Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Բաժանումը, խզումը ծանր է, մանաւանդ` «Ֆէյսպուք»-ի վրայ:
Չկայ զգացում մը, այնքան նման` ստամոքսի պրկումին, որ դուք կ՛ունենաք, երբ պատահաբար կը տեսնէք նամակագրութիւն մը ձեր եւ նախկին սիրելիին միջեւ, աւելի երջանիկ ժամանակներու մէջ: Նոյնիսկ աւելի դաժան է, երբ կը նկատէք, որ անոր մականունը փոխուած է այդ ատենէն ի վեր: Ամէն պարագայի: Աշխարհի ամենամեծ ընկերային ցանցը յայտարարած է, որ կը փորձարկէ նոր գործիքներ, որպէսզի նուազ ցաւ զգաք, երբ դիմակալէք յարաբերութիւններու խզումի տագնապը:
Ճիշդ հիմա, եթէ դուք որոշէք, թէ չէք ուզեր, որ ձեզի յիշեցնեն յատուկ անձի մը գոյութեան մասին, Երկիր մոլորակին վրայ, պէտք է «unfriend» ընէք, կամ արգելափակէք ատոնք: Խնդիրն այն է, որ անոնք շատ հաւանաբար պիտի գիտնան, որ այդպէս ըրած էք, բան մը, որ շատ իտէալական չէ, եւ որ «Ֆէյսպուք»-ի վրայ մէկը արգելափակելը լաւ քայլ մը չի նկատուիր:
Փոխյարաբերութիւնը «Ֆէյսպուք»-ի վրայ մեծ գործարք է. Նիւ Եորքի մէջ դատաւոր մը ըսած է, որ «Ֆէյսպուք»-ը օգտագործելով` ամուսնալուծումի ազդեր ուղարկելը ամբողջովին օրինական է: «Ֆէյսպուք»-ի բաժանումի, խզումի նոր գործիքը կը վերաբերի նախկին հաղորդակիցի մը տեսնելիքին, սակայն` առանց գիտնալու, որ դուք բան մը ըրած էք:
Գործիքին միջոցով մարդիկ կրնան`
«Ֆէյսպուքի մէջ աւելի նուազ տեսնել նախկին ընկերոջ մը անունը եւ նկարը` առանց զանոնք «unfriend» ընելու կամ արգելափակելու: Անոնց հաղորդագրութիւնները կամ նամակները չեն յայտնուիր լուրերու էջին վրայ, եւ անոնց անունները չեն նշուիր, երբ մարդիկ հաղորդագրութիւն մը կը յղեն, կամ ընկերներ նշեն նկարներու մէջ»:
«Սահմանափակել նկարները, տեսերիզները կամ անձնական նոր տուեալներ, զորս կրնայ նախկին ընկերը տեսնել»:
«Խմբագրել, կամ ջնջել այն անունը, որ կրնայ տեսնել նախկին ընկերոջ հետ իրենց անցեալի հաղորդագրութիւնները (նամակները) եւ իրենք զիրենք դուրս բերել այդ անձի հաղորդագրութիւններէն»:
Երբ «Ֆէյսպուք»-ը առաջին անգամ սկսաւ համալսարաններու շրջափակերուն մէջ, ատիկա ըստ էութեան, «տաթապէյս» մըն էր յարաբերութիւններու կարգավիճակներու: Տեսակ մը` երթեւեկութեան լոյսերու թուային խումբ մը, որուն շնորհիւ շատեր բաւական ժամանակ խնայեցին:
Սակայն բոլորովին վերջերս մենք շատ աւելի ամչկոտ կը դառնանք մեր սիրոյ եւ յարաբերութիւններու մասին «Ֆէյսպուք»-ի վրայ յայտարարելու: Դուք հազուադէպօրէն կը տեսնէք մարդիկ, որոնք խզուող յարաբերութիւններու մասին բազմաթիւ տարբերակներէն կ՛ընտրեն «ատիկա բարդ է» եզրը: Փոխարէնը` մենք այժմ կը փութանք նշելու կեանքի աւելի շօշափելի իրադարձութիւններու, ինչպէս` նշանուելու կամ ծննդաբերութեան մասին: Կամ պարզապէս` ատոր համար, որ սկսած եմ տարի՞քս առնել:
«Այդուհանդերձ, նոր գործիքը շուտով պիտի տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ», կ՛ըսէ «Ֆէյսպուք»: «Այս գործը մէկ մասն է, մեր շարունակական ջանքերուն, զարգացնելու միջոցներ այն մարդոց համար, որոնք իրենց կեանքերուն մէջ դժուար պահեր կը դիմագրաւեն», կը գրէ «Ֆէյսպուք»-ի արտադրութեան տնօրէն Քելլի Ուինթըրզ: Ան կ՛աւելցնէ. «Կը յուսանք, որ գործիքները պիտի օգնեն մարդոց, որպէսզի «Ֆէյսպուք»-ի վրայ իրենց յարաբերութիւնները աւարտեն աւելի դիւրաւ, հանգիստ եւ հաւասարակշռուած»: Եթէ դուք բջիջային օգտագործող էք Միացեալ Նահանգներու մէջ, կրնաք գործիքը փորձել, ը՜ը, մէկու մը հետ ձեր յարաբերութիւնը խզելով…
Յատկանշական Տողեր
Ֆէյսպուքէն– «Եթէ ես երկու օրէ աւելի ֆէյսպուքի վրայ բացակայիմ, ոստիկաններուն լուր տուէ՛ք»:
– Ծնողներս ինձմով հպարտ պէտք է ըլլան, որովհետեւ ես թմրեցուցիչի մոլի չեմ, այլ` ֆէյսպուքի»:
– «Կարգ մը մարդոց պէտք է յիշեցնել, որ ֆէյսպուք ընկերային ցանց է, օրագիր չէ»:
– «Ֆէյսպուք մարդոց կեանքը կը մսխէ 2004 թուականէն ի վեր»:
– « Կ՛ուզե՞ս ֆէյսպուքի միջոցով հարստանալ. փակէ՛ զայն եւ աշխատանքի գնա՛»:
– «Բարի եկաք ֆէյսպուք, ուր ոչ ոք իսկապէս ձեր բարեկամն է»:
– «Ֆէյսպուքը միակ տեղն է, ուր դուն այնպէս կը ձեւացնես, թէ բազմաթիւ բարեկամներ ունիս»:
– «Լաւ բարեկամը գիտէ քու բոլոր պատմութիւններդ, լաւագոյն բարեկամը ատոնք քեզի հետ կ՛ապրի»: