Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Ուաշինկթըն Եւ Սուրիական Թնճուկը

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

0914or

Մինչ Սուրիոյ մէջ զինադադար հաստատելու շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը որոշ յոյսեր ստեղծած է բազմագլուխ այդ տագնապին մէջ բոլորին կողմէ իրականացուող ահաւոր ոճիրները կասեցնելու կամ առնուազն նուազեցնելու ուղղութեամբ, Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ ամերիկեան յայտարարուած նպատակներուն եւ անոր առած քայլերուն միջեւ հակասութիւնները կասկածներ կը յառաջացնեն ապագային նկատմամբ:

Արդարեւ, յաճախ փոփոխութեան ենթարկուած այդ նպատակներուն գլխաւորը այժմ եղած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը պարտութեան մատնելը, սակայն միայն անցեալ ամիս Ուաշինկթըն ոչ միայն չէր ընդդիմացած, այլ նաեւ որոշ չափով իր օրհնութիւնը բաշխած էր հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ անպատասխանատու զինուորական գործողութեան: Սոյն ներխուժումէն միայն քանի մը ժամ ետք ի յայտ դարձաւ, նոյնինքն` թուրք ղեկավարներու խոստովանութեամբ, թէ անոր թիրախը, իսլամ ծայրայեղականներէն աւելի, Սուրիոյ քիւրտերն են, որոնք Ուաշինկթընի կողմէ կը նկատուին նոյն այս իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ պայքարող ամէնէն ազդու ուժը:

Քիւրտերը թրիախ դարձնելով` Թուրքիա ոչ միայն հաստատեց, թէ անհիմն են թուրք ղեկավարներուն այն պնդումները, որ Անգարա ազդու ուժ մըն է «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին մէջ, այլեւ «թշնամիիս թշնամին բարեկա՛մս է» տրամաբանութեամբ` դարձեալ հաստատեց, թէ ահաբեկչական այդ կազմակերպութեան դայեակներէն մէկը կը մնայ:

Ուաշինկթըն նաեւ յամառօրէն կը շարունակէ պնդել նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացման պահանջին վրայ (սակայն Ժընեւի բանակցութիւններուն ընթացքին գոնէ ընդունած է շրջանցել այդ հարցը)` մերժելով հետեւիլ աւելի գործնապաշտ ռուսական կեցուածքին: Քաղաքական խոր վերլուծութիւններ հարկաւոր չեն հասնելու համար այն եզրակացութեան, թէ Ասատի այլընտրանքը ի՛նչ կերպարանք պիտի ունենայ:

Վերջապէս, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու պաշտպանութիւնը իր առաջնակարգ նպատակներէն մէկը յորջորջող Ուաշինկթըն ցարդ կեցութեան արտօնութիւն շնորհած է 10.801 սուրիացի գաղթականներու, որոնցմէ միայն 56-ը (ոչ 56 տոկոսը) քրիստոնեայ է, այսինքն` ընդհանուրին նուազ քան կէս տոկոսը: Եթէ նկատի ունենանք, որ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներուն համեմատութիւնը մօտաւորապէս 10 տոկոս է, ապա այս տուեալը եւս հարցականի տակ կ՛առնէ ամերիկեան նպատակներուն եւ որդեգրած քաղաքականութեան միջեւ առկայ տրամաբանութիւնը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>