Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Վիրաւոր Զինուորներուն Այցելած Են Արտերկրէն Ժամանած Բժիշկներու Խումբը

$
0
0

0915doctor-f

Ֆրանսայի մէջ մասնագիտական գործունէութիւն կատարող մեր հայրենակիցները` Սերժ Տէր Մաթեւոսեան եւ Սերժ Արուճումեան այցելած են Հայաստանի տարբեր բժշկական հաստատութիւններու մէջ բուժուող վիրաւոր զինուորներուն:

Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մասնագէտները ծանօթացած են զինուորներուն առողջական խնդիրներուն եւ քննարկած վերականգնողական բուժման մանրամասնութիւնները: Բժիշկները 13 սեպտեմբերին այցելած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց, իսկ 14 սեպտեմբերին` այցելած են «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոն, ուր վերջերս տեղափոխուած են զինուորական ծառայութեան ընթացքին տարբեր թուականներու վիրաւորուած եւ հաշմանդամութիւն ունեցող նախկին զինուորները:

Մասնագէտները բարձր գնահատած են հայաստանեան գործընկերներուն աշխատանքը, կիսած բուժման նոր մօտեցումներով: Բժիշկները նշած են, որ կատարուած աշխատանքին շնորհիւ յառաջիկային կարելի պիտի ըլլայ դրական արդիւնք արձանագրել: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են յառաջիկային եւս գործակցելու եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ցուցաբերելու:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17090

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>