Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Կարօ Յովհաննէսեանի «Մա՛րդ Պատրաստենք» Անհրաժեշտ Գրքոյկը

$
0
0

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ

mart_92016Համեստագոյն մարդերու շարքին կը պատկանի այս հայ մարդը, յորովայնէ մօր` ուսուցիչ, որ տասնամեակներ իր սիրած արուեստին մշակը եղաւ` պատրաստելով սերունդներ ազգին համար հայոց, մարդ, որ յանուն արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան` բազում գիրքեր խմբագրեց ու սրբագրեց: Հայ լեզուն իր տարօրէն սիրելին դարձուցած Կարօ Յովհաննէսեանը վերջերս արժանիօրէն մեծարուած է «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ: Երեկոն հովանաւորած եւ իր ներկայութեամբ պատուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. հայրապետը: Կը բաղձայի ներկայ ըլլալ այդ սպասուած հանդիսութեան ու երեւանեան յարգանքի խօսքս միացնել պերճ ելոյթներ ունեցողներուն:

Այդ առիթը ուշացումով տրուեցաւ ինծի այսօր, երբ հայ գրողներու Ծաղկաձորի հանգստավայրի սեղանիս վրայ ունեցայ Կարօ Յովհաննէսեանի «Մա՛րդ պատրաստենք» խորագրուած գրքոյկը:

Անշուշտ հայ ուսուցիչին համար վերի խորագիրը կը նշանակէ հա՛յ մարդ պատրաստել:

Անգլերէն ասացուածք մը կայ` «It is never too late», երբե՛ք ուշ չէ: Այդպիսին է մարդ պատրաստելու հարցը, թէեւ յուշկաձայն համարձակիմ ըսելու, թէ սփիւռքի մէջ այս օրերուն ուշացած ըլլալնիս հասկցած ենք, այլապէս Կարօ Յովհաննէսեանի այս գրքոյկը լոյսին չէր գար` որպէս այդ ուշացումի վկայութիւն:

Հայը երբեմն պէտք է կսմթել, որպէսզի չուշանայ, երբ հարցերու հարցը մեզի համար հայ մարդ պատրաստելն է:

Մեծ անհրաժեշտութիւն մը մուրճով սալին զարնելու ուժգնութեամբ հրապարակում է այս 40 էջանի գրքոյկը:

Տեսնենք, թէ ճենճերող սիրտէ մը ցայտած այս հրատարակութիւնը ի՛նչ պահանջներ կը ներկայացնէ բոլորիս, ըսել կ’ուզեմ` ամբողջ ազգին:

Հրատարակութիւնը ունի մուտք` «Ո՞վ է ուսուցիչը» խորագիրին տակ, ուր կը կարդանք. «Ուսուցչութիւնը, այլ ասպարէզներու եւ մասնագիտութիւններու նման, կը գտնուի շարունակական փոփոխութեան մէջ: Անոր սահմանումն ալ, միւս ասպարէզներու նման, կը փոխուի ժամանակի ընթացքին: Մշակութային պատմութեան իւրաքանչիւր շրջանի եւ տարբեր ժամանակներու մէջ ուսուցչութիւնը ունեցած է տարբեր սահմանում եւ իմաստ»: Այդպէս ըլլալը հեղինակը կը վերագրէ տարբեր աշխարհամասերու եւ միջավայրերու տարբեր քաղաքական-ընկերային պայմաններուն: Օրինակ կը բերուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները: Հեղինակը կը գրէ. «Միացեալ Նահանգներու մէջ բազմաթիւ նահանգներ ունին իրարմէ տարբեր կրթական քաղաքականութիւններ, այն աստիճան, որ երբեմն իւրաքանչիւր նահանգի համալսարան աւարտելու պայմանները իրարմէ բաւականաչափ կը տարբերին»:

Բայց ուսուցչութիւնը կը մնայ մարդկային, ընկերային հասարակաց կէտեր ունեցող մասնագիտութիւն, բոլոր գիտութիւններու ծառայող գործ, դժուարագոյնը բոլոր ասպարէզներուն մէջ, քանի որ ուսուցիչը ո՛չ թէ մեքենայ կամ ապրանք, այլ մա՛րդ կը պատրաստէ:

Սակայն, հարց կու տայ հեղինակը, ո՞վ է ուսուցիչը, ի՞նչ է ուսուցիչը: Եւ ինք ալ կը պատասխանէ. «Բառացի իմաստով, ուսուցիչ ըլլալ` կը նշանակէ ուսուցանել, սորվեցնել, դաստիարակել: Բայց սահմանումը այս եզրէն աւելի ընդարձակ տարածք ունի եւ աւելի ընդարձակ տեղեր կ’առաջնորդէ մեզ»:

Այսպէս, ուսուցչութիւնը`

1.- Գիտութիւն է,
2.- Փիլիսոփայութիւն է,
3.- Արուեստ է:

Հեղինակը առանձնաբար կը բացատրէ բոլորը մէկ առ մէկ.

1.- Ուսուցչութիւնը գիտութիւն է

Դպրոցին մէջ ամէնէն առաջ նախ երեխային միտքին մշակումը, մարզումն է: Մշակել անոր երեւակայութիւնը, բանականութիւնը, յիշողութիւնը, տրամաբանութիւնը, դատողութիւնը: Ուսուցիչը կը պատրաստէ այս բոլորը:

Այս բոլորին մէջ ամէնէն կարեւորը երեւակայութիւնը խթանելն է:

Միտքը հրաշալի մեքենայ մըն է, որուն մէջ կան գոյն, ձայն, շօշափելիութիւն: Երեխան պէտք է լուրջի առնէ բառերը: Երեխային պէտք է հասկցնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Մարդը, ո՞վ է Մարդը: Պէտք է մշակել երեխային միտքը եւ զարգացնել անոր քննական կարողութիւնը: Երեխան անգիր կրկնող մը ըլլալու չէ, իր մօտ նոր միտքեր առաջանալու են, հոգ չէ թէ` ուսուցիչին ըսածները չընդունի:

2.- Ուսուցչութիւնը փիլիսոփայութիւն է

Օրէնքները պէտք է բացատրել երեխային եւ սորվեցնել անոր, թէ ի՛նչ է օրէնքը: Սուտ ու սխալ տեղեկութիւններ չտալ երեխային: Մշակել անոր մօտ պատասխանատուութեան զգացում: Ան պէտք է իմանայ ըմբոստանալ, պոռթկալ: Ըմբոստացումը հիմքն է մշակոյթին: Մշակոյթ` կը նշանակէ ձգտիլ աւելի բարձրին, նորին, ստեղծագործ աշխատանքին: Ճշմարտութեան մանրէն պէտք է ներարկել աշակերտին արեան մէջ: Աշակերտը գիտնալու է, որ դժուար է Մարդ ըլլալը, որ` լաւ բաներ են սէրը, հաւատքը, կեանքին գեղեցկութիւնները: Շեշտելու է հաւասարակշռութեան սկզբունքը:

3.- Ուսուցչութիւնը արուեստ է

Ուսուցչութիւնը նմանութիւն ունի դերասանութեան հետ. աչքի, յօնքի, ձայնի խաղեր կ’օգտագործուին, որոնց մէջ կայ արուեստի ըմբռնում: Ուսուցչութիւնը խաբող չէ: Աշակերտին տալ գեղեցիկին ճաշակը: Գեղեցիկն է, որ ճշմարիտ է: Հայը հայուն հետ ըլլալու է, որպէսզի հայ մնայ: Մենք իրաւունք չունինք դանդաղելու: Ա՛յդ է յառաջդիմութեան ճամբան: Ետ չմնալ աշխարհի ընթացքէն: Աշակերտը հոն հասնելու է: Այդ ըմբռնումը իրագործելու է:

Ո՞վ է ուսուցիչը

Սէրն է հիմքը ուսուցչութեան:

1.- Ուսուցիչը կը սիրէ իր ասպարէզը:
2.- Կը սիրէ իր դասաւանդած նիւթը:
3.- Կը տիրապետէ իր դասաւանդած նիւթին:
4.- Կը սիրէ իր աշակերտները, կը սիրէ զուարթ պահել մթնոլորտը, առողջ սկզբունքներ կը ջամբէ աշակերտներուն:

Հեղինակը լաւագոյնս մանրամասնած է վերի կէտերը:

Ուսուցիչը ղեկավար է

Ուսուցիչը պէտք է առաջնորդէ դէպի լաւն ու լաւագոյնը: Մեր մեծագոյն ուսուցիչն ու ղեկավար-առաջնորդը եղաւ Մեսրոպ Մաշտոց: Հայ ուսուցիչը անոր ուղին շարունակելու է:

Նոր սերունդներ պատրաստելու հարց կայ: Հայն ալ հիմնեց համալսարաններ ու նոր սերունդներ ունեցաւ:

Ուսուցիչները, այո՛, մեր մեծագոյն բարերարներն են:

Մեր օրերուն դժուար է հայ ուսուցիչ ըլլալ: Հիմա հայ ուսուցիչը քիչ կը վաստակի եւ շատ քննադատութեան կ’արժանանայ:

Հայ ուսուցիչին սրբազան առաքելութիւնը

Առաջ հողին վրայ էինք, հայերէն կը խօսէինք, դիւրին էր հայերէնը սորվեցնելը: Այժմ դժուարացած է: Ժամանակները փոխուած են: Բայց ճիգը պէտք է յարատեւէ: Սիրել տալու ենք մայրենին ու հայ գրականութիւնը, որպէսզի մնանք հա՛յ:

Պատրաստել նորագոյն դասագիրք` մեր լեզուին համար, որպէսզի հայերէնը գրաւիչ ըլլայ աշակերտին: Լորտ Պայրըն ըսած է` «Աստուած հայերէն խօսեցաւ»:

Հայ ուսուցիչը գութ խնդրելու չէ՛ երբեւէ:

Ըմբերանելու ենք այն հայ տարրերը, որոնք կը խղճան հայ ուսուցիչին վրայ:

Հայ ուսուցիչը սրբազան առաքելութիւն կատարած կ’ըլլայ` շարունակելով ուսուցիչ մնալ:

Հայերէնագիտական ուսուցիչներ պատրաստելու հրամայականը

Կարեւոր հարց մը` այս մէկը:

Տագնապը արդէն սկսած է: Չունինք հայերէնագէտ բաւարար քանակի ուսուցիչներ: Ինչպէ՞ս զօրանայ հայ ոգին, եթէ պակսած են մեր լեզուն լաւագոյնս սորվեցնողները:

Փակե՞նք հայ վարժարանները: Ինչո՞ւ որոշ հայ դպրոցներու մէջ վերին դասարաններու աշակերտներուն կը զլացուի մայրենիին դասաւանդութիւնը:

Հայ իրա՛ւ ուսուցիչներ պատրաստելու հրամայականը դամոկլեան սուրի պէս կախուած է սփիւռքի գլխուն:

Ուշացած ենք, բայց ուշ չէ: Ամբողջական զինակոչութեամբ սփիւռքը իր լինելութեան համար պէտք է յաջողցնէ հայերէնագէտ ուսուցիչներ ունենալու հարցին լուծումը: Այս պահանջատէրը սրտցաւ Կարօ Յովհաննէսեանը չէ՛ միայն: Ամբողջ ազգն է:

Ուրեմն, ա՛զգ, ոտքի՛: Անցնող ամէն օր ուշացում է:

Ծաղկաձոր-Երեւան, 25 օգոստոս 2016                    

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>