Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Յովսէփ Էսկիճեանի «Յաւերժի Ճամբորդ Հայը»` Հրաւէր Նոր Սերունդին

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

cover-hovsep-eskidjianԳիրքը հրատարակուած է Լիբանանի մէջ Մարաշի հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ: Տպագրութիւնը կատարուած է «Փոմիկրավիւր» տպարանին մէջ: Գիրքը կը բաղկանայ 128 էջերէ:

Հեղինակը` Յովսէփ Էսկիճեան, զայն կը ձօնէ իրեն համանուն 10-ամեայ հօրեղբօր` Յովսէփին, որ զոհը գացած է թուրքերու գազանութեան: Հօրեղբայր Յովսէփ Մարաշի ջարդերուն երբ հրաշքով Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կրակներէն ինքզինք դուրս կը նետէ, թուրքերը զայն կը կացինահարեն իր եղբօր` Սերոբի աչքերուն առջեւ: Սերոբ մինչեւ իր կեանքին վերջը դառն կսկիծով կը յիշէր եղբօր` Յովսէփին նահատակութիւնը: Գիրքը լոյս տեսած է Հայոց մեծ եղեռնի 100-ամեակին, 2015-ին: Հեղինակը զայն կը ձօնէ ոչ միայն իր վաղամեռիկ հօրեղբօր, այլ նաեւ` «մարաշցի մեր 5000 ողջակիզուած նահատակ զոհերուն»:

Յովսէփ Էսկիճեանի գիրքին միտք բանին կը խտանայ այն իրողութեան մէջ, որ հեղինակը կ՛ուզէ հայուն երթին ջահը փոխանցել նոր սերունդին: Ան կը տառապի` տեսնելով հայոց մէջ այլասերում ու անտարբերութիւն` հայոց հոգեկան արժէքներուն նկատմամբ: Յովսէփ իր կեանքին ընթացքին բարձր դասած է հայկական մշակոյթը: Բանասէր այս տիպարը միշտ հաղորդակից եղած է ազգային անցուդարձերուն եւ անոնց հետեւած է սրտի տրոփիւնով: Ներկայիս անոր նպատակն է հրաւիրել հայոց նոր սերունդը` մաս կազմելու մեր ազգային երթին, վասն մշակոյթի զարգացման, գրականութեան եւ վերջապէս` Հայ դատի հետապնդման:

Հեղինակը` Յովսէփ Էսկիճեան յաւակնութիւնը չունի ըսելու, թէ գրական մեծ գործ մը ըրած է: Անոր կատարածը, սակայն, ազգային արժէքով լի, համամարդկային կեցուածք մըն է, որ հայուն յարատեւութիւն եւ պայքար կը ներշնչէ իսկ մարդուն` ապրելու արուեստ:

Զգայուն նայուածքով մը կը դիտէ Յովսէփ Էսկիճեան կեանքի թաւալումի փուլերը: Անոր գրութիւններուն մէջ, գիրքին առաջին մասը, սիրոյ մասին է: Հեղինակը իր ապրած կեանքի փորձառութիւնը արուեստի պրիսմակէն անցընելով` ընթերցողին կը հրամցնէ: Սէրը կը նկարագրէ իբրեւ ընկրկում ու բարձրացում, երջանկութեան տառապանք, բաժանում ու կարօտ եւ վերջապէս` հանդիպում: Յովսէփ Էսկիճեան սէրը կ՛ընդունի իբրեւ սրբութիւն մը: Ահաւասիկ սիրոյ հանդէպ այս կեցուածքը կը համապատասխանէ ճիշդ հայկական նուրբ ըմբռնումին ու մեզի կը յիշեցնէ հայուհիին արտայայտութիւնը, երբ ան կ՛երգէ` «Սէրս գաղտնի թող մնայ»: Ան կը միտի սիրոյ սրբութիւնը թաքուն պահել, որպէսզի չարատաւորուի եւ մնայ զուտ հայկական:

Կ՛անցնինք մարդկային ուրիշ թեմաներու, որոնց մասին Յովսէփ Էսկիճեան կը խօսի բանաստեղծութեան լեզուով: Անոնք մարդկային եւ հայկական արժէքներն են, ինչպէս հոգեւոր խորհուրդներ` սուրբերու մասին, բնութեան հրաշալիքներուն մասին, գեղեցիկին եւ տիպարին գովքը հիւսելով: Ան «Յաւերժական խորհուրդ Հայաստանի» խորագրով քերթուածին մէջ մեր հայրենիք Հայաստանի գովքը կը հիւսէ պատմական ժամանակագրութեամբ մը:

Գիրքին երկրորդ մասը բանաստեղծութիւն եւ արձակ գրութիւններ են զանազան թեմաներով: Հոս, սկիզբը յատկանշական է Արամ Ա. վեհափառին մասին գրութիւնը: Հեղինակը վեհափառը սփիւռքի հայրապետ եւ ռահվիրայ Հայ դատին կը կոչէ: Հեղինակը Արամ Ա. հայրապետին բարձր յատկութիւնները կը խտացնէ չորս արտայայտութիւններու մէջ. առաջին` զուսպ հետեւողականութիւն, երկրորդ` առարկայական մօտեցում, երրորդ` մարդկային իրաւունքի եւ օրէնքի կանոններու հետեւող եւ վերջապէս չորրորդ` քաղաքակիրթ երկխօսութեան հաւատացող: Այս մասին հեղինակը կը յիշէ  Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին Արամ Ա. հայրապետին խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Թուրանի արեան ծարաւի գորշ գայլերուն կողմէ Մեծ քայլ մըն է դէպի երկխօսութիւն», ճանաչումի պարագային:

Ասոր կը յաջորդեն մտորումներ Արցախի մասին: Այնքան ատեն որ հայը ընտրած է պաշտպանել Արցախը, այս դատը երբեք չի մեռնիր, ուստի ան կ՛ըսէ. «Հայ Արցախը անմահ է միշտ…»:

Յովսէփ Էսկիճեան կ՛անդրադառնայ «Թուրք մտքի լուսաւորիչ, Յակոբ Մարթայեանի», որ թրքերէնի արաբական այբուբենը փոխարինեց լատինական տառերով, Մուսթաֆա Քեմալի հրամանով: Հեղինակը հակիրճ կերպով  կը յիշէ նաեւ հայազգի մեծ անձնաւորութիւններ, որոնք օսմանեան պետութեան մէջ իրենց գործերով հռչակաւոր եղած են: Անոնցմէ են` ճարտարապետ Սինան, Գաբրիէլ Նորատունկեան (օսմանեան պետութեան արտաքին գործոց նախարար), Տիրան Պապիկեան (օսմանեան լիազօր դեսպան Հռոմի մէջ), Գրիգոր Զոհրապ (օրէնսգէտ, Թուրքիոյ սահմանադրութեան մշակողներէն), Տիգրան Քէլէկեան (բառարանագէտ), Տատեան ամիրա (օսմանեան պետութեան վառօդապետ, նախարար), Կարապետ Պալեան (ճարտարապետ) եւ Բարսեղ Թուղլաճեան  (բառարանագէտ): Յովսէփ Էսկիճեան փոքր ուսումնասիրութիւն մը ըրած է հոս` բաղդատելով օսմանեան պետութեան մէջ հայազգիներու ծառայութեան եւ հայոց հալածանքներուն միջեւ: Ուրիշ ակնարկ մըն ալ կը տեսնենք հոս, թէ երիտթուրքերը ինչպէ՛ս կը միտին բռնատիրական միջոցներով ընկճել հայերը, երբ այդ միջոցները յատուկ էին սուլթանական կարգերու: Հեղինակը արագ կերպով կ՛անցնի պատմական իրողութիւններու վրայէն ու կը հասնի Մուսթաֆա Քեմալի եւ Յակոբ Մարթայեանի (տիլաչար) գործունէութեան: Յաջորդ հատուածին մէջ, որ վերնագրուած է «Հրաշագործ նկարը` դրօշ վերապրումի եւ յաղթութեան»,  հեղինակը Մեծ եղեռնի տարիներուն իր մօր մասին հետաքրքրական եւ յուզիչ դրուագ մը կը պատմէ: Ապա հոն կը գտնենք յօդուած մը` զօրավար Դրոյի ճեմարան այցելութեան մասին: Այցելութեան պատգամն էր` «Սիրել հայութիւնը, անոր մշակոյթը, ծառայել հայութեան` զոհողութիւններու գնով…»:

Վերջաւորութեան կը հանդիպինք «Հրազդան» մարզադաշտի մասին խորհրդածութիւններու: Կայ նաեւ անդրադարձ` հայկական շարականներու: Հեղինակին նախապէս հրատարակուած յօդուածներու շարք մը զետեղուած է գիրքի վերջաւորութեան:

Հեղինակին ոճը պարզ ու ջինջ է այս գիրքին մէջ: Որքան մենք պէտք ունինք իր նման տիպարներու,  որպէսզի անոնք բանաստեղծութեամբ թէ արձակով խօսին նոր սերունդին հետ` իրեն նմաններ պատրաստելու տենչով: Սիրելի՛ գրչեղբայր Յովսէփ Էսկիճեան, ես ալ ձայնս կը միացնեմ քու ձայնիդ եւ միասնաբար կը հրաւիրեմ գալիք սերունդները հետեւելու հայոց մշակոյթի զարգացման երթին եւ Հայ դատի հետապնդման:

Վարձքդ կատա՛ր, սիրելի՛ Յովսէփ:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>