«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Տիգրանակերտի Սուր շրջանին մէջ կը գտնուի հայկական Ս. Սարգիս կաթողիկէ եկեղեցին, որ անցեալ տարի վնասներ կրած էր թրքական բանակին եւ քրտական ուժերուն միջեւ երկարատեւ զինեալ բախումներուն պատճառով եւ կը գտնուէր կիսաքանդ վիճակի մէջ:
Թուրքիոյ բնապահպանութեան նախարարութիւնը այժմ վերականգնողական աշխատանքներու ծրագիր կազմած է Սուրի 11 պատմական կառոյցներուն համար: Անոնց մէջ կը գտնուի նաեւ հայկական կաթողիկէ եկեղեցին, եւ նախատեսուած է, որ այս աշխատանքը աւարտի 2018-ին:
Վերականգնողական աշխատանքներուն պիտի հսկէ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, որուն քով կը գտնուին եկեղեցւոյ սեփականութեան փաստաթուղթերը:
2013-ին եւս Սուրի հայ կաթողիկէ եկեղեցին վերանորոգուած էր, սակայն կը գործածուէր իբրեւ ջուլհականոց: Ակնկալութիւններ կան, որ այս վերակառուցումէն ետք կառոյցը կրկին վերածուի եկեղեցւոյ: