, մանաւանդ` դրական, շինիչ նպատակներով: Խնդիրը կը ծագի այն ատեն, երբ ժխտական եւ քանդիչ միտումները գերակայ կը դառնան:
«Թելեկրամ Ափփ» Կը Կոտրէ ՏԱՀԵՇ-ի
Քարոզչութեան Կայանները
Ապահով բջիջային հաղորդագիրի «Թելեկրամ ափփ»-ը, սկսած է կոտրել Իսլամական պետութիւն խմբաւորման քարոզչութեան կայանները, ալիքները: Ահաբեկչական խմբաւորումը շուրջ ութ շաբաթ առաջ տեղադրած էր իր սեփական հանրային սփռումներու ալիքները:
ՏԱՀԵՇ եւ ժիհատական այլ խմբաւորումներ արդէն կը շահագործեն սեպտեմբերի վերջաւորութեան «Թելեկրամ»-ի ներկայացուցած նորաստեղծ գործառնութիւնը, որ թոյլ կու տայ օգտագործողներուն` սեփական Հեռագիր «ալիք»-ի միջոցով իրենց ուղերձները սփռել անսահման թիւով անդամներու:
Կեդրոնատեղին Պերլին գտնուող «Թելեկրամ»-ը, անցեալ շաբաթ ըսաւ, որ փակած է ՏԱՀԵՇ-ի 78 ալիքներ եւ խոստացաւ օգտատէրերուն համար դիւրացնել նշումը` «Թելեկրամ»-ի միջոցով բաժնեկցուող «առարկելի հանրային բովանդակութեան»: «Մենք անհանգստացած ենք` տեղեկանալով, որ «Թելեկրամ»-ի հանրային ալիքները կ՛օգտագործուին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ` սփռելու համար իրենց քարոզչութիւնը», կ՛ըսէ «Թելեկրամ», որ 2013-ին ստեղծած են երկու ռուս եղբայրներ` Պաւել եւ Նիքոլայ Տիւրովներ:
13 նոյեմբերի փարիզեան ահաբեկչական յարձակումներն ու 31 հոկտեմբերին Սինայի թերակղզիին վերեւ ռուսական ճամբորդատար օդանաւին ականահարումը ստանձնեց ՏԱՀԵՇ: «Թելեկրամ»-ի վրայ 18 նոյեմբերին փակեցին ՏԱՀԵՇ-ի քարոզչութեան բանալի ալիք մը, որ օգտագործուած էր հրապարակելու համար Իսլամական պետութիւն խմբաւորման անգլերէն պարբերականը` «Տապիք», որ կ՛ողջունէր Փարիզի յարձակումները եւ կը ցուցադրէր պատկերը ռումբի մը, որ ՏԱՀԵՇ-ի պնդումով օգտագործուած էր վար առնելու համար ճամբորդատար օդանաւը:
Իսլամական պետութիւնը իր քարոզչութիւնը 26 սեպտեմբերին «Թուիթըր»-էն փոխադրած էր «Թելեկրամ», որ միայն ատկէ չորս օր առաջ սկսած էր գործարկել իր նոր «Ալիքներ» գործիքը: ՏԱՀԵՇ-ի պաշտօնական ալիք մը` «Նաշիր», արագօրէն դարձած էր բեմ մը, ուր Իսլամական պետութիւն խմբաւորման քարոզչութիւնը սկսած էր յայտնուիլ` նախքան «Թուիթըր»-ով հրապարակումը: Ալիքը կուտակեց աւելի քան 16 հազար բաժանորդ` նախքան փակուիլը ՏԱՀԵՇ-ի այլ ալիքներու հետ, որոնք կ՛օգտագործուէին ցրուելու խմբաւորման քարոզչութիւնը բազմաթիւ լեզուներով, ներառեալ` անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, թրքերէն: Բայց տակաւին կը գործեն ժիհատական բազմաթիւ այլ ալիքներ, օրինակ` Եմէնի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Քայիտայի մասնաճիւղերու պաշտօնական ալիքները եւ ՏԱՀԵՇ-ի աջակցողները:
«Թելեկրամ»-ի այս քայլը` ալիքներու խափանումը, չէ կրցած արգելք հանդիսանալ ՏԱՀԵՇ-ի, որ վերադարձած է «Թուիթըր»-ի իր ցանցին, ուրկէ կը յղէ իր հաղորդագրութիւններն ու պատգամները: 2014 թուականի յուլիսէն ի վեր, երբ «Թուիթըր» արգելակեց Իսլամական պետութիւն խմբաւորման պիտակով հրապարակումները, ՏԱՀԵՇ-ի տեղեկատու մարզի գործիչները բռնուեցան մուկ ու կատուի խաղին, որուն մէջ կայքի պատասխանատուները ամէն անգամ կը դադրեցնեն Իսլամական պետութիւն խմբաւորման պիտակով հրապարակումները:
ՏԱՀԵՇ կը յուսայ, որ «Թելեկրամ»-ը կրնայ աւելի կայուն եւ ճկուն բեմ դառնալ իր քարոզչութեան, որ ըստ երեւոյթին, կը թուի, թէ խորտակուած է: Բայց «Թելեկրամ» հասկցուցած է, որ մտադիր չէ գործելու սեփական հաղորդագրութիւններու ծառայութեան ահաբեկիչներու օգտագործման դէմ` ըսելով, որ կրնայ միայն գործել ճնշելու «հրապարակաւ մատչելի» ապօրինի նիւթերը:
«Թելեկրամ»-ի բոլոր խօսակցութիւնները (chats) եւ խմբային խօսակցութիւնները անձնական, ներքին զրոյցներ են մասնակցողներու միջեւ: Ատոնց առնչուած ոչ մէկ դիմումի, խնդրանքի կրնանք ընթացք տալ», կ՛ըսէ ընկերութիւնը իր կայքին մէջ: Նոյնիսկ նախքան ՏԱՀԵՇ-ի վերջին քարոզչական ալիքի սկսիլը «Թելեկրամ»-ով` ապացոյց կար, որ խմբաւորումը եւ անոր անդամները կ՛օգտագործէին ատոր անձնական հաղորդագրութիւններու ծառայութիւնը: Սեպտեմբերին ՏԱՀԵՇ ծանուցած էր բջիջային հեռաձայնի իրաքեան թիւ մը, որ մարդիկ կրնային օգտագործել խմբաւորման հետ կապուելու համար «Թելեկրամ»-ի միջոցով, որպէսզի փրկագին վճարեն պատանդ բռնուած երկու անձերու համար: Եւ ՏԱՀԵՇ-ով ներշնչուած ժիհատականները, ներառեալ` վերջերս դատապարտուած բրիտանացի պատանին, օգտագործած են «Թելեկրամ»-ի անվտանգ գաղտնագիր հաղորդագրութեան ծառայութիւնը, որպէսզի վարեն յարձակման ծրագիրը:
Ժիհատականները կը նախընտրեն օգտագործել «Թելեկրամ»-ը, ատոր «գաղտնի խօսակցութեան» ծառայութեան համար, որ իւրայատուկ բանալիով մը մեծապէս կը գաղտնագրէ օգտատէրերու միջեւ հաղորդագրութիւններու փոխանակումը` խուսափելու համար ցանցահէններու (հաքեր) կամ պետական գաղտնի սպասարկութիւններու խափանումներէն:
«Թելեկրամ» իր անվտանգութեամբ այնքան վստահ է, որ հարիւր հազարաւոր տոլարներու պարգեւ երկու անգամ խոստացած է առաջին անձին, որ կրնայ կոտրել իր գաղտնագիրը: